«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Նորարար Մշակոյթի Ծրագիրը
22 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՍՓԻՒՌՔ:
Փետրուար 2020-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը մեկնարկեց «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը, որ ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել եւ նորարար ծրագիրներ իրագործել:
«Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկը ըլլալով, անոր հիմնական նպատակն է արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւնները խթանել:
Այս նպաստի ծրագիրը կը միտի սփիւռքեան իրականութեան եւ հայկական մշակութային կեանքին մէջ տարբեր ձեւաչափերով ներդրում ունենալու` չսահմանափակուելով սեղմ կանոններով: Թէպէտ տասնամեակներու ընթացքին մէջտեղ եկած մշակութային տարբեր ձեռնարկներու կարեւորութիւնը անժխտելի է, սակայն միշտ չէ, որ ստեղծարար միտք ունեցող երիտասարդը կրցած է եւ այսօր կրնայ նման պայմաններու մէջ առաւելագոյն չափով յայտնաբերել իր կարողականութիւնը եւ ազատ մտածելու հմտութիւնը:
Ուստի, հիմնարկութիւնը հետաքրքրական մտայղացումներ ունեցող երիտասարդներուն առիթը կ՛ընծայէ ծրագիրներ մշակելու, եւ հետեւաբար իրագործելու արեւմտահայերէնը այսօրուան իրականութեան կապող աշխատանքներ:
Հետեւեալ նպաստին կրնան դիմել Լիբանան ապրող 18-35 տարեկան երիտասարդներ, որոնք կրնան նորարար արտայայտչամիջոցներու գործածութեամբ նախագծել իրենց ժամանակակից եւ բազմաբնոյթ իրականութեան առնչուող ստեղծագործ եւ նորարար ծրագիրներ, որպէս արտայայտչամիջոց ունենալով արեւմտահայերէնը:
Ծրագիրները կրնան ներգրաւել արուեստի տարբեր բնագաւառներ, գաղափարներ, փորձառութիւններ եւ տարբեր զգացումներ արտայայտելու ստեղծագործական դրսեւորումներ, հետեւեալ ձեւաչափերուն ընդմէջէն`
* Երգ, երաժշտութիւն:
* Գրականութիւն, (գիրքեր, լսողական գիրքեր, թերթեր, ամսագրեր, կայքէջեր, առցանց ներկայութիւն):
* Թատրոն, կատարողական արուեստներ:
* Տեսողական արուեստներ:
* Միջգիտակարգային բնագաւառներ, որոնք գոյացած են արդի հաղորդակցութեան ձեւերու շնորհիւ:
* Տեսերիզներ եւ այլ արտայայտչամիջոցներ` installations, animations, blogs, YouTube channels, podcasts, applications եւ այլն:
* Ձայնասփիւռի յայտագիրներ եւ այլ հեռարձակումներ (առցանց ծրագիրներ, ինչպէս օրինակ` Mixcloud, SoundCloud, iTunes®):
* Նորարարական եւ ստեղծագործական աշխատանոցներու ծրագիրներ:
Դիմումը արդէն բաց է բոլոր ստեղծագործ եւ նորարար անձերուն. փորձառու արուեստագէտ ըլլալը կամ «կատարեալ» ձեւով հայերէնին տիրապետելը պարտադիր չէ: Դիմելու պայմանաժամը 19 յունիս 2020-ն է:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ յստակացումներու համար դիմել Գայիանէ Մածունեանին` carmenias@gulbenkian.pt ե-նամակին` իբրեւ վերնագիր նշելով «Creative Culture Program – Lebanon»:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին ներկայ, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել` https://gulbenkian©pt/armenian-communities/ կայքէջը:
www.aztagdaily.com/archives/471266