Ուիլսընի իրաւարար վճիռը Հայաստան-Թուրքիա սահմանը ճշդող միակ իրաւական փաստաթուղթն է. Կ. Մանոյեան

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J'EXIGE

Ուիլսընի իրաւարար վճիռը Հայաստան-Թուրքիա սահմանը ճշդող միակ իրաւական փաստաթուղթն է. Կ. Մանոյեան

23 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

LES FORCES MILITAIRES OTTOMANES CONDUISENT DES HOMMES ARMÉNIENS VERS UN LIEU D’EXÉCUTION EN DEHORS DE LA VILLE DE KHARPOUT. Empire ottoman, mars-juin 1915.

«Դրօշակ»ի հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ։  

30-35 տարի առաջ հատուցումներու մասին կարելի է ըսել` բաւական բացասական տրամադրութիւն կար քաղաքական շրջանակներու մօտ: Հիմա այդ փոխուած է, եւ եթէ տակաւին ամբողջական դրական տրամադրութիւն չկայ, բոլորին համար պարզ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան` Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումը հարցի կարգաւորման գործընթացի միայն սկիզբը կրնայ ըլլալ, որովհետեւ հիմնական հարցը հատուցումներն են։ Պէտք է նաեւ շեշտել, որ, միջազգային օրէնքի համաձայն, պայման չէ, որ Թուրքիան նախ ճանչնայ ցեղասպանութիւնը, եւ ապա մենք հատուցումներու հարց բարձրացնենք, թէեւ, բնականաբար, Թուրքիոյ կողմէ իր գործած յանցագործութեան ճանաչումը կը դիւրացնէ հատուցումներու հարցը իր հետ բարձրացնելուն։

– Յարգելի՛ ընկ. Մանոյեան, այս տարի լրանում է ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը: Ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել Հայ դատի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքների վիճակը ներկայումս` նկատի ունենալով մասնաւորապէս ամիսներ առաջ ԱՄՆ Գոնկրէսի երկու պալատների եւ Սիրիայի խորհրդարանի կողմից մեծ ոճիրի ճանաչման եւ դատապարտման իրողութիւնները:

– Նախ անհրաժեշտ է յստակեցնել կամ վերյիշեցնել ընթերցողներուն, որ Հայ դատի աշխատանքները չեն վերաբերիր միայն ցեղասպանութեան առնչուող հարցերուն՝ ճանաչում, դատապարտում եւ հատուցումներ. մեր՝ ՀՅԴ-ի Հայ դատի յանձնախումբերն ու նաեւ գրասենեակները որոշ պարագաներու նոյնիսկ առաւելաբար կը գործեն Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային վարկի բարձրացումին, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումին եւ արտաքին կապերու զարգացումին, Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։ Բոլոր ուղղութիւններով աշխատանքներու ծաւալն ու շեշտադրումները կախեալ են տուեալ միջավայրի քաղաքական պայմաններէն։ Ինչ կը վերաբերի ուղղակի Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող հարցերուն, ապա պէտք է արձանագրել, որ յատկապէս Ձեր նշած վերջին դրական արդիւնքներէն ետք Թուրքիան բաւական դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի, որովհետեւ այդ երկու երկիրներուն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ Սուրիոյ օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ որդեգրուած՝ ցեղասպանութեան ճանաչումի կամ ճանաչումը վերահաստատող բանաձեւերը քաղաքական յատուկ նշանակութիւն ունին։ ԱՄՆ-ն կը հանդիսանայ Թուրքիոյ կարեւորագոյն դաշնակիցներէն մէկը, եւ այդ առումով անոր օրէնսդիր իշխանութեան երկու պալատներուն կողմէ որդեգրուած բանաձեւերը նաեւ պատգամ եւ ուղեցոյց են Թուրքիոյ միւս դաշնակիցներուն, անոնց, որոնք ցարդ նման բանաձեւեր կամ դիրքորոշում չունին, թէ կարելի է նման դիրքորոշում որդեգրել։ Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ խորհրդարանի բանաձեւին, ապա այն յատկանշական է մի քանի առումներով. բանաձեւին ներածականին մէջ յստակ կը յիշուի Արեւմտեան Հայաստանը, երկրորդ՝ կը հաստատուի նաեւ, որ ցեղասպանութեան արարներուն մէկ մասը գործադրուած է նոյնինքն Սուրիոյ տարածքներուն վրայ, եւ որպէս այդպիսին՝ Սուրիան ականատես իսկ է գործուած ոճիրին։ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը» արդէն շուրջ 15 տարիէ ի վեր կը խօսի ցեղասպանութեան ճանաչումէն հատուցումներու խնդրին անցնելու անհրաժեշտութեան մասին, եւ այդ ուղղութեամբ առած ենք որոշ քայլեր։ Արդէն, երբ յիսնամեակէն սկսաւ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի գործընթացը, նպատակը ի վերջոյ հատուցումներու հարցը բարձրացնելն էր, հատուցումներու հարցին բարձրացումին համար անհրաժեշտ քաղաքական մթնոլորտն ու ենթահողը պատրաստելն էր, յատկապէս` Պաղ պատերազմի միջազգային քաղաքական իրականութեան մէջ։ Այժմ մէկ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի փաստը աշխարհով մէկ, միւս կողմէն Հայաստանի անկախ հանրապետութեան գոյութիւնը ստեղծած են ցեղասպանութեան հատուցումներու հարցը բարձրացնելու թէ՛ քաղաքական ենթահողը եւ թէ՛ բազմաթիւ հնարաւորութիւններ հայ ազգին համար։

