Լռութիւնը Յանցագործութիւն Նկատելով. Պայտըն Կը Խոստանայ Աջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Որդեգրման

THE ARMENIAN CAUSE IS A CAUSE OF JUSTICE” CATHOLICOS ARAM I -

Լռութիւնը Յանցագործութիւն Նկատելով. Պայտըն Կը Խոստանայ Աջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Որդեգրման

28 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

24 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարութիւն հրապարակած է Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով` ակնարկելով, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Այսօր մենք կը յիշենք Մեծ Եղեռնի` Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ հայ ժողովուրդի ապրած վայրագութիւնները: 1915¬1923 թուականներուն շուրջ երկու միլիոն հայ տեղահանուած է եւ 1,5 միլիոն տղամարդիկ, կանայք եւ երեխաններ սպաննուած են: Յոյներ, ասորիներ, սուրիացիներ եւ այլ քրիստոնեաներ նոյնպէս յայտնուած են թիրախին մէջ: Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք կամ լուռ մնանք բնաջնջման այս սարսափելի եւ համակարգուած արշաւի մասին: Եւ մենք պէտք է յաւերժ յարգենք հայ ժողովուրդին հաստատակամութիւնը:

«Յատկապէս կարեւոր է ըսել այս բառերը եւ ոգեկոչել պատմութիւնը այն պահուն, երբ ամէն օր մեզ կը յիշեցնեն ճշմարտութեան ուժին, ինչպէս նաեւ ատելութեան դէմ կանգնելու մեր միասնական պատասխանատուութեան մասին, որովհետեւ լռութիւնը յանցակցութիւն է: Եթէ մենք ամբողջովին պիտի ընկալենք, չոգեկոչենք եւ չուսուցանենք երեխաները ցեղասպանութեան մասին, «այլեւս երբե՛ք» բառերը կը կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը: Փաստերը պէտք է յստակ ու նոյնքան ալ հզօր ըլլան հետագայ սերունդներու համար: Ձախողելով յիշել ցեղասպանութիւնը կամ անոր գործուած ըլլալուն գիտակցութիւնը չունենալով` մենք ուղի կը հարթենք ապագայ զանգուածային վայրագութիւններու համար:

«Ծերակոյտի մէջ աշխատած տարիներուս ես հպարտութեամբ կ՛առաջնորդէի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած ջանքերը: Անցեալ տարի հաւանութիւն տուի Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի մէջ որդեգրման երկկուսակցական օրէնսդրութեան, որով պաշտօնապէս կը ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եթէ ընտրուիմ, կը խոստանամ աջակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի յառաջխաղացման եւ իմ վարչակազմիս համար գլխաւոր առաջնահերթութիւն դարձնել համամարդկային մարդու իրաւունքները: Ես կանգնած եմ բոլոր հայերու եւ ամերիկահայ համայնքի կողքին, որ մեծապէս նպաստած է մեր երկիրին», կ՛ըսուի Պայտընի յայտարարութեան մէջ:

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Dépouilles d’Arméniens au cimetière d’Erzeroum, 1895

www.aztagdaily.com/archives/471701

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail