Պատմական Անի Մայրաքաղաքին Դիմաց Այսուհետեւ Կը Ծածանի Հայոց Եռագոյն Դրօշը
27 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը, Մեծ Եղեռնէն 105 տարի անց` ի նշան յիշատակի ու պահանջատիրութեան, հայ-թրքական սահմանին` պատմական Անի մայրաքաղաքի դիմաց, Շիրակի մարզի հեռաւոր Նորշէն բնակավայրի մօտ 21 մեթր բարձրութեան վրայ վեր խոյացած է 10 մեթր երկարութիւն եւ 5 մեթր բարձրութիւն ունեցող հայոց Եռագոյն դրօշը, բացուած է նաեւ խաչքար՝ «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ galatv-էն։
Խորհրդանշական արարողութեան մասնակցած են Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեան, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան, պաշտօնատար այլ անձինք, հիւրեր:
Շիրակի մարզպետը ողջունած է ներկաները, նշելով, որ Ապրիլ 24-ին նման ձեռնարկի մը մասնակցիլը, իսկապէս, յուզիչ ու ոգեւորող է. «Այսօր բոլորիս համար շատ խորհրդանշական ու կարեւոր օր է, ցեղասպանութեան տարելիցի օրը սահմանին վեր կը խոյեանայ հայոց վեհաշուք Եռագոյնը, որ իր մէջ կ՛ամփոփէ կարեւոր միտք մը` եղած ենք, կանք ու պիտի լինենք: Իսկ այս սահմաններն ու այս բնակավայրերը պէտք է հայու շունչով լեցուին եւ աւելի ամուր ըլլան: Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք հեղինակներուն այսպիսի կարեւոր նախաձեռնութեան համար»:
Նշենք, որ նախաձեռնութիւնը իրականացուեած է ռուսաստանաբնակ Ասլանեան, Խռանեան, Գրիգորեան ընտանիքներու աջակցութեամբ:
Yerakouyn.com/2020/04/24/պատմական-անի-մայրաքաղաքին-դիմաց-այսո/