Մնացականեանի, Մամետիարովի Եւ ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Միացեալ Յայտարարութիւնը – Մամետիարովի Եւ ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Միացեալ Յայտարարութիւնը
22 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարով եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարության տարածած հաղորդագրութենէն։
21 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի առցանց հանդիպումը, որ իրականացաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։
Մասնակցողները քննարկեցին շրջանին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը՝ ընդգծելով, որ այս նոր մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուին շրջանի բոլոր ժողովուրդները՝ անկախ անոնց քաղաքական սահմաններէն: Անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն:
«Քորոնա» ժահրին դէմ մղուող համաշխարհային պայքարի ծիրին մէջ, յատկապէս ընդգծուեցաւ զինադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը: Այս տեսակէտէն՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները կարեւոր նկատեցին իրենց յայտարարութիւնը եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին համաշխարհային զինադադարին վերաբերեալ կոչը:
21 Ապրիլիին տեղի ունեցած նշեալ խորհրդակցութիւններէն ետք ընդունուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն միացեալ յայտարարութիւնը:
yerakouyn.com/2020/04/22/մնացականեանի-մամետիարովի-եւ-եահկ-մին/