Հայոց Ցեղասպանութիւնը Տեղի Ունեցաւ Այս Հողերուն Վրայ եւ Պէտք է Քննարկուի Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ
24 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան համոզուած է, որ անցեալի իրողութիւններու հետ առերեսուելու միակ վայրը այդ երկրի խորհրդարանն է:
Ըստ անոր` Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նման թեմայով քննարկումներ պէտք է տեղի ունենան 100-րդ տարուան կենսագրութիւնը բոլորող Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, «Եռագոյն»-ի փոխանցմամբ՝ կը հաղորդէ ermenihaber-ը:
«Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան” (ԺԺԿ-HDP) ընդդիմադիր պատգամաւորը այս մասին յայտնած է թրքական «Evrensel» թերթին հետ զրոյցի ժամանակ:
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է այս հողերուն վրայ: Հայ ժողովուրդը եւ անոր մշակութային արժէքները ոչնչացուած են: Աւաղ, 105 տարի շարունակ անցեալի հետ առերեսում չէ եղած, դեռ մէկ բան ալ ժխտողական քաղաքականութիւնը շարունակուած է»,- շեշտած է Փայլան:
Ան յիշեցուցած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան համար պատասխանատու երիտթուրք ղեկավարներէն Թալէաթի եւ Էնվէրի անուններով դեռ պողոտաներ ու զբօսայգիներ կան Թուրքիոյ մէջ: Կործանարար նոյն քաղաքականութիւնը, ըստ Փայլանի, այսօր ալ կը շարունակուի կիրառուիլ քիւրտ ժողովուրդի նկատմամբ: Ատելութեան յանցագործութիւններուն վերջ դնելու համար հարկաւոր է առերեսուիլ անցեալի հետ: Հայ պատգամաւորի կարծիքով, եթէ ատիկա տեղի չունենայ, ապա յանցագործութիւններու կրկնուելու վտանգը աւելի հաւանական կը դառնայ:
Փայլան նաեւ յիշեցուցած է, որ անցած տարիներուն` սկսած 2013-էն, Թուրքիոյ ներկայ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ցաւակցական ուղերձ յղած է Ապրիլ 24-ին, բայց ոչ մէկ անգամ խօսած Ցեղասպանութեան յանցագործներու մասին:
«Ցաւակցելով հանդերձ 105 տարի անց ալ ինք հալածանքները կըշարունակէ: Բանտերու մէջ պէտք չէ ըլլան քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ»:
Անդրադառնալով այլ երկիրներու խորհրդարաններու կողմէ Հայոց Ցեղասպասպանութեան մասին բանաձեւերու ընդունման` Կարօ Փայլան նշած է. «Այդ ամէնը մեր վէրքերը չեն ապաքիներ: Անհրաժեշտ է, որ մեր երկրի խորհրդարանին մէջ այդ հարցը քննարկուի: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը արդարութիւնը պիտի կարենայ գտնել նոյն Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: Վաղը ես խորհրդարանին պիտի առաջարկեմ առերեսուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ եւ արդարացի անուանում տալ կատարուածին»:
Yerakouyn.com/2020/04/24/հայոց-ցեղասպանութիւնը-տեղի-ունեցաւ-ա/