Անընդունելի է Պահանջատիրութիւնը դուրս հանել մեր օրակարգէն. Հարցազրոյց Արամ Ա. Վեհափառի հետ

“THE ARMENIAN CAUSE IS A CAUSE OF JUSTICE” CATHOLICOS ARAM I -

Անընդունելի է Պահանջատիրութիւնը դուրս հանել մեր օրակարգէն. Հարցազրոյց Արամ Ա. Վեհափառի հետ

23 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ

LES FORCES MILITAIRES OTTOMANES CONDUISENT DES HOMMES ARMÉNIENS VERS UN LIEU D’EXÉCUTION EN DEHORS DE LA VILLE DE KHARPOUT. Empire ottoman, mars-juin 1915.

Ապրիլ 22ին, «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ կայացած հեռակապով հարցազրոյցի ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Հայրապետ Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ համավարակի համաշխարհային տագնապի օրերուն հայ ընտանիքներէ ներս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութեան մասին։

Միաժամանակ, Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակի սեմին, շեշտեց հայ ժողովուրդի արդար դատի պահանջատիրութեան գործընթացը ազգովին շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը միայն դատապարտում չէ, այլ՝ էապէս պահանջատիրութիւն է. Կը լսենք ձայներ, Հայաստանէն, որոնք կ՚ըսեն, պահանջատիրութիւնը դուրս հանենք մեր օրակարգէն… Անընդունելի՛ է։ Վա՛յ մեզի, եթէ դադրինք պահանջատէր ժողովուրդ ըլլալէ»։

«Անցնող տարիներուն, շնորհիւ մեր Հայ Դատի մարմիններուն, Պետութիւններ եւ կառավարութիւններ հանգրուանային կերպով սկսան ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Սա հետեւողական աշխատանքի արդիւնք է։ Հետեւաբար, մենք, մեր պահանջատիրական կամքը պէ՛տք է պարտադրենք»։

«Հարուստները պարտաւոր են մեր ժողովուրդին, մեր կառոյցներուն եւ այն մարմիններուն որոնք ծառայութեան լծուած են մեր ժողովուրդին՝ օգտակար ըլլալու»։

«Հայ ընտանիքը՝ փոքր հայրենիք է, փոքր եկեղեցի է, փոքր դպրոց է եւ այս օրերուն, մեր ընտանիքները վերածուեցան փոքր եկեղեցիներու»։

“THE ARMENIAN CAUSE IS A CAUSE OF JUSTICE” CATHOLICOS ARAM I –
«LA CAUSE ARMÉNIENNE EST UNE CAUSE DE JUSTICE» CATHOLICOS ARAM I –

horizonweekly.ca/en/անընդունելի-է-պահանջատիրութիւնը-դու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail