Եկեղեցականներու Վարչական Ժողովը Շարք Մը Ծրագիրներ Որդեգրեց

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015

church

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Արեւմտեան թեմի պաշտօնական հաստատման 90-ամեակին եւ սուրիահայութեան ներկայ վիճակին առնչութեամբ, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24-ին, առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցականներու վարչական ժողով մը։ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ժողովին ընթացքին արծարծուեցան հետեւեալ նիւթերը, եւ յետ երկար քննարկումներու՝ որդեգրուեցան հետեւեալ ծրագիրները.

Ա. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ

1. 1915-ի նահատակներու սրբադասումին եւ անոնց ընդհանուր տօնակատարութեան տալ «Հոգեւոր Արթնութիւն» քրիստոնէական յատուկ արտայայտութիւնը, եւ այդ նշանաբանով աշխատանքի նուիրուիլ: 100ամեակը պէտք է նաեւ «կրօնապէս արտայայտել»:

2. Կիրակի, Դեկտեմբեր 27-ին, Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին աջով պիտի կատարուի օծումը 1915-ի նահատակաց գլխաւոր սրբապատկերին, որմէ օրինակներ պիտի ուղարկուին Արեւմտեան թեմի բոլոր ծխական եկեղեցիներուն:

3. Թեմի ծուխերէն ներս, հոգեւոր հովիւը՝ հաւատացեալներու ներկայութեան, սրբանկարի օծում պիտի կատարէ, որմէ ետք սրբապատկերը պիտի զետեղուի համապատասխան նորաշէն խորանիկի մը մէջ. այս նպատակով, ծուխերու եկեղեցիներէն ներս Ս. նահատակներուն նուիրուած յատուկ խորանիկ մը պէտք է կառուցուի: Սրբապատկերին հետ պիտի ուղարկուի նաեւ առաջնորդին հոգեւոր պատգամը:

4. Որոշուեցաւ հաւատացեալներուն համար պատրաստել փոքրիկ գրքոյկ մը՝ նահատակներու սրբապատկերով, ուր պիտի բացատրուին «սուրբ» եւ «սրբութիւն» եզրերուն քրիստոնէական նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը մեր կեանքէն ներս: Գրքոյկին մէջ պիտի հրատարակուին կարեւոր վկայութիւններ՝ «սուրբ»ի եւ «սրբութեան» եզրընկալումներուն մասին:

5. Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ հաստատել յատուկ խորան մը, ուր մնայուն կերպով պիտի պահուի 1915-ի նահատակներուն մէկ մասունքը՝ իբր նահատակներու մնայուն ներկայութիւն եւ հաւատացեալներու հոգեւոր մխիթարութիւն: Այս առիթով, ուխտագնացութիւն մը պիտի կազմակերպուի դէպի Սրբոց Ղեւոնդեանց տաճար:

Բ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ 90ԱՄԵԱԿ

1. Պիտի կազմակերպուի բացառիկ բովանդակութեամբ հոգեւորականաց երկօրեայ խորհրդաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Փետրուար 2-3, 2016-ին, նպաստելու համար թեմի եկեղեցականներու հոգեւոր նորոգութեան:
2. Յատուկ գնահատանքի պիտի արժանանան 90 զոյգեր, որոնք լուրջ վաստակ ունեցած են Արեւմտեան ափի թեմական կեանքէն ներս:
3. Պատրաստութիւն կը կատարուի այս առիթով Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետի այցելութեան գծով:
4. Առաջարկուեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդութեան միջոցով հրատարակուած բոլոր օգտակար հրատարակութիւնները զետեղել առաջնորդարանի համացանցային կայքին վրայ:
5. Յատուկ թերթ մը հրատարակել՝ «Հայ Եկեղեցւոյ Ձայնը՝ Օրը Օրին» անունով:
6. Յանձնարարել, որ Կիրակի, Յունուար 17, 2016ին, թեմի բոլոր հոգեւոր հովիւները քարոզի նիւթ դարձնեն «քահանայութիւնը», եւ թելադրել, որ Արեւմտեան թեմէն ներս յատուկ ճիգ թափուի՝ քահանայական կեանքի արժանաւոր թեկնածուներ որոնելու:

Գ. ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ

Նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ շարունակուող քաղաքական պատերազմին պատճառած մարդկային եւ ազգային ծանր վնասները եւ հետեւանքները, ժողովական հայրերը լրջօրէն անդրադարձան նաեւ սուրիահայութեան ապրած անմխիթար վիճակին եւ անոր օգնութեան հասնելու հրատապ անհրաժեշտութեան:

Թելադրուեցաւ իսկոյն թեմի բոլոր ծուխերէն ներս արագ ձեռնարկներ կազմակերպել՝ նիւթական օժանդակութիւն հանգանակելու եւ օգնութեան ընթացքը անընդհատ շարունակելու համար:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail