Ալիք»-ի խմբագրական – Հատուցման Իրաւա-Քաղաքական Շեշտադրումը… – Հատուցման Իրաւա-Քաղաքական Շեշտադրումը…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J'EXIGE

Ալիք»-ի խմբագրական – Հատուցման Իրաւա-Քաղաքական Շեշտադրումը… – Հատուցման Իրաւա-Քաղաքական Շեշտադրումը…

27 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

«Ալիք»-ի խմբագրական

Բովանդակ հայութեան արդարահատոյց պահանջատիրական պայքարը յարատեւ է ու միաժամանակ հանգրուանային: Այդ իսկ պատճառով փոփոխման կ՝ենթարկուին լոկ՝ պայքարի միջոց-եղանակները, բայց երբեք՝ գաղափարը, էութիւնը, ոգին ու նպատակը…

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին եւս ողջ Հայաշխարհը միեւնոյն պահանջատիրութեան ռազմավարական դրոյթները սեւեռակէտ դարձնելով, ամենեւին նոր պայմաններու՝ համաշխարհային մակարդակով նոր համավարակի արտակարգ իրավիճակին մէջ կ՝արտայայտէ իր համազգային կամքը յաչս՝ նոյն համաշխարհային ընտանիքի, քաջ գիտակցելով, որ դոյզն իսկ պիտի չի նսեմանայ իր արդար պայքարի էութիւնը: Աւելին, տեղ-տեղ նոյնիսկ իրաւաքաղաքական, պատմական ու բարոյական արժէքներ կրող իր պահանջատիրութիւնը աւելի արդիական ու աւելի ազդեցիկ կ՝արտացոլուի միջազգային հասարակայնութեան հարթութիւններուն վրայ:

105-րդ հանգրուանը, սակայն, ազգի ու ժողովուրդի «պատմական յիշողութեան» օրինաչափութեամբ, մեզի կը յուշէ, որ սեփական պայքարի գերնպատակը՝ ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդի ամբողջական, լիարժէք, արդար, բայց անտեսուած իրաւունքներու հատուցման ապահովումն ու կենսագործումն է, ի խնդիր նոյն հայութեան ու Հայաստանի ազգային թէ՛ պետական ամբողջական անվտանգութեան ու բնականոն զարգացման:

Միեւնոյն «պատմական յիշողութիւնը» մեզի կ՝ուսուցանէ, որ իբրեւ Ազգ ու Պետութիւն գոյատեւելու նախապայման՝ նշեալ անվտանգութիւնն ու զարգացումը պիտի երաշխաւորուին ասկէ 100-ամեակ առաջ կնքուած եւ ապա՝ աշխարհա-քաղաքական սակարկութիւններու իբրեւ արդիւնք չեղարկուած «Սեւրի պայմանագրի» ու անոր հիմքին վրայ «Ուիլսընեան» Իրաւարար ու անբեկանելի հռչակագրի շեշտադրմամբ ու վերագործարկմամբ:

Ահաւասիկ, պահանջատիրութեան 105-րդ տարելիցի ու ժամանակին անոր ամբողջական հատուցման-իրաւատիրական ակտ՝ «Սեւրի» 100-ամեակի համընկնումը 2020-ի սոյն թւականին, աւելիով կը պարտաւորեցնէ հայն ու Հայաստանը՝ վերաժեւորելու եւ ինչու ոչ, գերարժեւորելու եւ ընթանալու նոյն «պատմական յիշողութեան» սկզբունքներու կեանքի կոչման երկար ու տատասկոտ ուղին, մինչեւ վախճանական նպատակի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, հայրենազրկման ու մէկ խօսքով՝ Հայ Դատի լուծման ու հատուցման փառապանծ հանգրուան…:

GENOCIDE ARMENIAN -turc15-1895 erzurum-victims – Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, today Turkey

yerakouyn.com/2020/04/27/հատուցման-իրաւա-քաղաքական-շեշտադրու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail