Այսօր Գետաշէնի Գրաւման Եւ Հերոսներու Յիշատակի Օրն է – Այսօր Գետաշէնի Գրաւման Եւ Հերոսներու Յիշատակի Օրն է
30 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՕՐ: – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
1991-ի Ապրիլ 30-ին Գանձակի (Կիրովապատ) մէջ տեղակայուած խորհրդային 4-րդ բանակի 2-րդ զօրաբաժինը, հրասայլերու, հրետանիի եւ ռազմական օդուժի աջակցութեամբ, շրջափակման մէջ առաւ Հիւսիսային Արցախի Գետաշէն եւ Մարտունաշէն գիւղերը: Այս գործողութեան՝ ժամեր անց հետեւեցաւ Ատրպէյճանի ՆԳՆ զօրքերու յատուկ նշանակութեան ջոկատներու (ՕՄՕՆ) եւ ատրպէյճանցի «կամաւորներ»ու մուտքը նշուած գիւղերու տարածք:
Շահումեանի շրջանէն հայկական բնակչութեան գաղթին ուղղուած այս գործողութիւնը ստացաւ «Օղակ» («Կոլցօ») անուանումը: Հայաբնակ գիւղերու բնակիչներն ուղղաթիռներով բռնի կերպով տեղահանուեցան:
Թաթուլ Կրպէյեան, Սիմոն Աչիկկէօզեան (Դեդ), Արթուր Կարապետեանը, Վալերի Նազարեան, Զարզանդ Դանիէլեան նահատակուեցան Գէտաշէնի ինքնապաշտպանութեան անհաւասար մարտի ժամանակ:
yerakouyn.com/2020/04/30/այսօր-գետաշէնի-գրաւման-եւ-հերոսներու/