Սուրիական պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, Դամասկոսի Մերձակայքին Դէմ Իսրայէլեան Յարձակում

Դամասկոսի Մերձակայքին Դէմ Իսրայէլեան Յարձակում

28 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Սուրիական պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքին մէջ «թշնամական թիրախներու»:

ՍԱՆԱ աւելցուց, որ պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են լիբանանեան օդային տարածքէն կատարուած իսրայէլեան յարձակումին եւ վնասազերծած շարք մը հրթիռներ, նախքան անոնց իրենց թիրախներուն հասնիլը:

Սուրիական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով երեք քաղաքայիններ զոհուած են եւ վիրաւորուած են չորս ուրիշներ, որոնց շարքին` երեխայ մը:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին համաձայն, իսրայէլեան յարձակումին թիրախը իրանեան եւ Հըզպալլայի` Դամասկոսի հարաւ- արեւմուտքը գտնուող կեդրոններ էին:

“THE ARMENIAN CAUSE IS A CAUSE OF JUSTICE” CATHOLICOS ARAM I –
«LA CAUSE ARMÉNIENNE EST UNE CAUSE DE JUSTICE» CATHOLICOS ARAM I –

www.aztagdaily.com/archives/471709

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail