Խեղաթիւրուած հարցեր – 15 Յունիս 2017 – Յարգելի հայրենակիցներ, յարգելի Խորհրդարանի պատգամաւորներ,
Յարգելի հայրենակիցներ, յարգելի Խորհրդարանի պատգամաւորներ,
June 15 2017 – lousavor – Արեւմտեան Հայաստան, Խեղաթիւրուած հարցեր
Ծանօթ: (Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=)
Կիրակի 11 յունիս 2017-ի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի 5-րդ նստաշրջանի Հարմանտայեան Արմենակի խօսքը որը պէտք չունեցայ արտայայտուելու ազգային ժողովի ընթացքը ճիշտ ուղիի մէջ ըլլալու պատճառով,
Այսօր փակագիծերը բաց է:
Ինչպէս որ կ՛ուցէք հասկցէք, Հրամանագիր, երկտող թէ յայտարարութիւն:
Յարգելի հայրենակիցներ, յարգելի Խորհրդարանի պատգամաւորներ,
Մենք այսօր պիտէ է քննարկենք, Արեւմտեան Հայաստանի հանրապետութեան Նախագահի միակողմանի յայտարարուած եւ շրջանառութեան մէջ դրուած սահմանադրութիւնը եւ սահմանդրութեան վերջաւորութեան երկտողի մը յատնութիւնը՝ շնորհակալութեան խօսքերը,
Պատգամաւորներու նկատողութեան կ՛ուզէի յայտնել որ 13 մարտ 2017 թուականի ( http://www.western-armenia.eu/stat.gov.wa/arm/2017/Arevmdyan_Hayasdani_Hanrabedoutyan_Sahmanadroutyoun-09.05.2016.pdf )
կայք-էջի մէջ հրատարակուած Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը, բառին իսկական իմաստով զեղծարարութիւն է:
Թուարկեմ,
1-Իր լրումին չի հասած, Ազգային Ժողովի կողմէ վերջնական չի ստուգուած, չի վաւերացուած եւ ժողովրդային քննարկումի չի ենթարկուած սահմանադրութեան հրատարակելը՝
կեղծարարութիւն է:
2-Հրապարակուած Սահմանադրութեան վերջաւորութեան այսպէս գրուած երկտողը,
( Կը ցանկանանք մեր շնորհակալութիւնը յայտնել Պարոն` Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ- ին, Տիգրան ՓԱՇԱԲԵԶԵԱՆ-ին, Մովսես ՆԱՃԱՐԵԱՆ-ին, Պետրոս ՔԵՇԻՇՕՂԼԵԱՆ- ին եւ Գառնիկ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ին, իրենց աշխուժ գործունէութեան համար Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախապատրաստումի աշխատանքներուն: )
կեղծարարութիւն եւ ապատեղեկատուութիւն է:
3-Սահմանադրութեան անօրէն հրապարակելը եւ որոշ կէտէր փոխելը՝
Անյարգանք է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի հանդէպ,
Անյարգանք է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու եւ անձնաւորութիւններու հանդէպ,
եւ վերջապէս անյարգանք է Արեւմտեան Հայաստանի ժողովուրդի հանդէպ:
4րրդ- Իսկ Սահմանադրութեան հետ կապուած ոեւէ գործ, գործ չի տարած անձնաւորութիւններու ցանկանալ շնորհակալութիւն յայտնելը՝
Իրաւական Դաւաճանութիւն է 2014-են ի վեր ճգնաժամ աշխատանք տանողներու հասցէին:
Յարգելի հայրենակիցներ, յարգելի Խորհրդարանի պատգամաւորներ,
Փակագիծերը բանալով շարունակեմ, Սահմանադրութեան Արեւմտեան Հայերենի թարգմանութեան աշխատանքները տարած են հետեւեալ անձնաւորութիւնները՝
ԵՐԱԳՈՅՆ Կայքը, Սալփի Հ, Հարմանտայեան Արմենակ, եւ Մովսէս Նաճարեան:
Յարգելի հայրենակիցներ, յարգելի Խորհրդարանի պատգամաւորներ,
Ինչ կը վերաբերի Արեւմտեան Հայաստանի հանրապետութեան Նախագահի կողմէ արանց խորհրդակցութեան հրապարակել, թիւ 42-ը http://www.western-armenia.eu/stat.gov.wa/arm/2017/Hramanaqir_N42-Vartchabedi_Hrajaragan-31.05.2017.pdf եւ թիւ 43-ը http://www.western-armenia.eu/stat.gov.wa/arm/2017/Hramanaqir_N43-Vartchabedi_Nchanagman-05.06.2017.pdf հրամանագիրները՝
Ըսեմ ձեզ յարգելիներ,
Խարդախութեան, չարաշահութեան, չարափոխութեան, կեղծարարութեան, խարդախողութեան վերջակէտը միատերութիւնն է:
Յարգելիներ, իբրեւ պատգամաւոր այս երկտողը ձեզի հստակ ցոյց կ՛ուտայ իմ դիրքորոշումը իսկ դուք որ կարոյցի մէջ կ՛ուզեք շարունակել ձեր աշխատանքները, դուք պէտք է որոշէք:
Ժողովրդական-Խորհրդարանական, բարի լոյս ձեր բոլորին,
Միապետական, բարի գիշեր ձեր բոլորին:
Որոշումը ձերն է:
Դիտողութիւն:
Այն անձնաւորութիւնները որոնք եղելութիւններու ընթացքէն տեղեակ չեն, ըսեմ իրինց եւ լուսաբանեմ, մենք կարոյցի մէջ ունէինք միապետական հիմունքներով անձնաւորութիւն մը, կը մտածէի դարձի կ՛ուգայ, երբ երկրորդ մըն ալ աւելցաւ, հարցերը փարթամցաւ, այլեւս դարձի գալու մասին ժամանակ չունիմ այլ լուծումի:
Եթէ հրամանագիր գրելը անձերու հարց է, ապա ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ-Ի կայքի մէջ կը գտնաք իմ կողմէ ստորագրուած հրամանագիր մը երկուշաբթի 19 Յունիսի 2017-ին:
Հարմանտայեան Արմենակ 08 ՅՈՒՆԻՍ 2017
lousavor-avedis.org/?p=19817
(Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=)