– Այս հարցազրոյցը լույս կ’ընծայուի այն ժամանակահատուածում, երբ, հաստատուած աւանդոյթի համաձայն,ԱՄՆ նախագահը յայտարարութիւն կ’անի Հայոց ցեղասպանութեան առիթով: Որո՞նք են մեր կանխատեսումները, եւ արդեօք այնքան ծանրակշի՞ռ են քաղաքական հակափաստարկները, որ չպէտք է ակնկալիքներ փայփայենք, թէ ամերիկեան բարձրագոյն իշխանական համակարգն այս տարի եւ մօտակայ ժամանակահատուածում կ’ամբողջացնի իր յստակ դիրքորոշումը այս հարցում:

– Ամերիկեան բարձրագոյն իշխանութիւնը միայն գործադիր իշխանութիւնը չէ. Միացեալ Նահանգներուն մէջ կայ իշխանութեան երեք՝ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական թեւերու փոխադարձ հակակշռումի սահմանադրական կարգ։ Ճիշդ է, որ ԱՄՆ նախագահը, ով կը ղեկավարէ գործադիր իշխանութիւնը, նաեւ պետութեան գլուխն է, բայց Միացեալ Նահանգներու անունով խօսելու իրաւունքը միայն իրմով չէ սահմանափակուած։ Հաշուի առնելով ԱՄՆ-ի օրէնսդիր իշխանութեան՝ Գոնկրէսի երկու պալատներուն վերջին բանաձեւերը, որոնց քիչ առաջ անդրադարձանք, այլեւս անառարկելի է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, դեռ չեմ խօսիր 50-էն 49 նահանգներուն կողմէ տարբեր ձեւի ճանաչումի քայլերը, որոնք անպայման դրական քաղաքական մթնոլորտ ստեղծած են։ Հարցն այն է, որ պէտք է ԱՄՆ-ի գործադիր իշխանութեան համար եւս այդ ճանաչումը միանգամընդմիշտ, անվերադարձ կերպով կատարուի, իսկ այդ ճանաչումը միայն նախագահին ուղերձով չի սահմանափակուիր. կարեւոր է, որ այն այլեւս մաս կազմէ գործադիր իշխանութեան հաստատագրուած քաղաքականութեան, որ բնականաբար կ’ազդուի մէկ նախագահի դիրքորոշումէն, բայց ատով չի վերջանար։ Այս ուղղութեամբ է, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը աշխատանք կը տանի: Վստահ եմ, որ ի վերջոյ հասնելու ենք այդ թիրախին, եւ այդ ճամբուն վրայ ԱՄՆ-ի այսօրուան նախագահին դիրքորոշումը, որ անցեալ մի քանի տասնամեակներուն սովորաբար կ’արտայայտուի նախագահին տարեկան Ապրիլ 24-ի ուղերձով, բնականաբար ունի շատ կարեւոր նշանակութիւն։ Այս ուղղութեամբ աշխատանքը գլխաւորաբար ամերիկահայութեան գործն է, բայց քանի որ հարցը կը վերաբերի ամբողջ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ իրաւունքներուն, բոլորս ոչ միայն ակնկալիք, այլ նաեւ ընելիք ունինք։ Բոլորս ըսելով՝ թէ՛ պետութիւն, թէ՛ հայրենաբնակ եւ սփիւռքաբնակ հայութիւն՝ իրենց բոլոր թեւերով։ Ձեր հարցումին պատասխանելով՝ ոչ միայն յուսահատելու պատճառ չունինք, ընդհակառակը` այս յաջողութիւնները նոր յաջողութիւններու դուռ կը բանան։

