Նախարար Զոհրաբ Մնացականեանը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարին Հետ
30 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
THE ARMENIAN CAUSE IS A CAUSE OF JUSTICE” CATHOLICOS ARAM I –
ԱՄՆ Կոնգրեսի Ներկայացուցիչների պալատի ու Սենատի ընդունած բանաձեւերը Հայոց ցեղասպանության վերաբերյալ,
29 ապրիլին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարին հետ: Այս մասին «Երկիր»-ին կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Զրուցակիցները քննարկեցին «Քորոնա» ժահրի տարածման լոյսին տակ ստեղծուած մարտահրաւէրները եւ անոնց դիմագրաւման վերաբերող քայլերը:
Զրուցակիցները անդրադարձան շրջանային վերջին զարգացումներուն: Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու ծիրին մէջ նախարար Մնացականեան ընդգծեց Արցախի մէջ ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան ընտրութիւններու կարեւորութիւնը` մարդու իրաւունքներու իրացման, Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման եւ խաղաղ լուծման գործընթացի արդիւնաւէտ զարգացման առումով:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ 21 ապրիլին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ տեղի ունեցած առցանց հանդիպումին, որուն իբրեւ արդիւնք որդեգրուեցաւ միացեալ հնգակողմանի յայտարարութիւն: Այս առնչութեամբ երկուստեք առանձնայատուկ ընդգծուեցաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ մղուող միջազգային պայքարի պայմաններուն մէջ զինադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը:
www.aztagdaily.com/archives/471852