Պարտադիր Մեկուսացումի Շրջանին Բարելաւեցէք Ձեր Հայերէնը – ՈՒՍՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆՑԱՅԻՆ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐ ԵՒ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՈՒՍՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆՑԱՅԻՆ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐ ԵՒ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (արեւմտահայերէնով)

ՈՒՍՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆՑԱՅԻՆ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐ ԵՒ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Պարտադիր Մեկուսացումի Շրջանին Բարելաւեցէք Ձեր Հայերէնը

22 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Մեկուսացումի այս շրջանին, երբ հեռակայ ուսուցման, ընթերցումի եւ ընդհանուր զարգացման զանազան ծրագրեր կը հրամցուին ամէնուրեք՝ համացանցի վրայ արեւմտահայերէնով շրջանառութեան մէջ դրուած մանկապատանեկան կայքէջերու ցանկ մը կը հրապարակենք, ուր ուսուցողական եւ ժամանցային տեսանիւթեր եւ ձայնագրութիւններ տրամադրելի են ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու համար, տան մէջ ժամանակը աւելի օգտակար ձեւով անցընելու նպատակով։

ՈՒՍՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆՑԱՅԻՆ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐ ԵՒ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (արեւմտահայերէնով)

ՈՒՍՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆՑԱՅԻՆ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐ ԵՒ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (արեւմտահայերէնով)

Հասցէները՝ իրենց բովանդակութեան մասին համառօտ բացատրութիւնով.-

https://soundcloud.com/a-sarkissian/
Այս հասցէին տակ կը գտնէք մանկագիր, մանկավարժ, Անահիտ Սարգիսեանի, ինքորոյն մանկական ձայնագրեալ խաղիկներու, խաղերգերու, երգերու, շուտասելուկներու, պատումներու հսկայական հաւաքածոյ մը մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջին երկու տարիքի մանուկներուն համար։

https://www.facebook.com/parev.arev/
Անահիտ Սարգիսեանի Դիմագիրքի էջին վրայ տեղադրուած են Մարալ Քերովբեանի եւ Վահան Քերովբեանի հետ անոր պատրաստած մանկական շարժապատումները եւ զանազան այլ տեսանիւթեր եւ գրառումներ։ Նիւթեր, զորս կարելի է նաեւ գտնել Youtube-ի կամ vimeo-ի վրայ։

pokrig.org

2014-ին Պոլսոյ Գարակէօզեան տան 100-ամեակի հիմնադրութեան առթիւ հիմքը կը դրուի ՓՈՔՐԻԿ հէքեաթարանին, որ այսօր հայկական եւ միջազգային գրականութենէ, արդի եւ աւանդական գրողներէ՝ արեւմտահայերէնով 100-է աւելի հէքեաթներ, առակներ, դիցաբանական պատումներ տրամադրելի կը դարձնէ, տեսանիւթերով։

www.e-ptit.com

ՓԹԻԹ կայքէջը կը պարունակէ զանազան բնոյթի խաղեր՝ լեզուական, թուաբանական, տրամաբանական, ժամանցային։ Ունի հէքեաթներու, պատմութիւններու, առակներու եւ հանելուկներու բաժիններ, խաղերու միջոցաւ դաստիարակչական աշխատանք կատարող ճոխ բովանդակութիւն, որ միաժամանակ օգտակար ու հաճելի ժամանց կ՚ապահովէ։ www.e-ptit.com կայքէջը ծնունդ առած է ՓԹԻԹ մանկապատանեկան պարբերաթերթէն, որ հիմնուած է Պէյրութի մէջ 2010-ին։ Տպագիր տարբերակն ալ տակաւին կը շարունակէ լոյս տեսնել։

https://www.lalanouaran.com/hy/

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ստեղծած մանկական ուսուցողական կայքէջն է։ Լալան եւ Արան երկու տիպարներ են, որոնք կը մանուկներուն կը բացայայտեն աշխարհը, կը ճոխացնեն անոնց աշխարհագիտութիւնը, լեզուագիտութեամբ՝ գոյներու, ձեւերու, իրերու ընդմէջէն… որոնք երթալով կը ստանան անուն, պատկեր եւ ճանաչում։
https://www.lalanouaran.com/hy/ հասցէին պիտի գտնէք նաեւ պատմուածքներու գլուխ մը՝ ,Ողկոյզ մը պատմուածքե վերնագրով, որ ունի նաեւ ձայնագրութեան անկախ շտեմարան https://soundcloud.com/voghgouyz անուան տակ, ուր կարելի է ունկնդրել Լեւոն Շանթի մշակած մանկապատանեկան հէքեաթները։

* * *

Այս կայքէջերու կողքին կան նաեւ կարգ մը անհատական նախաձեռնութիւններ, ինչպէս՝ Ալիք Արզումանեանի կողմէ պատմուած պատմութիւնները հետեւեալ հասցէին՝

https://www.youtube.com/channel/UCi13BUvILgNqhloltxVUr-g
Ալիք Արզումանեան տեսերիզի միջոցով կ՚ընթերցէ նաեւ օտար գրականութենէ արեւմտահայերէնի թարգմանուած պատմութիւններ, օտար լեզուով բնագիրին վրան հայերէն բնագիրը տեղադրուած կամ երբեմն ալ՝ անգլերէնով գրուած գիրքէն ուղղակի թարգմանութեամբ։

Նոյնն է պարագան Լիզա Մանոյեանի հետեւեալ հասցէով տեսանիւթերուն՝
https://www.youtube.com/channel/UCcc6L5GVQPgvhy8hTGxgAew

Նոյնպէս կարելի է ունկնդրել ֆրանսերէնէ արեւմտահայերէնի թարգմանուած ու Անահիտ Տօնապետեանի եւ Մելանի Քիլէճեանի կողմէ կատարուած՝ ,Փոքրիկ Նիկոլե գիրքի հատուած առ հատուած ընթերցումը.
Հատուած 0 – Անձերը – (Les personnages) : https://youtu.be/AMwLX7dg9sc
Հատուած 1 – Դպրոցը պիտի սկսի (On va rentrer) : https://youtu.be/s6UXNW5yp-g
Հատուած 2 – Դպրոցը պիտի սկսի (On va rentrer) : https://www.youtube.com/watch?v=N2e3Y47CTtg
Ամէն շաբաթ նոր հատուածով մը կը ճոխանայ շարքը։

http://armlands.com/
Սոյն կայքէջը եւս կը հրամցնէ արեւմտահայերէնի դասեր եւ նիւթեր, ընթերցումներ, գիտական տեղեկութիւններ հարցում-պատասխանի ձեւին տակ։

Armenian virtual college (www.avc-agbu.org)
Երուանդ Զօրեանի կողմէ պատրաստուած կայքէջը կ՚աշխատի իբրեւ Հայագիտական ուսման կեդրոն, արեւտահայերէն եւ արեւելահայերէն լեզուներով։ Պէտք է արձանագրուիլ եւ իբրեւ դասընթացք կանոնաւոր կերպով հետեւիլ ու մասնակցիլ հեռավար դասընթացքներուն, դաստիրարակի մը ցուցմունքներուն հետեւելով։ Այս ծրագիրը հովանաւորուած է ՀԲԸՄ-ի կողմէ։

http://aghvorpaner.com/
Իւրայատուկ կայքէջ մը, որ իւրաքանչիւր օրուան յարմար բառ մը, եզր մը, գաղափար մը, միջազգային հասարակութիւնը յուզող ընկերային հարց մը, դատ մը կը ներկայացնէ պիտակով մը կամ պատկերով մը, որուն կ՚ընկերանայ շատ կարճ խօսքը կամ բառը՝ աղուոր բաները։

www.norharatch.com
Նոր Յառաջ-ի բաժանորդները կրնան նաեւ NH Hebdo-ի մէջ «L’arménien chez soi» (Հայերէնը տան մէջ) էջին հետեւիլ, ուր փոխնիփոխ տրամադրելի են շաբաթ մը՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ պատրաստուած գրական նիւթերով վարժութիւններ, իսկ յաջորդ շաբաթը ,Նոր Յառաջե-ի խմբագրութեան կողմէ՝ լուսանկարի մը շուրջ պատրաստուած պատում մը, անոր բովանդակած կարեւոր բառերու ֆրանսերէն թարգմանութեամբ։

***

Ընթերցանութեան սիրահարներու համար կան նաեւ կայքագրեր (blog), որոնք ընդհանուր առմամբ նորութիւն են միջազգային եւ հայ իրականութեան մէջ։ Թերեւս առաջին նախաձեռնողներէն էր ԱՄՆ-ու մէջ Վարդան Մատթէոսեանը՝ armeniaca-haygagank.blogspot.com հասցէի իր կայքագրով, որ սկզբնական շրջանին կեդրոնացած կերպով կը հրատարակէր մամուլի եւ հանդէսներու մէջ լոյս տեսած արեւմտահայերէն հետաքրքրական յօդուածներ։ Յետագային խմբագրական իր ուղեգիծը տեղ տուաւ նաեւ արեւելահայերէն եւ անգլերէն նիւթերու։

Նաեւ կան երկու գործող պլոկներ, առաջինը՝ Հայերէն Blog-ը (https://hayerenblog.wordpress.com/) որ կը հրատարակուի Իշխան Չիֆթճեանի նախաձեռնութեամբ եւ խմբագրութեամբ։ Երկրորդը՝ Նորա Պարութճեանի նորաստեղծ ԾԻԾԵՌՆԱԿ անունով կայքագիրը՝ https://dzidzernag.wordpress.com/, որ տեղ կը տրամադրէ հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու գրութիւններուն։

Պէտք է հաւանաբար յիշեցնել որ համացանցի վրայ մեծ տարածում գտած են Վահէ Պէրպէրեանի ներկայացումները՝ Եթէ, Ուրեմն, Սակայն… կան նաեւ մի քանի այլ կատակաբաններու ներկայացումները, ինչպէս՝ Գրիգոր Սաթամեան, Փիեռ Շամասեան …

* * *

Մեկուսացման շրջանին նամակաբաշխումը կը բանի, թէեւ՝ դանդաղ եւ անկանոն կերպով, կրնաք մանկապատանեկան գիրքեր ապսպրել www.norharatch.com-ի առցանց գրախանութէն։

* * *

Վերոնշեալ կայքէջերու ետին կան անձեր եւ հիմնարկութիւններ, որոնք նախաձեռնած են, յղացած են եւ իրագործած։ Կայքէջ մը հաստատելը նաեւ նիւթական կարեւոր ներդրում կը պահանջէ։ Նշեցինք Համազգայինը եւ ՀԲԸՄ-ը, որոնք ունին դպրոցներ եւ կրթական ծրագրեր։ Վերոնշեալ կայքէջերէն շատերուն աջակցած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը, արեւմտահայերէնի խթանման իր հնգամեայ ծրագրի շրջանակին մէջ, ինչպէս՝

https://www.facebook.com/parev.arev/pokrig.orgwww.e-ptit.comhttp://aghvorpaner.com/www.norharatch.com … Շնորհակալութիւն բոլորին։

Անկասկած կան նաեւ այլ նախաձեռնութիւններ, որոնց մասին մենք տակաւին տեղեակ չենք։ Հայաստանի Կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնը իր կարգին հրապարակեց արեւելահայերէնով առցանց ուսուցման կայքէջերու ցանկ մը.-

– https://www.youtube.com/user/armeduchannel
– https://bit.ly/34m1Wtm
 https://tumanyan.online
– https://armenian-language.org

ՈՒՍՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆՑԱՅԻՆ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐ ԵՒ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (արեւմտահայերէնով)

www.aztagdaily.com/archives/471113

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail