Այս տարուայ Ապրիկ 24֊ն ալ անցաւ – Բոլորով յիշեցինք մեր հպարտ հզօր նախնիները որոնք անբիծօրէն ընկան ու քուն մտան վերջին անգամ,

Այս տարուայ Ապրիլ 24֊ն ալ անցաւ: Բոլորով յիշեցինք մեր հպարտ հզօր նախնիները որոնք անբիծօրէն ընկան ու քուն մտան վերջին անգամ, մեզի թողնելով յիշողութիւն, հազարամեայ հպարտութիւն, յոյս ու հաւատք

Այս տարուայ Ապրիկ 24֊ն ալ անցաւ: Բոլորով յիշեցինք մեր հպարտ հզօր նախնիները որոնք անբիծօրէն ընկան ու քուն մտան վերջին անգամ,

24 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE

LES FORCES MILITAIRES OTTOMANES CONDUISENT DES HOMMES ARMÉNIENS VERS UN LIEU D’EXÉCUTION EN DEHORS DE LA VILLE DE KHARPOUT. Empire ottoman, mars-juin 1915.

Ապրիլ 24, 1915 ֊ 2020

Այս տարուայ Ապրիկ 24֊ն ալ անցաւ: Բոլորով յիշեցինք մեր հպարտ հզօր նախնիները որոնք անբիծօրէն ընկան ու քուն մտան վերջին անգամ, մեզի թողնելով յիշողութիւն, հազարամեայ հպարտութիւն, յոյս ու հաւատք։

Այժմ ժամն է մտածելու, մեր ունեցածը պահպանելու, Հայկական ընտանիքը գուրգուրալու, Հայկական պետութիւնը հզօրացնելու։

Սփիւռքը յաւերժ չէ, օր է օր, կամայ թէ ակամայ ձուլման մէջ է, այս մէկը դժբախտաբար։

Պատմութիւնը ուսումնասիրելով ու անորմէ դասերը լաւ գաղելով, այն եզրակացութեան կը հասնինք թէ միակ յոյսը մեր ազգի յաւերժութեան հզօր պետականութիւնն է, ու այդ տարածքը Հայերով բնակեցնելն ու արարելն է։

Շատ զոհեր տուածենք այս վերջին 60 տարիներուն ընթացքին այդ մէկը իրականացնելու իսկ յետոյ պահպանելու համար։ Այժմ ժամն է աշխատանքի, ամէն մէկս մեր չափով, քիչ մըն ալ վիպապաշտութեամբ, բայց գիտակից ու Նախանձախնդիր։

Հաւաքականօրէն եկէք օգնենք ու գործենք հզօրացնելով մեր Հայրենիքը՝ մեր ապագայ ներկայութեան միակ ճարը։

Բարի տարի բոլոր գիտակիցներուն, յուսալով յաջորդ Ապրիլ 24ը ոգեկոչել աւելի հզօր Հայաստանով մը։

24 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE

Ասպետ Հարմանտայեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail