Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Ինչո՞ւ Կը Յիշենք, Եւ Ի՞նչ Կը Պահանջենք – Ինչո՞ւ Կը Յիշենք, Եւ Ի՞նչ Կը Պահանջենք

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J'EXIGE

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Ինչո՞ւ Կը Յիշենք, Եւ Ի՞նչ Կը Պահանջենք – Ինչո՞ւ Կը Յիշենք, Եւ Ի՞նչ Կը Պահանջենք

28 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

LES FORCES MILITAIRES OTTOMANES CONDUISENT DES HOMMES ARMÉNIENS VERS UN LIEU D’EXÉCUTION EN DEHORS DE LA VILLE DE KHARPOUT. Empire ottoman, mars-juin 1915.

20-րդ դարասկիզբին Օսմանեան Կայսրութիւնը պետական որոշումով տեղահան ըրաւ ու ցեղասպանութեան ենթարկեց մէկուկէս միլիոն հայ, զրկեց զայն իր պատմական հայրենիքէն ու մշակութային, հոգեւոր, նիւթական ժառանգութենէն, զրկեց իր հողին վրայ ազատ ապրելու, արարելու եւ աճելու կարելիութենէն:

Ծրագրուած այս սպանդը վերջ տուաւ կեանքին նախ մեր մտաւորականութեան, որպէսզի մեր ազգը զրկուի իր մտաւոր հարստութենէն, կղերականներուն, որպէսզի անոնց հետ թաղուին մեր հոգեւոր կեանքն ու արժէքները, ազգային, քաղաքական գործիչներուն ու երիտասարդութեան, որպէսզի թաղուին մեր ազգային ձգտումները: Ցեղասպանը քանդեց մեր մշակութային հարստութիւնը, որպէսզի հայ ազգը իր ներդրումը, այլեւ հետքն իսկ չունենայ համամարդկային քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ, իսկ մեր ժողովուրդի մնացեալ տարրը կա՛մ բռնի թրքացման ենթարկեց կամ ալ գաղթի ճամբուն բարբարոսաբար սպանեց:

Ազգ մը ամբողջ ողջակիզելու Օսմանեան Կայսրութեան պետական համակարգին ծրագրած միջազգային այս յանցագործութիւնը իրականութեան մէջ թուրքին ճակտին դրոշմուած ամօթի խարան մը եղաւ:

Մեր ժողովուրդը, ոչ միայն իր, այլ մարդկութեան դէմ ի գործ դրուած այս զարհուրելի աղէտէն ետք յարութիւն առաւ: Սուրիական անապատը դարձաւ անոր գերեզմանը, միեւնոյն ատեն, սակայն, յարութեան վկայարանը:

Սուրիոյ արաբ ժողովուրդը չենթարկուեցաւ օսմանցիներու ջարդի հրահանգներուն, մերժեց գործակցիլ մարդասպանին հետ ու ձեռք երկարեց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայութեան:

Այս հողերէն ծնունդ առաւ Սփիւռքը ու տեղահանուած հայերը ոչ թէ անհետացան, այլ լուսաւոր աստղերու նման սփռուեցան ու լոյս սփռեցին աշխարհով մէկ: Լոյս գիտութեան, մարդկայնութեան, մշակոյթի, համերաշխ գոյակցութեան՝ արժանանալով ժողովուրդներու ոչ միայն կարեկցութեան, այլեւ յարգանքին:

Կարեկցութիւն չաղերսեց հայը, արդարութեան հաստատում պահանջեց աշխարհով մէկ ու ցեղասպանութեան արհաւիրքը հազիւ թօթափած, իր հայրենիքի մէկ մասին վրայ հիմնեց անկախ պետութիւն ու ապրելով ծաղկեցաւ:

Հայկական կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու ջանքերով կազմաւորուեցաւ նաեւ Սփիւռքը ու դարձաւ քաղաքական ուժ՝ արդար պահանջատիրութեան պայքարին մղուելով: ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ Դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը քաղաքական, դիւանագիտական նոր հորիզոններ բացին Հայ Դատին դիմաց:

Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման պայքարը տարիներ ետք ստացաւ համահայկական բնոյթ: Հայաստան եւ Սփիւռք մէկ բռունցք դարձան ու Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման ու արդար հատուցման պահանջատիրութեան պայքարը տարուէ տարի համաշխարհային արձագանգի արժանացաւ:

Այս պայքարը հայ ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութեան դիմաց լուռ մնացած աշխարհը իրազեկ դարձուց 20-րդ դարու մեծագոյն յանցագործութեան ու ծայր առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման արշաւը՝ ի դիմաց Օսմանեան Կայսրութեան ժառանգորդներուն ուրացման քաղաքականութեան:

Այս բոլորով մէկտեղ աշխարհի տարբեր անկիւնները ստեղծուեցան հայագիտական կեդրոններ, ցեղասպանագիտութեան ամպիոններ ու Հայոց Ցեղասպանութեան ողջ իրողութիւնը աշխարհին պարզուեցաւ փաստավաւերագրական ծով աղբիւրներով ու անհերքելի վկայութիւններով:

13 Փետրուար 2020-ին Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան խորհրդարանը եւս ճանչցաւ ու դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, լուսարձակի տակ առաւ Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն վրայ հայութեան նկատմամբ ի գործ դրուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:

Մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարը կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի այնքան ատեն, որ Թուրքիան ոչ միայն կ’ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ ցեղասպանութեան հետքերը վերացնելու ճիգ չի թափեր, կը փորձէ նենգափոխել պատմութիւնը եւ նոր ճնշումներ բանեցնել Հայաստանին ու հայութեան վրայ: Թուրքիան չի նպաստեր արդարութեան հաստատման, իրազեկ չի դարձներ իր ժողովուրդը պատմական ճշմարտութիւններուն, կը հալածէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող թուրք մտաւորականները ու կը շարունակէ տարածաշրջանին մէջ ծաւալապաշտ իր քաղաքականութիւնը:

Սուրիան ու անոր ժողովուրդը եւս վերջին տասը տարիներուն կրեցին այդ անմարդկային քաղաքականութեան հետեւանքը: Սուրիական հողերը կրկին արիւնով ողողուեցան նոյն ոսոխին բարբարոսութիւններուն պատճառով: Սա Թուրքիոյ 100 տարի շարունակ անպատիժ մնացած ըլլալուն արդիւնքն էր նաեւ:

2020-ին զուգադիպող Սեւրի Դաշնագիրին 100-ամեակը մեր դատի իրաւական հարթակին ուղղութեամբ իրականանալի աշխատանքներուն կարելիութիւնները կը յուշէ: Իսկ մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն արեան կանչը մեզ կը մղէ նոր թափ տալու մեր դատի հետապնդման աշխատանքներուն:

Որովհետեւ Հայ Դատ կը նշանակէ ազգային զարթօնք, հզօր հայրենիք ու բանակ, իր ինքնութիւնը պահպանող եւ ամրապնդող սփիւռք, ամբողջական Հայաստանի տեսլականով առաջնորդուող սերունդներու բազմակողմանի զարգացում, մեր ազգային արժէքներու, լեզուի եւ մշակոյթի ճանաչման, պահպանման ու զարգացման գիտակցութիւն, աշխատանք, ինչպէս նաեւ համահայկական մեր ներուժը ողջմտօրէն առաջնորդելու եւ մեր արդար իրաւունքներուն տիրանալու ազգային ռազմավարութիւն:

Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումով, անոր հետեւանքներուն վերացումով ու արդար հատուցումով Հայ Դատը կը հասնի իր լուծումին:

Արդա՛ր հատուցում, որովհետեւ մեր ժողովուրդը ոչ միայն մէկուկէս միլիոն մարդկային զոհ տուաւ, այլեւ դարձաւ հայրենազուրկ, մարդկային կորուստներուն կողքին ունեցաւ նիւթական, մշակութային եւ տնտեսական ահաւոր կորուստներ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ունեցաւ նաեւ հոգեբանական հետեւանքներ, սակայն մեր երիտասարդ սերունդներուն անկոտրում կամքին շնորհիւ, իրարայաջորդ սերունդները զոհի, սուգի հոգեբանական ծանր վիճակը յաղթահարեցին ու պահանջատէրի գիտակցութեամբ առաջնորդուեցան:

Մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն արեան կանչը արթուն կը պահէ պահանջատիրական մեր ոգին, մինչեւ աշխարհաքաղաքական բարենպաստ պայմաններու ստեղծումն ու մեր պատմական հայրենիքի վերահայացումը: Պատրաստ ըլլալու ենք այդ պահուն, ինքնաքննումի, համահայկական մեր ներուժի կազմակերպման ողջմիտ քայլերով:

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին առիթով, մեր շնորհակալութեան խօսքը կ’ուղղենք Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին, երկրի նախագահին ու խորհրդարանին, որոնք ճանչնալով եւ դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդարութեան հաստատման ճիգերուն իրենց խիզախ մասնակցութիւնը բերին:

«Գ.»

GENOCIDE-© PHOTO – ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM INSTITUTE

yerakouyn.com/2020/04/28/ինչո՞ւ-կը-յիշենք-եւ-ի՞նչ-կը-պահանջենք/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail