Թրամփին Ուղղուած Իր Նամակին Մէջ. «Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Իբրեւ Հաւաստի Եւ Ուժեղ Գործընկեր Աջակցիլ Ամերիկային», Կ՛ըսէ Էրտողան
30 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
««Հասունացել է Հայոց ցեղասպանության համար հատուցման ժամանակը»»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին յղած է նամակ մը, որուն մէջ իր աջակցութիւնը յայտնած է Միացեալ Նահանգներուն եւ ամերիկացի գործընկերոջ` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Միլլիէթ» օրաթերթը:
Էրտողան իր նամակին մէջ կը գրէ. «Դուք գիտէք, թէ ես մեծ կարեւորութիւն կու տամ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի իրավիճակին մէջ մեր համագործակցութեան: Ես կը հաւատամ, որ մենք պիտի յաղթահարենք «Քորոնա» ժահրը մեր միացեալ ջանքերով, նաեւ կը հաւատամ, որ մենք աւելի յառաջ պիտի երթանք առողջապահութեան ոլորտի մէջ` այն դասերուն հիմամբ, որոնք կը քաղենք այս ճգնաժամի դէմ պայքարի ընթացքին:
«Ես կը հետեւիմ Միացեալ Նահանգներու մէջ համաճարակին դէմ ձեր վճռական պայքարին եւ շատ ուրախ եմ, որ դուք առաջին քայլերը առած էք կայունացման ուղղութեամբ, որուն շնորհիւ վարակման դէպքերը նուազած են: Մենք չենք կասկածիր, թէ ամերիկացի ժողովուրդը պիտի կարողանայ դուրս գալ այս ճգնաժամէն, որ մեծ փորձութիւն դարձաւ բոլորին համար:
«Դուք կրնաք համոզուած ըլլալ, որ իմ երկիրս պիտի շարունակէ իբրեւ հաւաստի եւ ուժեղ գործընկեր աջակցիլ Միացեալ Նահանգներուն թէ՛ հիմնական պահանջներու բաւարարման, թէ՛ ալ կայունացման ուղղուած քայլերու ծիրին մէջ: Այսօր մենք օդուժին պատկանող օդանաւով ձեզի կ՛ուղարկենք դեղօրայք, որուն կարիքը ամերիկացի ժողովուրդը շատ ունի: Ես յոյսով եմ, որ այս համեստ օգնութիւնը, որ մենք կ՛առաքենք, պիտի օգնէ համաճարակին դէմ ձեր պայքարին եւ պիտի նպաստէ հիւանդներու առողջացման:
«Թանկագի՛ն ընկեր, կը կարծեմ, թէ շատ կարեւոր եւ օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ շարունակել մեր համագործակցութիւնը յետհամաճարակային ծիրին մէջ, յատկապէս միջազգային տնտեսութեան վերականգնման ոլորտին մէջ:
«Բացի ատկէ, կը կարծեմ, թէ մենք պէտք է օգուտ քաղենք մեր միջեւ զարգացած այս յարաբերութիւններէն եւ ամրապնդենք թուրք¬ամերիկեան յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ: Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները յստակ կերպով ցոյց տուած են, թէ տարածաշրջանի համար ինչպիսի՛ կարեւորութիւն ունի թուրք¬ամերիկեան դաշինքի ամրապնդումը:
«Ես անգամ մը եւս իմ երկրիս անունով ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրին իբրեւ հետեւանք մահացած անձերու հարազատներուն»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ յայտնեց. «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Թուրքիոյ` իր առատաձեռնութեան եւ «Քորոնա»¬ի դէմ պայքարին մէջ մեզի օգնելուն համար»:
www.aztagdaily.com/archives/471883