Գրական-Մշակութային – ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՅՔԱՐԻԼ ՕՏԱՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ – Հայերէնը, ինչպէս քաղաքակրթութիւններու բացուող որեւէ լեզու,

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS - Massacres hamidiens Erzurum - La Turquie et les atrocités arméniennes, d'après un témoin oculaire, 1896 - genocide-museum.am

Գրական-Մշակութային – ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՅՔԱՐԻԼ ՕՏԱՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ – Հայերէնը, ինչպէս քաղաքակրթութիւններու բացուող որեւէ լեզու, իր պատմական զարգացման ընթացքին

21 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԳՐԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ – ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ:

Հայերէնը, ինչպէս քաղաքակրթութիւններու բացուող որեւէ լեզու, իր պատմական զարգացման ընթացքին երբեք չէ գոցած իր դուռը օտար բառերու դիմաց:

Մտաբերենք 5-րդ դարուն կատարուած Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, թարգմանական հսկայ աշխատանքը, մեր գրաւոր մշակոյթի Ոսկեդարը, Թարգմանչաց տօնը:

Հայերէնը հարստացաւ այլ լեզուներէ որդեգրուած բազմաթիւ-բազմաթիւ բառերով, եւ այսօր ոչ մէկս կը մտածէ այդ բառերը օտար համարել, ինչպէս` մագաղաթ, եկեղեցի, եպիսկոպոս, կաթողիկոս, աբեղայ, սկիհ, մատուռ, կաթողիկէ, կիրակի, մարտիրոս, սաղմոս, սքեմ, պատրիարք, քրիստոնեայ եւ այլն, եւ այլն:

Բաւարարուեցանք միայն եկեղեցական բառերէն շարք մը թուելով:

Քաղաքակրթութիւնները իրարմով կը զարգացան, լեզուները՝ իրարմով կը հարստանան…:

Այսպէս է կարգն աշխարհի: Մերժել՝ կը նշանակէ ճահճանալ, աւազախրիլ ու անհետանալ…

Բայց ներկայիս, hայերէնի երկու գրական տարբերակներու առկայութեան պայմաններուն մէջ, օտարաբանութիւնը մեզ աւելի տարանջատող բնոյթ կը կրէ, երկու գրականներուն միջեւ եղած տարածութիւնը անդունդի կը վերածէ:

Հոս՝ ամբողջ խնդիրը կը ծագի անկէ, որ աշխարհաբար հայերէնի երկու ճիւղերը այսօր չունին շարք մը բաղաձայն տառերու հնչիւնական նոյնութիւնը (բ-պ, գ-կ, դ-տ, ջ-ճ, ձ-ծ):

Այդ բաղաձայնները տարբեր կերպով կ՛արտասանեն արեւելահայերն ու արեւմտահայերը: Հայերէնեան բոլոր բառերուն պատկերը մենք կը պահենք նոյնութեամբ, այսինքն կը գրենք, ինչպէս որ գրուած էին գրաբարի մէջ՝ բադ, պատ, պանիր, բաժին, գարի, կար, դեր, տէր, տուն, դուք, ծայր, ձի, ջամբել, ճամբել:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Գրաւոր խօսքի մէջ երբեք խնդիր չունինք (անտեսելով նոր ուղղագրութեան ստեղծած ճեղքը), նո՛յն հայերէնն է, բայց արեւելահայը այդ բառերը կ՛արտասանէ ուրիշ առոգանութեամբ, արեւմտահայը՝ ուրիշ: Մենք զիրար լսելու ատեն կրնանք քիչ մը դժուարութեան հանդիպիլ, բայց գրաւոր խօսքի մէջ՝ երբեք:

Անշո՛ւշտ, եթէ մեր գրաւոր լեզուն խճողուած չըլլայ օտարաբանութեամբ:

Այո՛, բոլորովին տարբեր է օտար բառերու պարագան: Օտար բառերու լայն կիրառումը եթէ բարիք կը նկատուի մէկ գրական տարբերակ ունեցող լեզուներուն համար, ապա չարիք է մեզի համար:

Արեւելահայը օտար բառը կը տառադարձէ ըստ իր հնչիւնական համակարգին, արեւմտահայը՝ իր. մէջտեղ կու գայ, որ նոյն բառը հայերէնի մէջ երկու պատկեր կ’ունենայ՝ պանք-բանկ (դրամատուն), թերորիսթ-տեռորիստ (ահաբեկիչ), տեքոր-դեկոր (գեղազարդում), փարթի-պարտիա (կուսակցութիւն):

Նոյնն է արեւելեան լեզուներէ ներմուծուած բառերու պարագային՝ ղուրպան-ղուրբան, պաճանախ-բաջանախ,տոլմա-դոլմա, սապուն-սաբոն, ճահիլ-ջահէլ:

Հարցը կը բարդանայ, երբ իւրաքանչիւրս տարբեր լեզուներէ կը ներմուծենք այդ բառը, մէկս ռուսերէնէ, միւսս՝ անգլերէնէ. քորրափշըն-կոռուպցիա (փտածութիւն), սոցիոլոժի-սոցիոլոկիա (ընկերաբանութիւն), օպժեքթիւ-օբեկտիւ (առարկայական), սապժեքթիւ-սուբեկտիւ (ենթակայական):

Աւելի կը բարդանայ, երբ նոյն բառին փոխատու լեզուները երկուքէն աւելի են,այսինքն հայերէնին անցած է տարբեր լեզուներէ. աքշըն-աքսէոն-ակսէոն-ակցիա, սիմենթ-ցիմենտ-չիմենթո: Ասիկա խնդիր կը ստեղծէ ոչ միայն երկու գրականներուն միջեւ, այլ նաեւ միեւնոյն գրական տարբերակին մէջ:

Եթէ երէկ արեւելահայերէնը ռուսերէնի ասպատակութեան ենթակայ էր, այսօր անոր հետ նոյն ուժգնութեամբ հոն կը գործէ անգլերէնը, կրնայ ֆրանսերէնն ալ ըլլալ, կրնան սպաներէնը, իտալերէնը, ճափոներէնը, չինարէնը եւ այլ լեզուներ եւս մտնել մեր տուն: Լեզուն արշակաւան մը կը դառնայ:

Ու մէջտեղ կու գայ, որ մեր երկու գրական լեզուները իրարմէ կը հեռանան այնքան, որ արեւմտահայը այսօր չի կրնար կարդալ արեւելահայ տպագիր մամուլի որեւէ մէկ էջ, չի հասկնար տեսալսողական հաղորդումները…:

Հոս առաւել եւս կը խախտի մէկ ազգ, մէկ հայերէն մեր հաւատամքը: Հեռու չէ նաեւ այն օրը, երբ Արեւմուտք ու Ամերիկաներ գաղթած մեր արեւելահայ հայրենակիցներու յաջորդ սերունդը, հայերէնախօս ըլլալով հանդերձ, դժուար հասկնայ հայաստանեան հայերէնը:

Բայց հայերէնը ունի հրաշալի ճկունութիւն մը, ունի բառակազմական լայն կարելիութիւններ այդ բառերը հայերէնի վերածելու:

Հայերէն կազմութիւնները շատ աւելի ընկալելի կը դարձնեն հասկացութիւնը, քան օտար բառերը: Օրինակ՝ Երեւանի մայթերէն անցնելուս շատ կը հանդիպիմ ստոմաթոլոգիա բառին,ի՞նչ կ՛ըսէ այս բառը այն մարդուն, որ ակռայի կամ լինտերու ցաւէ կը տառապի, ոչ միայն արեւմտայերէն, այլեւ արեւելահայերէն խօսողին համար, օրինակ՝ պարսկահայուն:

Ոչինչ: Եթէ անոր փոխարէն գրուած ըլլայ ատամնաբոյժ, նոյնիսկ այդ բառին առաջին անգամ հանդիպողն ալ պիտի հասկնայ, որ ասիկա ատամը՝ ակռան բուժողն է, իր փնտռած dentist-ը:

Հայախօս հայութեան 50 տոկոսին համար ի՞նչ կ՛ըսէ հետեւեալ նախադասութիւնը՝ ՛՛պացիենտը գտնւում է ինտենսիւ թերապիայում՛՛:

Ահաւոր գործ պիտի ըլլայ գտնել, որ պացիենտ բառը իր գիտցած անգլերէն patient բառն է, համբերատար, այսինքն՝ հիւանդ, որ բուժումի ենթակայ է: Եթէ չէք ուզեր նոյնացնել հիւանդն ու պազիենտը, կարելի չէ՞ վերջինիս համար գործածել բուժառու բառը, որ ըսել է բուժուող, բուժում ստացող:

Կարելի չէ՞ ըսել ՛՛Բուժառուն ենթակայ է ծայրագոյն բուժումի կամ խնամքի՛՛: Խօսքի նպատակը միայն խօսի՞լն է, թէ հասկնալն ու հասկցուիլը:

Օտար բառերու փոխարէն հայերէն համարժէքներ ստեղծելն ու տարածելը միայն լեզուի տեսչութիւններու եւ գիտնականներու գործը չէ, այլեւ իւրաքանչիւր լեզուակիրի՝ գիտակից հայու: Խաղողի հատիկները իրարու նայելով կը կարմրին:

Ասիկա մաքրամոլութիւն չէ, այլ՝

– իւրաքանչիւր հայու գիտակցութեան արտացոլումը:

– քաղաքակրթութիւններուն հանդէպ հայօրէն բացուելու եւ զանոնք որդեգրելու ազգային ներքին պահանջք եւ արժանապատուութիւն;
-Մեր երկու գրական լեզուներու միջեւ ստեղծուած տարածութիւնը աւելի չմեծցնելու քաղաքական գիտակցութիւն:

Որովհետեւ լեզուն բոլոր ազգերուն համար ազգային գոյութեան եւ միասնականութեան զէնք է, այդ ճամբուն վրայ՝ քաղաքական մարտավարութեան անփոխարինելի միջոց է:

www.azadkhosk.com/kragan10102.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail