Նախագահ Մաքրոնի նամակը՝ Հայաստանի նախագահին. Ֆրանսան յանձնառու է պայքարելու ժխտողականութեան դէմ

Le président de la République française Emmanuel Macron - La France s'est engagée à lutter contre le déni

Նախագահ Մաքրոնի նամակը՝ Հայաստանի նախագահին. Ֆրանսան յանձնառու է պայքարելու ժխտողականութեան դէմ

25/04/2020 – ՖՐԱՆՍԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ: (Նոր Յառաջ)

25/04/2020 – ՖՐԱՆՍԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ: (ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE)

Erdogan menace de reconnaître le génocide des Indiens rouges par les Américains en réponse à la reconnaissance du génocide arménien par le Sénat américain

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով նամակ մը յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին, ուր մասնաւորաբար նշուած է.

«Պարո՛ն նախագահ,

Սիրելի՛ բարեկամ,

Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի յիշատակի այս օրը Ձեզի, ինչպէս նաև հայ ժողովուրդին կը յղեմ իմ լաւագույն եղբայրական և բարեկամական ողջոյնները:

Ապրիլ 24-ին Ֆրանսան կը յիշէ Կոստանդնուպոլսոյ 600 հայ մտաւորականներուն սպանդը, որ սկիզբ դրաւ Ցեղասպանութեան: Այսօր Ֆրանսա առաւել քան երբեք յանձնառու է պաշտպանելու զոհերուն յիշատակը, պայքարելու ժխտողականութեան դէմ և լուրջ դասեր քաղելու այդ ողբերգական պատմութեան էջէն:

Անցեալ տարի իմ երկիրը, համաձայն իմ ստանձնած յանձնառութեան՝ Ապրիլ 24-ը յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Խստօրէն յարգելով ներկայ առողջապահական վիճակին թելադրած հրահանգները՝ ես որոշեցի, որ այս տարի նոյնպէս այդ օրը պէտք է նշուի՝ Փարիզի մէջ, սեղմ արարողութեամբ, Ֆրանսայի կառավարութեան անդամներու ներկայութեան:

Այդ ժառանգութիւնը և հասարակաց յիշողութիւնը մեր երկու երկրներուն միջև իւրայատուկ յարաբերութեան հիմք կը հանդիսանայ: Այսօր աշխարհը պատուհասած պսակաձեւ ժահրի համաճարակը բոլորիս կը պարտադրէ առողջապահական, տնտեսական և ընկերային նոր մարտահրաւէրներ: Այդ մարտահրաւէրները մենք պիտի դիմագրաւենք միասին։ Եւ ես համոզուած եմ, որ Ֆրանսա և Հայաստան միասնաբար պիտի գործեն միջազգային շրջանակներու մէջ՝ ի նպաստ աւելի՛ արդիւնաւէտ, բազմակողմանի և նորահաստատ համերաշխութեան:

Ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները, Հայերը կրնան յոյս դնել Ֆրանսայի բարեկամութեան վրայ: Հաւատարիմ իր յանձնառութիւններուն՝ Ֆրանսան Հայութեան կողքին է, թիկունք հանդիսանալով խաղաղութեան և բարգաւաճման հասնելու անոր իղձերուն:

Պարո՛ն նախագահ, ընդունեցէք յարգանքներուս խորին հաւաստիքը»:

Նոր Յառաջ)

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Dépouilles d’Arméniens au cimetière d’Erzeroum, 1895

www.norharatch.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail