ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ատրպէյճանի խորհրդայնացման 100ամեակը – Համաթրքական Վտանգը եւ Ռուսական Գորդեան Հանգոյցը

Ատրպէյճանի խորհրդայնացման 100ամեակը - Համաթրքական Վտանգը եւ Ռուսական Գորդեան Հանգոյցը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ատրպէյճանի խորհրդայնացման 100ամեակը – Համաթրքական Վտանգը եւ Ռուսական Գորդեան Հանգոյցը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Ատրպէյճանի խորհրդայնացման 100ամեակը․
Համաթրքական Վտանգը եւ Ռուսական Գորդեան Հանգոյցը

28 Ապրիլ 2020

Բարի լոյս՝ Հայաստանի ազատ եւ անկախ Հանրապետութեան պահպանման ու հզօրացման ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԴՐՕՇը վեր բարձրացուցած եւ, անփոխարինելի այդ կռուանով, համայն հայութեան ազգային-քաղաքական ամբողջական վերականգնումին համար ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԵՐ ՈՒԺը կազմակերպ զօրաշարժի մղող ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ։

Ապրիլ 28ի այս օրը, հարիւր տարի առաջ, Անդրկովկասի թուրք-թաթարները ցեղասպան Էնվեր Փաշայի ձեռակերտը հանդիսացող իրենց Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը «զիջեցան» Կարմիր Բանակին եւ Պաքուի իշխանութեան ղեկը «յանձնեցին» ազերի Յեղկոմի նախագահ Նարիմանովին․․․

Յուշատետրի փոստով ներկայացուած են համաթրքական այդ պատմական քայլին տուն տուած ռազմավարական հաշուարկները։

Նոյնպէս անդրադարձ կատարուած է ինչպէս 1920ականներուն, նոյնպէս եւ մեր օրերուն պարբերաբար լսելի դարձող հայ քաղաքական մտքի այսպէս կոչուած «իրատես» ձայներուն, որոնք կը պնդեն, թէ Հայաստանն ու Հայութիւնը պիտի շահէին՝ եթէ օրին ազերիներուն պէս հայերս ալ Կարմիր Համազգեստ հագնէինք․․․

Բարի լոյս՝ բոլոր անոնց, որոնք նախ հայ ժողովուրդի դառն ու դաժան կենսափորձով կը գիտակցին, թէ պատմութիւնը «եթէ»ներ չի սիրեր, ապա՝ Հայկական Հարցի ծագման ու հոլովոյթին, վրէպներուն եւ յաջողութիւններուն հետեւելով յանգած են այն ազգային-քաղաքական պայծառատեսութեան, որ ահա երեք դարէ ի վեր հայոց Ազգն ու Հայրենիքը արեամբ, հողով եւ ինչքով ծանրագոյն հարկ ու գին կը վճարեն ռուս եւ թուրք պետական մտածողութեանց ձեռքը իբրեւ սոսկ խաղաթուղթ ծառայելու․․․ կայսերապետական մրցակցութեան։

Ո՛չ եւ հազար անգամ ո՛չ բոլոր անոնց, որոնք իմաստութեան դասեր բաժնելու «հանդիսաւորութեամբ» կը պնդեն, թէ Չարիքի Աղբիւրը հին Եւրոպան կամ ներկայի Արեւմուտքն է․․․

Չարիքի Աղբիւրը երեք դարէ ի վեր մեր աշխարհամասին հետ իբրեւ միայն իրենց վերապահուած խաղադաշտի վարուող թուրք եւ ռուս կայսերապետութեանց միջեւ մրցապայքարն է, որուն միայն ածանցեալ են կայսերապետական աշխարհի միւս, որոշ առումով նաեւ աւելի հզօր մեծերը։

Իսկ թուրքեւռուսական այդ մրցապայքարին ամէնէն չարչրկուած խաղաքարը նոյնինքն մեր փոքր ածու ՀԱՅՐԵՆԻՔն է՝ բազմաչարչար ՀԱՅ ԱԶԳով։

Բարի լոյս՝ յատկապէս հայ քաղաքական մտքի այն բոլոր ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ, որոնք իրենց մատը դրած են այդ Պատմական Չարիքի ռազմավարական կարեւորագոյն ՀԱՆԳՈՅՑին վրայ, որ համաթրքական վտանգին հետ հանգիստ խաղարկելու, համաթրքական ախորժակները թերագնահատելու եւ, աւելի՛ն, զանոնք կայսերապետական իր հաշիւներուն ծառայեցնելու ՌՈՒՍ ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՐՔԱԳԻԾն է՝ ցարական, խորհրդային թէ ազատական-ժողովրդավարական համազգեստ կրէ ռուսական կայսերապետութիւնը։

Բարի լոյս՝ ամբողջական ազատագրութեան իր երթը անշեղօրէն յառաջ մղելու ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄին, որ թէեւ ծանր հարուածներու տակ կքած է, բայց վերանորոգ թափով դարձեալ պարզած է ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ՄԱՀ դրօշը։

Ռուս կայսերապետական քաղաքականութիւնը սպառած է ԱՐՑԱԽը հայութեան եւ համաթրքութեան միջեւ իբրեւ «զսպիչ խաղաքար» գործածելու․․․ ժամանակը։

Առնուազն հայ քաղաքական միտքը այլեւս ժամանակ չունի «Հիւսիս»էն պատասխան սպասելու իր «Նամակ՝ ռուսաց կայսերին»․․․ հաշւոյն։

Բարի լոյս՝ Չարենցէն իր ստացած պատասխանին եւ «Հայ ժողովուրդ քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է» պատգամին ուղիով երթը շարունակող ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ։

Խորհրդայնացումը բնաւ չէր կրնար ՈՒՂԻ ըլլալ եւ չեղա՛ւ, այլ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՐԵԱՆ պարտադրանք եղաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար։

Ատրպէյճանի խորհրդայնացման 100ամեակը – Համաթրքական Վտանգը եւ Ռուսական Գորդեան Հանգոյցը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail