ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Մուսաւաթական Ատրպէյճանի խորհրդարանը հռչակեց Հանրապետութեան խորհրդայնացումը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
28 Ապրիլ 1920.
Մուսաւաթական Ատրպէյճանի խորհրդարանը
հռչակեց Հանրապետութեան խորհրդայնացումը
28 Ապրիլ 2020
Ն. Պէրպէրեան
Ապրիլ 28ի այս օրը կը լրանայ 100ամեակը Ատրպէյճանի խորհրդայնացումին։
Թէեւ 18 Հոկտեմբեր 1991էն ի վեր Ատրպէյճան անկախ հանրապետութիւն է եւ ազերիները այլեւս պատճառ չեն տեսներ տօնելու «խորհրդայնացման» տարեդարձը, բայց հայոց յուշատետրին մէջ 28 Ապրիլ 1920ը կը նշէ պատմական հեռահար անդրադարձներով յատկանշուող տարեթիւ մը, որուն դասերուն վրայ տակաւին այսօր ալ գլուխ կը յոգնեցնէ հայ քաղաքական միտքը։
Խորհրդային կարգերը ընդունելով՝ ազերի քաղաքական միտքը ապահովեց, պատմութեան թատերաբեմին վրայ, իբրեւ ազգային պետականութիւն վերահաստատուելու եւ գոյատեւելու իրաւական յաղթաթուղթ մը։
Աւելի՛ն. քեմալական Թուրքիոյ յորդորներով Ռուսաստանի խորհրդային քաղաքականութեան սայլին լծուելով՝ ազերի մուսաւաթականները մէկ օրուան մէջ իրենց համազգեստը փոխեցին, մոլեռանդ պոլշեւիկի կարմիր համազգեստ հագուեցան եւ, Կարմիր Բանակի դրօշը բարձրացուցած, արեւելքէն յարձակման անցան Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ, որ արեւմուտքէն արդէն կը դիմագրաւէր թրքական ներխուժման վտանգը։
Ատրպէյճանի խորհրդայնացման քայլը ուսանելի է նաեւ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ներհակ հանգոյցները՝ հակադրութիւնները եւ գործակցութիւնները հասկնալու, բացատրելու եւ ռազմավարականօրէն արժեւորելու առումով։
Թէ՛ պատմական, թէ՛ մերօրեայ դիտանկիւնէն՝ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները իրենց խորքին ունին այնպիսի՛ ծալքեր, որոնց գինը յաճախ վճարուած է եւ կը շարունակուի վճարուիլ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազգային, քաղաքական, հողային եւ տնտեսական իրաւունքներուն եւ շահերուն հաշւոյն։
*
* *
Այսպէ՛ս, 100 տարի առաջ, ազգայնամոլ եւ հակահայ Ատրպէյճանը արտասովոր քայլ մը կատարեց դէպի խորհրդային կարգերու ընդունումը։
28 Մայիս 1918ին հիմնուած եւ այսպէս կոչուած Ատրպէյճանի Ժողովրդավար Հանրապետութեան խորհրդարանը 28 Ապրիլ 1920ին որոշեց ինքնալուծարում յայտարարել։
Մինչեւ 1918 պատմութեան ծանօթ չէր Ատրպէյճան անունով պետութիւն։ 1918ին Էնվերի նախաձեռնութեամբ եւ ճնշումով՝ կեանքի կոչուեցաւ Ատրպէյճանի պետութիւնը, իսկ 1920ին՝ Քեմալի նախաձեռնութեամբ եւ յորդորով՝ ընտրուեցաւ Ատրպէյճանի պետական գոյատեւման եւ ընդարձակման․․․ խորհրդային ուղին։
Երիտթուրքերու ներշնչումով եւ հովանաւորութեամբ ստեղծուած ազերիներու Մուսաւաթ կուսակցութիւնը, որ Ատրպէյճանի անկախ հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ տիրական մեծամասնութիւն էր եւ Խան Խոյսքիի գլխաւորութեամբ կը ղեկավարէր երկրի կառավարութիւնը, որոշեց այլեւս չդիմադրել խորհրդային Կարմիր Բանակի 11րդ զօրաբաժնի Ատրպէյճան ներխուժումին։
Կարմիր զօրայինները Ապրիլ 27ին արդէն կը հակակշռէին Ատրպէյճանի մեծ մասը եւ առաջացուցած էին պոլշեւիկեան կառավարութիւն մը՝ Նարիման Նարիմանովի գլխաւորութեամբ։ Ատրպէյճանի անկախ հանրապետութեան ինքնալուծարման Ապրիլ 28ի խորհրդարանական որոշումին յայտարարութիւնը պարզապէս իրաւական եւ պաշտօնական ինքնահաստատման հնարաւորութիւն տուաւ խորհրդայիններու կազմած պոլշեւիկեան կառավարութեան։
Ինչպէս այս օրերուն մեր սերունդի աչքերուն առջեւ կը պատահի, այնպէս ալ 100 տարի առաջ մեծապետական քաղաքականութիւնը, շահերու բախման եւ համադրման, այլեւ մրցապայքարի իր ուրոյն խաղականոններով՝ կամայականօրէն վճռեց ճակատագիրը Անդրկովկասը բաղկացնող ժողովուրդներուն։
Պատմական զուգահեռը անխուսափելի է, որովհետեւ ոչ միայն մեծապետական խաղը, այլեւ՝ խաղացողները նոյնն են, պարզապէս նոր դիմայարդարում զգեցած են. միակ այն տարբերութեամբ, որ եթէ մեր օրերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներով ներկայացուած է Արեւմուտքը, այդ ժամանակ Մեծն Բրիտանիան կը հանդիսանար Պաքուի նաւթահորերու հակակշռումով շահագրգիռ արեւմուտքի գլխաւոր ներկայացուցիչը։
Միւսները՝ Ռուսաստանն ու Թուրքիան, իրենց լծակից նկատելով Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը, միեւնոյն խաղացողներն են՝ դարերու խորքէն եկող իրենց կայսերապետական շահերու պաշտպանութեան թէ ծաւալապաշտական նկրտումներու բարդ հիւսուածքով։
Այո՛, Ատրպէյճանի խորհրդայնացումը առաջին հերթին նաւթի համար մղուած 1920ականներու մեծապետական բուռն պայքարին իւրայատուկ մէկ հերթափուլն էր, որմէ յաղթական դուրս եկաւ ռուսական կողմը։
Բայց նաեւ սեւ ոսկիի համար պայքարէն շատ աւելի խորարմատ ռազմաքաղաքական մրցակցութեան եւ ազգերու միջեւ գոյութեան կռուի ծալքեր ունէր Ատրպէյճանի խորհրդայնացումը։
Ռուսաստանը՝ արդէն կարմիր համազգեստով, Պաքուի նաւթահորերուն տիրանալու կողքին, հետամուտ էր աւանդական իր նպատակի իրագործումին՝ միջերկրականեան տաք ջուրերուն հասնելու ռուսական ճանապարհի ապահովումին։
Իր կողմէ՝ Թուրքիան անշուշտ չէր արհամարհեր Պաքուի նաւթահորերը, բայց շատ աւելի հեռուները գացող ախորժակներ ունէր, կեդրոնական Ասիա հասնելու համաթրքական ճանապարհի նուաճման նկրտումով գինովցած էր, նաեւ ու մանաւանդ այդ ուղին արգելակող հայկական սեպը մէջտեղէն վերցնելու եւ Ռուսաստանը իր ռազմավարական հաւատարիմ լծակիցէն՝ Հայաստանի կռուանէն զրկելու առաջնահերթ նպատակը ունէր։
Ահա թէ ինչպիսի՛ աշխարհաքաղաքական ենթախորքի մէջ տեղաւորուող քայլ մը եղաւ 28 ապրիլ 1920ի Ատրպէյճանի խորհրդայնացումը։
Արտասովոր քայլ էր, որովհետեւ իր խորքին ունէր Քեմալ-Լենին մինչ այդ գաղտնի համաձայնութեան գործարքը։
– Լենինի Ռուսաստանը կը խոստանար զէնքով, դրամով եւ քաղաքականօրէն օժանդակել Մուսթաֆա Քեմալի ազգայնական շարժումին։
– Իսկ Քեմալի Թուրքիան, փոխադարձաբար, Լենին-Ստալինի Ռուսաստանին կը զիջէր Ատրպէյճանի վրայ իր ունեցած հակակշիռը՝ երիտթուրքերու զինակից մուսաւաթականները… անտէր ու անպաշտպան նետելով պոլշեւիկեան երախը։
Բայց Քեմալի Թուրքիան նաեւ երաշխիք կը ստանար խորհրդայիններէն, որ պոլշեւիկեան իշխանութեան յանձնուած Ատրպէյճանը ցամաքի իր կապը պիտի ունենար Թուրքիոյ հետ՝ անշուշտ Հայաստանի հաշւոյն, Արցախի եւ Նախիջեւանի հայկական հողերու «ատրպէյճանականացումով»։
*
* *
Պատահական չէր, որ Ատրպէյճանի խորհրդայնացումը միաժամանակ կանաչ լոյս տուաւ մուսաւաթական հալածանքներու հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութիւն ապաստանած հայ պոլշեւիկներուն, որպէսզի անմիջապէս պոլշեւիկեան ընդհանուր ապստամբութիւն առաջացնելու իրենց դաւադիր ծրագիրը ի գործ դնեն Հայաստանի մէջ։
Ատրպէյճանի խորհրդայնացումէն բառացիօրէն երկու-երեք օր ետք՝ 1920ի Մայիս 1ին, հայ պոլշեւիկները Աշխատաւորական Օրուան հայաստանեան տօնակատարութիւնները ծառայեցուցին Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը խորտակելու նպատակին։
Պատահական չէր, նոյնպէս եւ մանաւա՛նդ, որ Ատրպէյճանի նորահաստատ խորհրդային իշխանութեանց առաջին քայլերէն մէկը եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վերջնագիր յղել՝ պահանջելով, որ հայկական բանակի զօրքերը յետս կոչէ Ղարաբաղէն եւ ամբողջ Զանգեզուրէն, ճամբայ բանալու համար արդէն կարմիր համազգեստ կրող ազերիական ներխուժողներուն առջեւ…
Երկար պատմութիւն է եւ իր ծանր ու դաժան դասերով մինչեւ մեր օրերը հասնող անդրադարձներ ունի Ատրպէյճանի խորհրդայնացման այդ գործարքը։
Լենին-Քեմալ մեղսակցութեան առաջին այդ պտուղով՝ Ատրպէյճանի խորհրդայնացումով ոչ միայն ի վերջոյ խորտակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը եւ խորհրդայնացաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այլեւ՝ Նախիջեւանն ու Ղարաբաղը նուէր տրուեցան խորհրդային կարգերը… ընդունած Ատրպէյճանին։
*
* *
Այսօր ազերի պատմաբանները կոկորդ կը պատռեն՝ պնդելու եւ փաստարկելու համար, որ Ատրպէյճանը այդպէս ինքնակամ անձնատուր չեղաւ խորհրդային կարգերուն։ Ազերիներու պնդումով՝ Կարմիր Բանակին դէմ մղուած կռիւներուն աւելի քան 20 հազար ազերի զոհուեցաւ։
Բայց պատմական չոր իրողութիւնը եւ պատմութեան դաժան դասը այն է, որ 28 Ապրիլ 1920ին խորհրդայնացումը ընտրելով՝ Կովկասի թուրքերը փանթուրքիզմի կռուանը ամրապնդեցին Հայաստանի արեւելքին եւ պատմական պատուհասի իրենց դիրքերը զօրացուցին հայ ժողովուրդին դէմ։
Պատմական դառն ճշմարտութիւն է նաեւ այն, որ Անդրկովկասը խռովող Թուրքիա-Ռուսաստան դարաւոր մրցապայքարին եւ 1920ականներուն միջազգային-մեծապետական առճակատման կիզակէտի վերածուած Անդրկովկասի վերասահմանագծման խառնիճաղանճին մէջ, փան-թուրքական նկրտումներուն եւ փան-իսլամական գրգռութիւններուն հետ տարօրինակ կենակցութիւն մը հաստատեց ռուս կայսերապետական մտածողութիւնը։
Այն աստիճան արտասովոր ու սադրանքային, որ փան-թուրքական քաղաքականութեան խորհրդաւոր մասը դարձաւ ու կը շարունակէ իբրեւ այդպիսին մնալ Ռուսական Հանգոյցը։
Նոյնքան դառն է միեւնոյն ճշմարտութեան մետալին երկրորդ՝ հայկական երեսը։ Ինչպէս 1920էն սկսեալ եւ Հայաստանի խորհրդայնացման ամբողջ եօթանասուն տարիներուն, այնպէս ալ այսօր հայ քաղաքական մտքի որոշ հոսանք մը կը շարունակէ իրատեսութիւն համարել մեծերու խաղին ու խաղականոններուն հետ քայլ պահելու, մինչեւ իսկ ․․․յանձնուելու ատրպէյճանական օրինակը։
Այսօր եւս հայ պատմաբաններու եւ քաղաքական գործիչներու շարքին կան պնդողներ, որոնց համաձայն Հայաստան իր սահմաններուն մէջ պահպանած պիտի ըլլար ոչ միայն Նախիջեւանն ու Ղարաբաղը, այլեւ Կարսն ու Արտահանը, եթէ 1 Մայիս 1920ին Դաշնակցութիւնը մէկ կողմէ քեմալականներուն, իսկ միւս կողմէ կարմիր զօրայիններուն հետ լեզու գտնէր՝ կանուխէն զիջելով… Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ընդունելով խորհրդային կարգերը։
Պատմութեան դաժան դասերուն հետ այդպէս թեթեւ վարուողներուն արձագանգը զգալի է նաեւ մերօրեայ այն պարծենկոտ «իրատեսութեան» մէջ, որ կը յորդորէ ատրպէյճանեան ախորժակներուն եւ թրքական նկրտումներուն պատասխանել մեծապետական ուժերու թելադրած․․․ Հայաստան-Թուրքիա «հաշտեցման» երկխօսութեան քայլերով։
Բայց կը մոռնան, որ ինչպէս 100 տարի առաջ, նաեւ այսօր Անդրկովկասի մէջ շարունակուող մեծապետական մրցապայքարին մեծագոյն չարիքը փան-թուրքական ռազմավարութեան անպատիժ մնացած ըլլալն է, այլեւ վերանորոգ դարպասումը Թուրքիա-Ատրպէյճան սիրաբանութեան՝ ռուսական հանգոյցով թէ արեւմտեան հանգուցալուծումով։
Կը մոռնան, որ մեր միակ փրկութիւնը Հայաստանի եւ Հայութեան ամբողջական ազատագրումն է, որուն անոփոխարինելի երաշխիքը հաւաքական մեր ուժին ամրապնդումն ու զօրաշարժն է։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