
Փակագիծերը բաց է թիւ Ա-3 – Արմենակ Հարմանտայեանի Պատասխան հաղորդագրութիւնը միապետական հիմունքներ ունեցող Աբրահամեանի
19 յունիս 20017-ին հրապարակուած յօդուած կամքէ անկախ կորսուած: Վերահրապարակուած 25 ԱՊՐԻԼ 2020-ԻՆ:
(Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=)
Նախորդը – Փակագիծերը բաց է թիւ Ա-1-
Ի պատասխան՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախկին Նախագահի 13 Մարտ 2017-ի միակողնանի Սահմանադրութեան հրապարակումը Խեղաթիւրուած ցեւով եւ վերջաւորութեան 67-րդ էջը որը շնորհակալութիւն կը յայտնէ հետեւեալ անձնաւորութիւններուն,
Կը ցանկանանք մեր շնորհակալութիւնը յայտնել Պարոն՝ Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ-ին, Տիգրան ՓԱՇԱԲԵՑԵԱՆ-ին, Մովսես ՆԱՃԱՐԵԱՆ-ին, Պետրոս ՔԵՇԻՇՕՂԼԵԱՆ- ին եւ Գառնիկ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ին իրենց աշխուժ գործունէութեան համար Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախապատրաստումի աշխատանքներուն:
Մինչեւ հոս շատ լաւ, կարդացողները հիացան ձեր մարդկային ուղեղի որակի վրայ:
Փակագիծերը բանալով յիշեցնեմ,
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի / Խորհրդարանի / 2014 թուականէն ի վեր Սահմանադրութիւն պատրաստելու աշխատանքները որ մինչեւ այսօր չէ աւարտուած, պարոն Գարնիկ Սարգիսեանը ուր էր?
1- Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի / Խորհրդարանի / 2014 թուականէն ի վեր Սահմանադրութիւն պատրաստելու աշխատանքներուն մաս չէ կազմած որովհետեւ պատգամաւոր չէր:
2- Պարոն Գարնիկ Սարգիսեանը Արտաքին Գործոց նախարար ( այժմ նախկին ) նշանակուելէ ետք, ԱՀԱԺ միայն իբրեւ հիւր հրաւիրած է ԱՀԱԺ-խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներու որոշ նիստերուն:
3- Պարոն Գարնիկ Սարգիսեանը, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի հանգամանքով 14 յունուար 2017-ին ելոյթ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանքներու մէջ գործող «Պեսրոս Հաճեան»ի հեռուստածրագիրի ուղիղ եթերով, որտեղ ինքնիրէն թոյլ տուած էր քննադատական արտահայտութիւններ ՀՅԴ կուսակցութեան հիմնադիրներու վերաբերեալ, օրին ԱՀԱԺ-ի պատգամաւոր Արմենակ Հարմանտայեանը ««ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍԻ»» «lousavor-avedis.org/?p=15593» միջոցաւ հետեւեալ հարցադրումը ուղղեց, / Կ՛ուզէի լուսաբանուիլ եւ լուսաբանել:
4- Դուք պարոն նախկին նախագահ ի-մէյլ ուղարկելով ինծի պահանջեցիք ներքին խողովակներով լուծել այս հարցը:
Յէր կողմէ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին ձեզի փոխանցեցի հետեւեանը,
Պարոն նախարարը ներողութիւն կը խնդրէ Արեւմտեան Հայաստանի Ժողովուրդէն եւ իբրեւ թէ իր օգնականը սխալմամբ գրած է այդ տողերը եւ նախարարը սխալմանբ արտայայտած:
Դուք պարոն նախկին նախագահ ներքին խողովակներով մինչեւ այսօր չի լուծեցիք այս հարցը, որովհետեւ եւ վերջապէս գտած էիք քեզի նման մարդկային ուղեղ-որակ ունեցող երկրորդ Եսասէր Անձնասէրը, ձեր հաշիւին կ՛ուգար Սահմանադրութեան որոշ կէտերը փոխել ձեր ինքնահաւան քմահաճոյքի համար:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահութիւնը հատուկ նիստի հրաւիրելով պարոն արտաքին գործոց նախարարին, բացատրութիւն պահանջեց:
Հատուկ նիստի հրաւիրուած պարոն Գարնիկ Սարգիսեանի ելոյթը հետեւեալն է:
Բացատրութիւն պահանջելու Խորհրդարանի հատուկ նիստին, պարոն Գարնիկ Սարգիսեանի ելոյթը հակառակ ուղղութիւն ունէր, փոխանակ իր ըրած սխալի վերաբերեալ բացատրութիւն տայ, ( ՀՅԴ կուսակցութեան հիմնադիրներու հասցէին իր ըրած յայտարարութեան) ներկաներուն հրամցուց իր ընտանեկան պարագաներու պատմութիւնը թէ իր ընտանիքի անդամները ինչ-ինչ մակարդակի ազգային գործով կը զբաղուին, եւ ոչ մի բառով իր ըրած սխալին անդրադառձաւ ոչ ալ ներողութիւն խնդրեց:
Դուք պարոն նախկին նախագահ եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար, Հայկական մշակոյթային, պատմական, եւ քաղաքական հաստատութիւնները հարուածելով, ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՒԱՐԱԿԱՆ ուղղութենէ շեղեցաք խեղաթիւրելով ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ եւ ՊԵՏԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՒԱՐԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր
Հարմանտայեան Արմենակ 19 յունիս 20017-ը ՓԱՐԻԶ

24 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE





