Դոկտ. Մինաս Գոճայեան – Գրական-Մշակութային – Ի ՍԷՐ ՄԱՇՏՈՑԻ…ՓՐԿԵՆՔ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆԸ – Ի ՍԷՐ ՄԱՇՏՈՑԻ…ՓՐԿԵՆՔ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆԸ
Գրական-Մշակութային
Ի ՍԷՐ ՄԱՇՏՈՑԻ…ՓՐԿԵՆՔ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆԸ
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան,
Լոս Անճելըս, 30 Մարտ 2020
Մինչեւ երէկ տակաւին ամբողջ ուժով կը գոռայի, կ’ափսոսայի, կ’աւաղէի արեւմտահայերէնի նահանջին եւ մօտալուտ մահուան համար։ Քարը տեղէն չշարժեցաւ, հակառակ անոր որ սրտցաւ հայեր տարերային կերպով հիմնեցին արեւմտահայերէնի համար դասընթացքներ, ձեռնարկներ, դասաւանդութիւններ, առցանց ծրագիրներ եւ այլն եւ այլն։
Վաղուընէ պիտի սկսիմ ամբողջ հագագով արդէն պոռալ եւ ամբողջ սրտով աղաչել բոլոր հայրենասէրներուն, որ փորձենք ու ճգնինք կասեցնել նաեւ արեւելահայերէնի շիջումն ու մահացումը լեզուի մը, որուն բախտ վիճակուեցաւ պետական լեզու դառնալու, լեզու մը, որուն վրայ աշխատեցան բազում «ճարտարապետ հանճարներ»՝ Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Րաֆֆի, Ստեփանոս Նազարեանց, Մուրացան, Նար-Դոս, Տէրեան, Յովհաննէս Թումանեան, Չարենց, Մալխասեանց, Բակունց, Սեւակ, Կապուտիկեան…։ Շարքը երկար է, բայց մեր միտքը՝ կարճ։
Ես կարօտախտէ չէի տառապեր, բայց հիմա արդէն անոր նշանները կը նկատեմ ու կը մտածեմ՝ երնեկ չէի՞ն Հայաստանի մէջ մեր ուսանողութեան տարիները կամ յիսունականներէն մինչեւ ութսունականներու վերջերը, երբ մեր պաշտօնական ու գրաւոր խօսքի ժամանակ մեր բառերը կ’ընտրէինք, լուրջ մօտեցում ցոյց կու տայինք մեր արտայայտութիւններուն, որպէսզի եզրաբանութեան յանձնաժողովի կողմէ չքննադատուէինք, իսկ եթէ շուրջդ կային Ռաֆայէլ Իշխանեաններ, Մինաս Հիւսեաններ, Գրողներու միութիւն, «Գարուն»ականներ, ապա անոնց խոժոռ հայեացքներուն պիտի հանդիպէինք։ Վա՜յ եկեր ու տարեր էր այն դժբախտը, որ հանդիպեր էր բանաստեղծ Շիրազին, երկվայրկեան մը չանցած ուղղակի զայն անխնայ անարգանքի սիւնին պիտի գամէր…
Բաղդատեցէք ստալինեան շրջանի ռուսահայերէնը եւ յետ-պատերազմեան զգալիօրէն մաքրազտուած արեւելահայերէնը՝ համոզուելու համար թէ հայրենի (խորհրդային) պետութիւնը ինչպիսի՜ լրջութեամբ կը հետեւէր, որպէսզի օտար անհարկի բառեր ու եզրոյթներ արագօրէն դուրս մղուէին արեւելահայերէնէն։
Այսքանէն յետոյ իրաւունք չունի՞մ թախիծով լեցուիլ այդ շրջանի իշխանութեանց կորուստին համար։
Ես «սովետական կարգերը» երազող մը չեմ, բայց մէկ բան յստակ էր, որ ամէն արարքի համար պատասխան պէտք է տայիր այդ տարիներուն։ Այո՛, ազատ խօսքի իրաւունք չունէիր, բայց ազատօրէն կը քննադատէին քեզ, եթէ «համը հանէիր» օտարաբանութիւններով։ Ուրեմն պէտք է լաւ կշռադատէիր ո՛չ միայն ըսելիքդ այլեւ գրելիքդ։
Ի հարկէ ամէն ինչ կատարեալ չէր այդ տարիներուն եւ մեր արեւելահայերէնին մէջ շատ աւելի օտար անհարկի բառեր ու եզրոյթներ կը վխտային քան արեւմտահայ սփիւռքի մտաւորականութեան լեզուին մէջ (երանելի՜ օրեր)։ Բայց այն ճիգը, բծախնդրութիւնն ու միտումները կային, որոնք ի վերջոյ օր մը պիտի յանգէին արեւելահայերէնի կարելի մաքրազտման։ Չեղա՜ւ դժբախտաբար։
Չտեսա՜նք այդ օրը մեր մայրամուտի այս տարիներուն, ընդհակառակը՝ ամէն օր ականատես եղանք ու կ’ըլլանք արեւելահայերէնի աղճատման, բզքտումին, խաթարումին եւ «անհամ ապուրի» մը վերածուելուն։
Բառերը ոգի ունին։ Անոնք երեւոյթի մը, կացութեան մը, պարագայի մը եւ առարկայի մը հնչիւններով եւ ապա տառերով արտայայտուող տառամիացութիւններ են, որոնք մարդու ըմբռնման գործընթացին մէջ կը ստեղծեն պատկեր մը։
Բառերը կը ստեղծուին տուեալ ցեղի մը, հաւաքականութեան մը եւ ի վերջոյ զարգացող ազգի մը փորձառութեան ու պատմութեան ընթացքին։ Այսինքն անոնք ազգի մը ինքնորոյնութեան գլխաւոր յատկանիշներէն են։
Բառերը կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ եւ յոյժ անհրաժեշտութեան պարագային հարեւան կամ հեռաւոր ազգերէն կ’առնեն բառեր, ինչպէս սովորութիւններ, առածներ, ասացուածքներ եւ այլն։
Նման պարագաներուն այդ բառերը կ’ենթարկուին ընդունող ազգին կամ ժողովուրդին հնչիւնաբանութեան օրէնքներուն։ Օրինակ՝ պարսկերէն ֆարաշտակը կը վերածուի հրեշտակի, ֆարմանը՝ հրամանի եւ այլն։
Ուրեմն, ինչու՞ անհարկի բառեր ու եզրեր խցկել մեր լեզուին մէջ, երբ մեր բազմադարեայ լեզուն ունի ԲՈԼՈՐ հնարաւորութիւնները նորաստեղծ բառերը հայերէնով արտայայտելու։ Ինվոյս-invoice-ը վաղուց անտի կը նշանակէ ապրանքներու ցուցակ, գնուած կամ ծախուած ապրանքներու ցուցակ, այսինքն հաշուեցուցակ։
Անհասկնալի կը մնայ մեզի համար անգլերէնէն անհարկի եւ զարտուղի ճամբով արեւելահայերէնի մէջ ամրագրուող ինվոյս բառը։ Եւ այսպէս հարիւրաւոր «նորամուծութիւններ»։
Խնդրեմ, ահաւասիկ ճաշակ մը նորօրեայ բառերու. ռենտա, պացիենտ, հոսպիտալ-գոսպիտալ, պասպորտ, վիրուս, էկոնոմիկա, կլինիկա, ինֆորմացիա եւ այլ «ացիա»ներ ու «վարիացիա»ներ…
Մեր լեզուն մե՛նք ենք եւ չենք ուզեր որ մեր արեան եւ ինքնութեան մէջ ներարկուին անհարկի շիճուկներ, որովհետեւ մեր լեզուն պէտք չունի անոնց։ Պէտք չէ խաթարել մեր մայրենին։
Կ’առաջարկեմ համահայկական ԼՈՒՐՋ քննարկման առարկայ դարձնել այս վնասակար երեւոյթը, այս ախտը եւ մեր լեզուն մաքրել խժալուր բառերէ։
Ատենն է որ համապատասխան մարմիններն ու իշխանութիւնները միասնաբար ստեղծեն Ազգային Ժողովին կից յանձնաժողով մը կամ մարմին մը, որպէսզի կտրուկ քայլերու դիմէ եւ ազատէ արեւելահայերէնը օտարահայերէն դառնալու վերահաս վտանգէն։
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան,
Լոս Անճելըս, 30 Մարտ 2020
www.azadkhosk.com/kragan10103.html