«Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պայքարի Միջոցառումներուն Պատճառով. Ցոյցեր` Ուաշինկթընի Եւ Պրազիլի Մէջ, Անկարգութիւններ` Փարիզի Մէջ
21 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթըն նահանգի մայրաքաղաք Օլիմփիայէի մէջ` Քոնկրեսի շէնքին մօտ 2000-2500 անձեր բողոքի ցոյց կատարեցին` պահանջելով ջնջել «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ծիրին մէջ տնարգելութեան հրահանգը: Այս մասին հաղորդեց «Սիաթըլ Թայմզ» օրաթերթը:
Բողոքի ցոյցը կազմակերպած են հանրապետական օրէնսդիրները: Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Ռապըրթ Սազըրլենտ հաւաքի մասնակիցներուն կոչ ուղղած է` «ապստամբութեան» սկսելու, եթէ իշխանութիւնները փորձեն արգիլել սիրողական ձկնորսութիւնը:
Բողոքի ցոյցը, ըստ օրաթերթին, եղած է նահանգապետ Ճէյ Ինզլիի եւ բժշկական փորձագէտներու հրահանգներու խախտում: Մասնաւորաբար, ցուցարարները խախտած են 50 եւ աւելի մարդոց մէկ վայրի մէջ հաւաքուելու արգելքը: Շատեր չեն պահպանած ընկերային հեռաւորութիւնը եւ չեն կրած բժշկական դիմակներ:
Նահանգապետը դէմ արտայայտուած է ցոյցին: «Ես կ’աջակցիմ խօսքի ազատութեան, սակայն ամբոխի հաշիւներն ու խօսքերը պիտի չփոխեն մեր ուղին: Հարցը քաղաքականութեան չի վերաբերիր: Խօսքը Ուաշինկթընի բնակիչներու առողջութեան մասին է», յայտարարած է Ինզլին:
Ոստիկանութիւնը հաղորդած է, որ բողոքի ցոյցը խաղաղ անցած է, եւ ձերբակալուածներ չեն եղած:
Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրի պատճառով մահուան 1997 եւ վարակման 24.501 պարագաներ: Մահացածներուն թիւը բարձրացած է 40.661-ի, իսկ վարակուածներունը` 759.786-ի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ` մեկնաբանելով ցոյցերը, յայտնեց. «Ցոյց կատարելը մարդոց իրաւունքն է, տեսայ այդ ցոյցերը, եւ մարդիկ իրարմէ վեց մեթր հեռաւորութեան վրայ էին: Կարգ մը նահանգապետեր եւ ուրիշներ չափազանցեցին` խիստ քայլեր որդեգրելով, սակայն նահանգները պիտի վերաբանանք գործակցութեամբ նահանգապետերուն, եւ իւրաքանչիւր նահանգի յարմարութեան համաձայն»:
Ան Սպիտակ տան մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ջանքերուն նուիրուած առօրեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Այսօր նահանգապետերուն հետ լաւ քննարկումներ կատարեցինք, որովհետեւ կ’ուզենք մեր ընկերութիւններուն ու աշխատաւորներուն օգնել»` աւելցնելով, որ ինք նահանգապետերը կը քաջալերէ տնտեսութիւնը կանոնաւոր կերպով եւ կարելի եղածին չափ շուտ վերաբանալու:
Ինչ կը վերաբերի Միշիկընի, Վըրճինիայի եւ Մինիսոթայի նման նահանգներ ազատագրելու իր կոչին` Թրամփ ըսաւ. «Պէտք է երկիրը ապահով կերպով վերաբանանք, սակայն կարգ մը նահանգապետեր միշտ կը դժգոհին, հակառակ իրենց օգնելնուս»:
Պրազիլի մայրաքաղաք Պրազիլիայի մէջ եւս տեղի ունեցած է ցոյց մը, որուն մասնակիցները կոչ ողղած են դադրեցնելու մեկուսացման միջոցառումները, իսկ ոմանք` մարզպետներու կողմէ ներկայացուած ընկերային մեկուսացման միջոցներու հաստատման մասնակցած Քոնկրեսն ու Գերագոյն դատարանը զինուորական միջամտութեամբ փակելու կոչ ուղղած են: Ցուցարարներուն միացած է երկիրի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարոն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը:
Նախագահը դիմակ չէ կրած եւ քանի մը հարիւր ցուցարարներուն ուղղած իր խօսքի ընթացքին քանի մը անգամ հազացած է: «Իւրաքանչիւրը պէտք է անհրաժեշտ ամէն բան ընէ, որպէսզի երկիրը գրաւէ իր արժանի տեղը: Այլ պայմաններու շուրջ բանակցութիւններու կարիք չկայ», ըսած է ան:
Անցեալ շաբաթ, ընկերային մեկուսացման քայլերու շուրջ բախումներու լոյսին տակ Պոլսոնարուն պաշտօնազրկած էր առողջապահութեան նախարար Լուիս Էնրիքէ Մանտեթան: Անոր խօսքով` ձեռնարկութիւնները պէտք է վերաբացուին, որպէսզի տնտեսական հետեւանքները համաճարակէն աւելի աղէտալի չըլլան, սակայն պրազիլացիներուն մեծ մասը կը զօրակցի ընկերային մեկուսացման:
Պրազիլի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 38.654 է, իսկ մահացածներունը` 2462:
Փարիզի մէջ անկարգութիւններ սկսած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ընթացքին ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ոստիկանութեան «դաժան» վերաբերմունքին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ»¬ը:
Ոստիկանութիւնը Փարիզի հիւսիսը գտնուող Վիլնեւ լա Կարենի մէջ ցուցարարները ցրուելու համար օգտագործած է արցունքաբեր կազ եւ մահակներ: «Տէյլի Մէյլ» կը գրէ, որ ցոյցերը սկսած են, երբ Վիլնեւ լա Կարենի մէջ 30 տարեկան տղամարդը ծանրօրէն վիրաւորուած է ոստիկանութեան ինքնաշարժին բախելուն իբրեւ հետեւանք. ոստիկանական ինքնաշարժը չէ ունեցած զայն քաղաքացիական ինքնաշարժներէ տարբերելու համար նախատեսուած տարբերանշաններ:
Ի նշան բողոքի` ցուցարարները առաւօտ կանուխ այրած են աղբամանները: 30 տարեկան վիրաւորին ընկերները կը պնդեն, որ շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած միջադէպը «Քորոնա» ժահրի պայմաններուն մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ոստիկանութեան դաժան վերաբերմունքի օրինակ է: «Ան մահմետական է եւ ծանր վիճակի մէջ հիւանդանոցը կը գտնուի», յայտնած են անոնք:
Ոստիկանութիւնը, իր կարգին, հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ’ըսուի.«Ոստիկանութիւնն ու անոր ուժերը յայտնուած են խռովարարներու թիրախին մէջ: Անոնք քարեր նետած են իրաւապահներու ուղղութեամբ եւ պայթումներ կատարած: Անհնազանդութիւնը սկսած է Վիլնեւ լա Կարենի մէջ եւ տարածուած մօտակայ այլ քաղաքներուն ու շրջաններու մէջ»:
Նորվեկիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ մէկ ամիս տեւած փակումէն ետք պիտի վերաբանան մանկամսուրները:
Նոր միջոցառումին համաձայն, մանկամսուրները պիտի վերաբացուին 20-27 ապրիլին, դպրոցները առաջինէն մինչեւ չորրորդ դասարան պիտի վերաբացուին 27 ապրիլէն սկսեալ, իսկ նորվեկիացիները կրնան իրենց գիւղի տուները մեկնիլ 20 ապրիլէն սկսեալ:
Նորվեկիան եւրոպական առաջին երկիրներէն էր, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պատճառով փակեց տարբեր ոլորտներու սեփական ու պետական մեծաթիւ հաստատութիւններ, ինչ որ երկրին տնտեսութիւնը մատնեց քաոսային վիճակի եւ պատճառ դարձաւ հարիւր հազարաւորներու գործազրկութեան:
Հարաւային Քորէան իր կարգին արտօնեց զբօսայգիներու մէջ պտոյտը, մարզանք ընելն ու ժամանցը` պայմանաւ որ ընկերային հեռաւորութեան կանոնները յարգուին: Նշենք, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Հարաւային Քորէայի մէջ արձանագրուեցաւ վարակման 13 եւ մահուան 2 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 10.674-ի, իսկ մահացածներունը` 236-ի:
Չինաստան յայտարարեց, որ իրերայաջորդ երկրորդ օրն ըլլալով երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահ չէ արձանագրուած: Չինական իշխանութիւնները նաեւ յայտարարեցին, որ երկրին մէջ կարգ մը շրջաններու կացութեան կը հետեւին` համաճարակի երկրորդ ալիքի մը մտավախութենէն մեկնելով:
Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Թոշիմիցօ Մոթիժի յայտարարեց. «Համաշխարհային տնտեսութիւնը «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյն տագնապը պիտի դիմակայէ»:
Քսաններու խմբակի անդամ երկիրներու առողջապահութեան նախարարները Սէուտական Արաբիոյ մէջ իր գումարած ժողովէն ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը համաշխարհային առողջապահութեան համակարգերուն մէջ տկար կէտեր բացայայտեց` աւելցնելով, որ նախարարները նաեւ քննարկած են գիտելիքներու բաժնեկցութեան, սարքերու բացերը փակելով, համաճարակներէն պաշտպանուելու համար կանխարգիլման կարողութեան ճամբով համաշխարհային առողջապահութեան համակարգի մակարդակի բարձրացման կարեւորութիւնը:
Մինչ այդ` Սպանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 4266 եւ մահուան 399 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը հասաւ աւելի քան 200.852-ի, իսկ մահացածներունը` 20.852-ի: Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 4268 պարագայ արձանագրուեցաւ, եւ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 47.121-ի, իսկ մահացածներունը` 405-ի:
Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ ժահրով վարկման 3977, մահուան 127 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 86.306-ի, իսկ մահացածներունը` 2017-ի: Վրաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 5 պարագայ, եւ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 399-ի, իսկ մահացածներունը` 4-ի: Պաղեստինի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 7 պարագայ, եւ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 449-ի: Սուտանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 26 պարագայ ,եւ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 92-ի: Սէուտական Արաբիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 1122 պարագայ, եւ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 10.484-ի:
www.aztagdaily.com/archives/471181