ԱՀ Իշխանութիւնները Պէտք է Լիիրաւ Հիմունքներով Մասնակցին Հակամարտութեան Կարգաւորման Ուղղուած Գործընթացի Բոլոր Փուլերուն. Արցախի Նորընտիր Նախագահ
22 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը վերահաստատէ, որ առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի լիարժէք ու լիիրաւ ընդգրկուածութեան, որեւէ արդիւնաւէտ հանգրուանի հնարաւոր չէ հասնիլ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցին մէջ։ Այս մասին, Արայիկ Յարութիւնեան գրած է Facebook-ի իր էջին վրայ, որ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը ներկայացնէ Արեւմտահայերէնի վերածած.
«Խորապէս հասկնալով մեր հասարակութեան անհանգստութիւնները՝ կապուած ատրպէյճանա-արցախեան հիմնախնդրի շուրջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն մասնակցութեամբ պարբերաբար տեղի ունեցող քննարկումներով՝ մէկ անգամ եւս կ՝ուզեմ վերահաստատել այդ հարցով մեր սկզբունքային դիրքորոշումը, որ առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի լիարժէք ու լիիրաւ ընդգրկուածութեան, որեւէ արդիւնաւէտ հանգրուանի հնարաւոր չէ հասնիլ: Մենք շահագրգռուած ենք հիմնախնդրի խաղաղ ու վերջնական կարգաւորմամբ եւ գերազանցապէս կը գիտակցինք, որ անիկա իր վճռական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու վրայ, սակայն կ՝ակնկալենք նոյն գիտակցումը ու պատասխանատւութիւնը նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ: Ի հարկէ, մենք բարձր կը գնահատենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու բացառիկ դերակատարումը այս հարցով, բայց պէտք է ընդունիլ, որ բանակցային սեղանին ներկայացուած ցանկացած առաջարկի կամ փաստաթուղթի շուրջ Արցախի ժողովուրդին անունով բանակցելու համար առաջնային իրաւագիրը ստացած են Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները:
Կարեւոր համարելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի գործադրած ջանքերը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ եւ ուշադիր հետեւելով Ապրիլ 20-ին եւ 21-ին համանախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու հետ առանձին, ապա՝ բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած տեսաժողովներուն՝ ցաւօք, հերթական անգամ կ՝արձանագրենք, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն խուսափիլ հակամարտութեան իրական կողմին հետ ուղիղ բանակցութիւններու վարումէն: Ատիկա, առաջնագիծին վրայ պարբերաբար կրկնուող սադրանքներու եւ հայատեաց քաղաքականութեան հետ համատեղ, մեծապէս կը նուազեցնէ պաշտօնական Պաքուի ցուցադրած ձգտումներուն ազնւութեան ու վստահելիութեան մակարդակը:
Իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան ընտրուած նախագահ՝ ես կը յայտարարեմ՝
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պէտք է լիիրաւ ու լիարժէք հիմունքներով մասնակցին հակամարտութեան խաղաղ եւ վերջնական կարգաւորման ուղղուած գործընթացի բոլոր փուլերուն.
Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը որեւէ պարագայի չի կրնար վտանգի տակ դրուիլ կամ սակարկութեան ենթարկուիլ.
Առանց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի առաջնահերթ ճանաչման հակամարտութեան կարգաւորման որեւէ տարբերակ չի կրնար կողմերուն միջեւ բովանդակային քննարկման առարկայ դառնալ.
Պէտք է յստակ երաշխիքներով բացառուին հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ ուժի ու անոր սպառնալիքի կիրառման փորձերը, քանի որ հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդները արժանի են խաղաղութեան մէջ ապրելու. այլապէս Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է անհամաչափ հակահարուած տալու նախայարձակ Ատրպէյճանին՝ ռազմական գործողութիւնները նաեւ տեղափոխելով անոր տարածք.
Հակամարտութեան կարգաւորման ցանկացած տարբերակի մէջ կը բացառուին Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ միակողմանի զիջումներ կամ անհամաչափ ու անհամարժէք փոխզիջումներ.
Հակամարտութեան կարգաւորման եւ անոր յարակից գործընթացներուն մէջ հայ փախստականներն ու ներքին տեղահանուած անձերը պէտք է իրաւահաւասար ներգրաւուածութիւն ունենան ատրպէյճանցի փախստականներու եւ ներքին տեղահանուած անձանց հետ միասին, իսկ անոնց հիմնախնդիրները՝ միանման ու միաժամանակեայ լուծումներ ստանան.
Միջազգային հանրութիւնը (առաջնահերթօրէն՝ ԵԱՀԿ-ը եւ համանախագահ երկիրները) պէտք է բացառեն Արցախի բնակիչներուն իրաւունքներուն՝ հակամարտութեամբ ու ԱՀ միջազգային կարգավիճակով պայմանաւորուած խախտումներն ու սահմանափակումները, ներառեալ՝ մարդու իրաւունքներուն առնչուող ու մարդասիրական միջազգային ծրագիրներէն փաստացի մեկուսացումը, որոնք Ատրպէյճանը կը փորձէ կիրառել առնուազն իբրեւ ճնշման միջոց՝ ի հեճուկս միջազգային իրաւունքի հանրայայտ սկզբունքներուն:
Արցախի իշխանութիւնները ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ ապագային պատրաստակամ են գործադրելու առաւելագոյն ջանքեր փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման եւ հակամարտութեան խաղաղ ու վերջնական կարգաւորման հարցով անհրաժեշտ կամք դրսեւորելու եւ յառաջընթաց արձանագրելու համար»,- գրած է Յարութիւնեան:
yerakouyn.com/2020/04/22/ահ-իշխանութիւնները-պէտք-է-լիիրաւ-հիմո/