– Իսկ առհասարակ ո՞ւր ենք հասել ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ կորուստների հատուցման ուղղութեամբ: Արդէն մի քանի տարի է, որ համապատասխան թղթածրար է պատրաստւում: Այս թղթածրարի ճակատագիրն ի՞նչ է լինելու, գործնական ի՞նչ ընթացք է նախատեսւում մօտ ապագայի համար թղթածրարի հետապնդման առումով, եթէ ի հարկէ կան համապատասխան ծրագրեր, եւ կարելի է այդ մասին խօսել:

– Թղթածրարը, որուն կ’ակնարկէք, կ’ենթադրեմ` կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով որդեգրուած համահայկական հռչակագրին մէջ նշուող թղթածրարին։ Այդ հռչակագրին կէտերէն մէկը կ’ըսէ. «Կ’արտայայտէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի միասնական կամքը Հայոց ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումի հարցով, որուն համար կը մշակէ հատուցումներու համապարփակ թղթածրար` դիտելով զայն անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքներու եւ օրինական շահերու վերականգնման գործընթացի մեկնարկ»: Այս թղթածրարի ուրուագիծը կայ նոյնինքն համահայկական հռչակագրին մէջ. օրին յատուկ աշխատանքային խումբ մը պատրաստեց նաեւ թղթածրարի նախագիծ եւ յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան նախագահին։ Այնուհետեւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցան մի քանի հանդիպումներ՝ նախաձեռնութեամբ եւ համակարգումով Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական հարցերի գիտավերլուծական կենտրոնին, այդ նախագիծին եւ այլ ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ մէկ ամբողջական տարբերակ յառաջացնելու նպատակով։ 2018-ի իրադարձութիւններէն ետք աշխատանքները դանդաղեցան: Յոյս ունիմ` շուտով կը վերսկսին։ Այստեղ պէտք է յիշեմ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ եւ պատուէրով խումբ մը հայ եւ օտար մասնագէտներու մասնակցութեամբ 2007-ին ձեւաւորուած Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումներու ուսումնասիրութեան խումբի աշխատանքը։ Այդ խումբին վերջնական եւ ամբողջական զեկոյցի անգլերէն բնագիրը հրապարակուեցաւ 2014-ի Սեպտեմբերին։ Ցարդ հրապարակուած են այդ զեկոյցին ամբողջական եւ կամ համառօտ տարբերակները հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, լեհերէն. շուտով կը հրապարակուի նաեւ արաբերէնով։ Այս ուսումնասիրութիւնը տարբեր ակադեմական եւ քաղաքական հանրային քննարկումներու հիմնական ատաղձը եղած է եւ պիտի շարունակի ըլլալ։ Որոշ իմաստով այս խումբի աշխատանքը շարունակելու համար հիմնադրուեցաւ եւ ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքին մէջ 2016-ին գրանցուեցաւ Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնը, որուն հոգաբարձուներու խորհուրդին անդամ են տարբեր երկիրներէ մասնագէտներ եւ գործիչներ։ Կարգ մը գործնական պատճառներով դանդաղած այս կեդրոնի աշխատանքն ալ նոր թափ ստանալու կարիք ունի։ Յաճախ, երբ հատուցումներու մասին կը խօսուի, շատեր կը կարծեն, որ այդ միայն իրաւական-դատական գործողութիւններու միջոցով պիտի ըլլայ. այդպէս չէ, թէեւ նաե՛ւ դատական գործեր յարուցելն ալ այդ ամբողջ զինանոցին մաս կը կազմէ։ Այդպէս չէ, որովհետեւ միջազգային օրէնքները տակաւին ամբողջապէս պատասխան չունին հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած այս ոճիրին համար հատուցումներու խնդիրներուն։ Մէկ կողմէ միջազգային օրէնքները անընդհատ կը զարգանան, միւս կողմէ նման յանցագործութիւններու հատուցումի հարցերը շատ արդիական դարձած են։ Հատուցումներու հարցով առնուած են շարք մը քաղաքական, իրաւական եւ ակադեմական քայլեր։ Քաղաքականը կը վերաբերի յատկապէս Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմնին՝ Գոնկրէսէն ներս կատարուող աշխատանքներուն, որոնցմէ գլխաւորը Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ 2011-ին որդեգրուած բանաձեւն է՝ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձի մասին։ Նման բանաձեւ որդեգրուեցաւ նաեւ 2017-ին Գալիֆորնիոյ Ծերակոյտին կողմէ։ Հատուցումներու մասին քաղաքական հրապարակային քննարկումներ եղած են նաեւ Եւրոխորհրդարանին եւ Ֆրանսիայի Ազգային ժողովին անդամներու մասնակցութեամբ Պրիւքսէլի եւ Փարիզի մէջ։ Հատուցումներու շուրջ ակադեմական տարբեր համաժողովները Հայաստանէն Լիբանան, Արժանթին, Հոլանտա, Գանատա ու այլուր, ըստ էութեան, քաղաքական քննարկումներ են, որովհետեւ կը ծառայեն հարցի քաղաքական արծարծումին հող պատրաստելուն։ 30-35 տարի առաջ հատուցումներու մասին կարելի է ըսել` բաւական բացասական տրամադրութիւն կար քաղաքական շրջանակներու մօտ: Հիմա այդ փոխուած է, եւ եթէ տակաւին ամբողջական դրական տրամադրութիւն չկայ, բոլորին համար պարզ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան` Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումը հարցի կարգաւորման գործընթացի միայն սկիզբը կրնայ ըլլալ, որովհետեւ հիմնական հարցը հատուցումներն են։ Պէտք է նաեւ շեշտել, որ, միջազգային օրէնքի համաձայն, պայման չէ, որ Թուրքիան նախ ճանչնայ ցեղասպանութիւնը, եւ ապա մենք հատուցումներու հարց բարձրացնենք, թէեւ, բնականաբար, Թուրքիոյ կողմէ իր գործած յանցագործութեան ճանաչումը կը դիւրացնէ հատուցումներու հարցը իր հետ բարձրացնելուն։ Տարբեր տեսակի ու չափի հատուցումներու հետ կապուած որոշ դատական գործեր յարուցուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ մէջ. վերջինը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածին վերադարձի հարցով։ Դատական բնագաւառին մէջ  եւս անհրաժեշտ է աշխատանքներու համադրումը։

– Տարածաշրջանը, որտեղ կերտւում է մեր ճակատագիրը, շատերի կանխատեսմամբ մեծ փոփոխութիւնների շեմին է, եթէ չասենք, որ այդ փոփոխութիւններն արդէն իսկ ընթացքի մէջ են: Արդեօք մենք անելիքներ ունե՞նք այդ մեծ փոփոխութիւնների շեմին:

– Բնականաբար ընելիք ունինք, եթէ կ’ուզենք այդ փոփոխութիւններով ստեղծուելիք հնարաւորութիւններէն օգտուել։ Ունինք մի քանի ուղղութեամբ կատարելիք աշխատանքներ. մէկը, եթէ ոչ գլխաւորը, Հայաստանի Հանրապետութեան (ներառեալ Արցախի) հզօրացումն է բոլոր առումներով, որպէսզի եթէ կամ երբ գայ այդ պահը, մենք` որպէս ազգ, կարենանք միջազգային օրէնքի համաձայն միջազգային ասպարէզի մէջ մեր գլխաւոր դերակատարին՝ պետութեան միջոցով մեր իրաւունքները պաշտպանել։ Որպէսզի պետութիւնը այդ ժամանակ կարենայ այդ ընել, պետութիւնը պէտք է անընդհատ արձանագրէ, ամրագրէ եւ բարձրաձայնէ, որ ինք պահանջատէր է կամ ինչ այլ բառ, որ կ’ուզենք գործածել: Այդ ընելու համար անհրաժեշտ է հետեւողական ձեւով առնել քայլեր՝ օրէնսդրական թէ քաղաքական-դիւանագիտական։ Մեր միւս ընելիքն է աւարտին հասցնել մեր հատուցումներու կամ պահանջներու ամբողջական թղթածրարը, որ կ’արժանանայ համահայկական համախոհութեան-համաձայնութեան, որպէսզի նաեւ կատարուի դերերու բաշխում տարբեր դերակատարներու միջեւ, եւ մենք պատրաստ ըլլանք այդ հնարաւորութիւններէն օգտուիլ։

– Ժամանակի հակասականութիւնը եւ անկանխատեսելիութիւնը պայմանաւորուած են նաեւ այն հանգամանքով, որ ներքին ու արտաքին բազմաթիւ խնդիրների մէջ խրուած Թուրքիան միաժամանակ դրսեւորում է խիստ ակրեսիւ եւ յաւակնոտ վարք: Այդ վարքը ակնառու է իր գրեթէ բոլոր հարեւանների եւ ոչ միայն հարեւանների հետ լարուած յարաբերութիւններում, մասնաւորապէս Թուրքիան փորձում է լուրջ ռազմական ներկայութիւն հաստատել Նախիջեւանում, ջանքեր է գործադրում` ազդելու ղարաբաղեան բանակցային գործընթացի վրայ: Այսօր կարծես ակնյայտ է դառնում նաեւ,  որ նրա «մատը խառն է» հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան գծում սադրանքներ հրահրելու գործում: Եւ միեւնոյն ժամանակ, կարծես Թուրքիան կարողանում է յաջողութեամբ մանեւրել ռուսական ու ամերիկեան շահերի ու փոխյարաբերութիւնների դաշտերում: Որքանո՞վ է այս քաղաքականութիւնը հեռանկարային Թուրքիայի համար, եթէ դարձեալ այդ ամէնին փորձենք նայել մեզ վրայ ունենալիք ազդեցութիւնների դիտանկիւնից:

– Անառարկելի փաստ է, որ Թուրքիան ինչ-ինչ նպատակներով եւ միջոցներով Հայկական հարցի եւ Հայաստանի հետ կապուած քաղաքականութեան գծով Ատրպէյճանի հետ կը գործէ շատ սերտ, չըսելու համար՝ նոյն բանը կ’ընեն։ Նախիջեւանը զինելը այդ վարքագիծին ամենացայտուն օրինակներէն է։ Իր այդ պահուածքով Թուրքիան իրաւամբ Հայաստանի կողմէ կը նկատուի անվտանգութեան սպառնալիք։ Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան, ապա պէտք է արձանագրել, որ իր աշխարհագրութեամբ եւ հնարաւորութիւններով Թուրքիան տարածաշրջանային կարեւորագոյն ուժերէն մէկն է մեր տարածաշրջանին մէջ։ Բայց այդ չի նշանակեր, որ Թուրքիան անպարտելի է։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն ի վեր Թուրքիա կ’ապրի ոչ միայն պարտուելու, այլ նաեւ կործանուելու սպառնալիքի վախով, որովհետեւ այդ հաւանականութիւնը իրական է։ Իր ռազմական թէ քաղաքական քայլերով Թուրքիան իր համար լաւագոյն պարագային ընդամէնը կրնայ քիչ մը յետաձգել այդ կործանումը։ Մինչ այդ կրնան ըլլալ ելեւէջներ, որոնք մեզ պէտք չէ առաջնորդեն սխալ եզրայանգումներու. եթէ միջազգային բեմին վրայ Խորհրդային Միութեան նման հզօր կայսրութիւնը փլուզուեցաւ, Թուրքիան հաստատ կը փլուզուի: Կարեւորը մեր եւ ուրիշներու հետեւողական աշխատանքն է։

– Այսօրուայ դրութեամբ համավարակը խառնել է բոլորի ծրագրերը: Որքան տեղեակ ենք, Դաշնակցութիւնն  ունէր առաջիկայում գործադրելիք մի շարք նախաձեռնութիւններ՝ Հայ դատի օրակարգով, մասնաւորապէս` Սեւրի պայմանագրի եւ Ուիլսընի իրաւարար վճռի 100-ամեակների առնչութեամբ: Կարելի՞ է այսօր մի փոքր խօսել այդ ծրագրերից:

– Մեր օրակարգին վրայ են նաեւ 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրներու 100-ամեակները եւ ատոնց հակահայ էութեան դէմ քայլեր առնելը։ Ինչ կը վերաբերի Սեւրի դաշնագրին եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանագիծի մասին ԱՄՆ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին, ճիշդ էք, ունինք ծրագրեր. նախատեսուած էր աշնան Սեւրի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ համաժողովներ եւ քաղաքական այլ նախաձեռնութիւններ իրականացնել, որոնք, բնականաբար, այս պայմաններուն մէջ պիտի յետաձգուին։ Բայց ծրագրերը կը մնան։ Նպատակն է բարձրաձայնել, որ մեզի համար Հայ դատի, Թուրքիոյ եւ աշխարհի համար Հայկական հարցի միակ իրական լուծումը, թէկուզ ոչ անթերի տարողութեամբ, տուած է Սեւրի դաշնագիրը, որ, վաւերացուած չըլլալով հանդերձ, ո՛չ օրինաւոր կերպով փոխարինուած է, եւ ոչ ալ զայն ստորագրողներէն որեւէ մէկը  դարձեալ օրինական կերպով չէ հրաժարած անկէ։ Ընդհակառակը` այդ դաշնագիրը ստորագրող պետութիւններն ու իրաւաժառանգորդները ունին պարտաւորութիւն։ Ինչ կը վերաբերի Ուիլսընի իրաւարար վճիռին, ապա այն միակ իրաւական փաստաթուղթն է` Հայաստան-Թուրքիա սահմանը ճշդող, եւ որպէս այդպիսին մենք այս առիթով պէտք է բարձրաձայնենք։ Այս բոլորին մէջ եւս դեր ունի կատարելիք պետութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Արդէն ժամանակն է, եւ պայմանները կան, որ պետութիւնը աւելի ուժեղ ձեւով այս հարցերուն մասին իր դիրքորոշումը հրապարակէ` առանց Թուրքիոյ դէմ պատերազմ յայտարարած ըլլալու։ Մենք 2018 Մայիսէն առաջուան ու յաջորդած՝ ներկայի իշխանութիւններուն մօտ այս հարցերը բարձրացուցած ենք, կը բարձրացնենք եւ պիտի շարունակենք բարձրացնել։ Նման պատմական իրադարձութիւններու ամեակները առիթներ են, որոնք պէտք է օգտագործենք՝ յատուկ նախաձեռնութիւններով առաջ տանելու մեր ազգային-պետական շահերու, իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ինչ որ պէտք է, այլապէս հետեւողական կերպով կատարենք։ Այստեղ յաջողութեան գլխաւոր գրաւականը համազգային միասնականութիւնն ու համախոհութիւնն են։

«Դրօշակ», թիւ 4 (1638), Ապրիլ, 2020 թ.

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – 1895

horizonweekly.ca/en/ուիլսընի-իրաւարար-վճիռը-հայաստան-թու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail