«Արամ Ա. Վեհափառին Խօսքն Ու Գործը Միշտ Յստակ Եղած Են». «Վեհափառ Հօր Մտածումները Քաղաքականացնելը Ճիշդ Չէ՛» Կը Հաստատէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Գրասենեակը
21 ԱՊՐԻԼ 2020 – Վարիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Գրասենեակի:
ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ
Վարիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Տեղեկատուական Գրասենեակի
Արձագանգելով «168.ամ» կայքի հարցումներուն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական գրասենեակը հետեւեալ պարզաբանումները կատարած է հայաստանեան լրատուադաշտին մէջ երեւցած վեհափառ հայրապետին մտածումներն ու գրառումները քաղաքականացած մեկնաբանութեամբ ներկայացնող նիւթերուն առնչութեամբ:
1) Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ստեղծուած համաշխարհային տագնապի լոյսին տակ, նման գրառումներ կը կատարէ Դիմատետրի ճամբով: Ան յաճախ իր յորդորները ու թելադրութիւնները կը փոխանցէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն, առաջնորդներուն, ազգային իշխանութիւններուն եւ հոգեւորականներուն` շեշտելով աղօթքի ու մարդասիրական ծառայութեան ճամբով մեր ժողովուրդին հետ ըլլալու հրամայականը: Կաթողիկոսին կատարած յորդորներուն ու յիշեցումներուն մաս կը կազմէ նաեւ ձեր մէջբերած գրութիւնը: Հետեւաբար, ան ո՛չ մէկ կապ ունի Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներկայ կացութեան հետ: Վեհափառ հայրապետին խօսքը եւ գործը արեւու լոյսին նման միշտ յստակ եղած են. մեկնաբանութեան ու լուսաբանութեան կարիքը չունին: Հետեւաբար, ՎԵՀԱՓԱՌ ՀՕՐ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՆԵԼԸ ՃԻՇԴ ՉԷ՛:
2) Վեհափառ հայրապետը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներկայ կացութեան նկատմամբ: Ինչպէս ան յաճախ կը շեշտէ` մեզի համար եկեղեցի եւ ժողովուրդ անջատ իրականութիւններ չեն, այլ մէ՛կ ամբողջութիւն են` ներքին անքակտելի կապերով իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած: Արդ, որոշ շրջանակներու կողմէ պահեր ու կացութիւններ օգտագործելով եւ ծրագրուած մօտեցումով հայ եկեղեցւոյ դէմ պայքար մղելու փորձը մեզի համար, վստահ ենք նաեւ մեր ժողովուրդին համար, երբե՛ք ընդունելի չէ: Ձայնակցելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, վեհափառ հայրապետը կոչ կ’ուղղէ` փոխադարձ յարգանքով ու հանդուրժողական ոգիով, ինչպէս նաեւ իրողութիւններն ու հանգամանքները նկատի ունենալով եւ երկխօսութեան ճամբով քննարկելու մեր ազգը, եկեղեցին եւ հայրենիքը դիմագրաւող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները: Անհրաժեշտ է, յատկապէս ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, համախմբուիլ մեր ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներու ու ձգտումներու շուրջ: Մեր հայրենիքին եւ սփիւռքի համայնքներուն անվտանգութիւնը առաջնահերթ մտահոգութիւն է մեզի համար: Յառաջիկայ շաբաթ ապրիլ 24-ի առիթով մեր ազգային պահանջատիրութեան նկատմամբ մեր հաւաքական յանձնառութեան վերահաստատումը հրամայական է, կը շեշտէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:
Թող Աստուած անվտանգ ու ամուր պահէ մեր ազգը, եկեղեցին ու հայրենիքը:
Լաւագոյն մաղթանքներով`
ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ
Վարիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Տեղեկատուական Գրասենեակի
www.aztagdaily.com/archives/471161