Հպարտ Եմ, Որ Կողմ Քուէարկամ Եմ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւին. ԱՄՆ Քոնկրէսական Զոի Լոֆկրեն
27 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ, Քալիֆորնիայէն ընտրուած քոնկրէսական Զոի Լոֆկրեն անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին ու յարգած 1.5 միլիոն հայերու յիշատակը:
Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ 1lurer.am-էն եւ Զոի Լոֆկրենի անդրադարձը կը ներկայացնէ Արեւմտահայերէնով.
«Ամէն տարի Ապրիլ 24-ին Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի հայերը յիշատակի տուրք կը մատուցանեն Օսմանեան կայսրութեան օրօք համակարգուած կոտորածին զոհ դարձած հայերուն: Ցեղասպանութիւնը գագաթնակէտին հասաւ 1915 թուականին:
Այս տարի կը նշուի այդ սարսափելու դէպքերուն ժամանակ 1.5 միլիոն հայ տղամարդոց, կանանց ու երեխաներու կոտորածին 105-ամեայ տարելիցը: Օսմանեան կայսրութեան կողմէն հայերու հետապնդումներն ու սպանութիւնները յանցանք են մարդկութեան դէմ:
Այս տարի ոչ միայն կը նշուի զոհերու յիշատակի 105-ամեայ տարելիցը, այլեւ՝ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՝ուղղուի դադրեցնելու Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը:
Ես հպարտ եմ, որ անցեալ տարի կողմ քուէարկած եմ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ԱՄՆ Քոնկրէսի բանաձեւին:
Այժմ ԱՄՆ Քոնկրէսը այս հարցով պատմութեան իրական կողմն է: Եւ շատոնց արդէն ժամանակն է, որ Թուրքիան վերջ դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման»:
yerakouyn.com/2020/04/27/հպարտ-եմ-որ-կողմ-քուէարկամ-եմ-հայոց-ցեղ/