
16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Իլինոյսէն ԱՄՆ ծերակուտական Մարք Քըրք դատապարտած է Ատրպէյճանի աճող յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ: Այդ մասին՝ ըստ PanARMENIAN.Net – ի՝ կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA):
«Այժմ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը նոյնքան անվտագ եւ խաղաղ չ՛ապրիր, որքան մենք ԱՄՆ-ի մէջ: Ղարաբաղի հայերը ամէն օր պայքար կը մղեն` պաշտպանուելով հարեւան Ատրպէյճանի նկրտումներէն»,- ըսած է ծերակուտականը: Ան ողջունած է քոնկրէսականներ Էտ Ռոյսի եւ Էլիոթ Էնկելի առաջարկները, ուղղուած հրադադարի պահպանման: Ան նշած է, որ Հայաստանն ու Արցախը կողմ են առաջարկներուն, իսկ Ատրպէյճանը` ոչ:
ANCA ղեկավար Քէն Խաչիկեան բարձր գնահատած է ծերակուտական դիրքորոշումը ու յոյս յայտնած է, որ աշխատանքը Մարք Քըրքի հետ պիտի շարունակուի եւ Ռոյս-էնկել առաջարկները կեանքի պիտի կոչուին, կը յայտնէ Armenia Today-ը:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com





