Խոնարհելով Անգարայի Պահանջներուն Առջեւ` Թրամփ Դարձեալ Չկրցաւ Ցեղասպանութիւն Բառը Գործածել

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J'EXIGE

Խոնարհելով Անգարայի Պահանջներուն Առջեւ` Թրամփ Դարձեալ Չկրցաւ Ցեղասպանութիւն Բառը Գործածել

28 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ: – ԿԵԱՎՈՒՐ-երը ԵՒ ՄԵՆՔ:

Erdogan threatens to recognize the Red Indians genocide by the Americans in response to the recognition of the Armenian genocide by the United States Senate

ՀԱՅ ԴԱՏԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ

Հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը անցեալ տարի ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, նախագահ Տանըլտ Թրամփ յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով չկրցաւ արտասանել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը, շարունակելով հաւատարմօրէն հետեւիլ Անգարայի կողմէ սահմանուած ուրացման քաղաքականութեան:

Արդարեւ, Ցեղասպանութեան 105ամեակին վերաբերեալ իր տարեկան յայտարարութեան մէջ ան օգտագործեց միայն «Մեծ Եղեռն» եզրը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան խստօրէն դատապարտեց այս խուսափումը՝ յիշեցնելով, որ ուրացման այս քաղաքականութիւնը Անգարայի կողմէ արտադրուած է եւ արտածուած Ամերիկա, ուր անիկա կը գործածուի Թրամփի կողմէ։

Իր կարգին, նախագահական թեկնածու Ճօ Պայտըն խոստացաւ յստակէն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, երբ նախագահ ընտրուի, դրուատելով այդ գծով Քոնկրեսին հաստատած բանաձեւերը։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Թրամփի ուղերձը՝ պնդելով, որ անիկա կատարուած է «ներքաղաքական նկատառումներով» եւ չունի որեւէ իրաւական ուժ՝ աւելցնելով. «Կը մերժենք այդ յայտարարութեան պնդումներ:

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Dépouilles d’Arméniens au cimetière d’Erzeroum, 1895

yerakouyn.com/2020/04/28/խոնարհելով-անգարայի-պահանջներուն-առ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail