Դաւիթ Տօնոյեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է Թաթուլ Կրպէեանի 55-ամեակին Առիթով
21 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Հայաստանի ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի ծննդեան 55-րդ տարեդարձի առթիւ Ապրիլ 21-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ՀՀ Զու Գլխաւոր շտապի պետի առաջին տեղակալ, զօրավար Օնիկ Գասպարեանի ուղեկցութեամբ այցելած է ազգային հերոսի անունը կրող զբօսայգի, ծաղիկներ խոնարհած եւ յարգանքի տուրք մատուցած հերոսին կիսանդրիին առջեւ:
Նոյն առիթվ նախարար Դաւիթ Տօնոյեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի ազգային հերոսի 55-ամեակին առիթով:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին ուղերձին մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի․
««Հողի համար ես հիմա պատրաստ եմ մեռնելու: Հողի, ազգի համար»,- ասոնք Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի խօսքերն են, որոնք կը մարմնաւորեն ոչ միայն անոր հաւատամքն ու հերոսաբար ապրած կեանքի խորհուրդը, այլեւ մեր ազատագրական պայքարն ու Արցախեան գոյամարտը յաղթած սերունդի գաղափարախօսութիւնը:
Թաթուլ Կրպէեան Արցախեան շարժման ամենավառ դէմքերէն էր: ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի ուսանողը առաջիններէն մէկն էր, որ անդամագրուեցաւ Արցախը Հայաստանին վերամիաւորելու պահանջին, դարձաւ «Միացում» կազմակերպութեան անդամ` ուսանողութեան գաղափարական առաջամարտիկը:
Երբ սկսան սահմանային ընդհարումները, Թաթուլ Կրպէեանի պայքարը շարունակուեցաւ զէնքով: Ան ղեկավարեց Գետաշէնի ենթաշրջանի զինուած ինքնապաշտպանութիւնը:
Թաթուլ Կրպէեան զէնքը ձեռքին հայրենիքը պաշտպանելուն զուգընթաց պատմութիւն կը դասաւանդէր Գետաշէնի դպրոցներուն մէջ, բանաստեղծութիւններ կը գրէր ու կ՛ապրէր հզօր, արդար ու պաշտպանուած Հայաստանի երազանքով:
Թաթուլ Կրպէեան զոհուեցաւ 1991 թուականի Ապրիլ 30-ին, փլուզուող Խորհրդային Միութեան բանակի եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի ՆԳՆ կողմէ իրագործուած տխրահռչակ «Կոլցօ» գործողութեան ժամանակ:
Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեան հայոց գալիք սերունդներուն ձգեց հայրենիքի փրկութեան նժարին ամենաթանկը դնելու պատգամն ու ազգային միասնութեան մեծ խորհուրդը: Հերոս-մտաւորականի անոր առինքնող կերպարը պիտի ոգեշնչէ եւ արիացնէ հայոց բազում սերունդները»:
yerakouyn.com/2020/04/21/դաւիթ-տօնոյեան-շնորհաւորական-ուղերձ/