«Աշխատանք Կը Տանինք Սուրիան Ձերբազատելու Բռնագրաւումի Ամէն Տեսակներէն» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J'EXIGE

«Աշխատանք Կը Տանինք Սուրիան Ձերբազատելու Բռնագրաւումի Ամէն Տեսակներէն» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

01 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:– ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

LES FORCES MILITAIRES OTTOMANES CONDUISENT DES HOMMES ARMÉNIENS VERS UN LIEU D’EXÉCUTION EN DEHORS DE LA VILLE DE KHARPOUT. Empire ottoman, mars-juin 1915.

ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի դատապարտեց սուրիական հողերուն դէմ արեւմտեան, իսրայէլեան եւ թրքական յարձակումները` շեշտելով «Սուրիան բռնագրաւումի ամէն տեսակներէն ձերբազատելու» վճռակամութիւնը:

«Սուրիոյ Իտլիպի նահանգին մէջ թրքական օդային պաշտպանութեան համակարգի մը գոյութիւնը Իտլիպի հողերուն բռնագրաւումը շարունակելու Թուրքիոյ իսկական նպատակները կը հաստատէ, մանաւանդ որ օդային պաշտպանութեան այդ համակարգին իսկական նպատակը օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ վար առնելն է, եւ ատիկա փաստ է, որ այդ հրթիռները թրքական վարչակարգին դաշնակից ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ պիտի չօգտագործուին», նշեց Ժաաֆարի:

«Երկրիս պատուիրակութիւնը կը զգուշացնէ օդային պաշտպանութեան այդ համակարգերը Իտլիպի մէջ գործող Հայաաթ Թահրիր Շամի, Հուրրաս Տինի, Սուրիոյ մէջ թիւրքմենական իսլամական կուսակցութեան նման ահաբեկիչներուն ձեռքը իյնալուն վտանգէն», աւելցուց ան:

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսոն մտահոգութիւն յայտնեց երկուշաբթի օր Իսրայէլի` Սուրիոյ դէմ գործած յարձակումին նկատմամբ` զգուշացնելով երկրին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վերազարթնումէն:

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նիփենզիա հեգնեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ասթանայի խորհրդաժողովին մահը գուժելը` նշելով, որ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ վերջին հանդիպումը ցոյց կու տայ, թէ «խորհրդաժողովը ազդու է»:

«Կացութեան հանդարտեցման մէջ յառաջդիմութիւնը բաւական կարեւոր է, սակայն Հայաաթ Թահրիր Շամի նման ահաբեկչական ապօրինի զինեալ խմբաւորումները կը շարունակեն ոտնձգութիւնները, որոնք անցնող երկու ամիսներուն ընթացքին պատճառ դարձան հարիւրաւոր քաղաքացիներու մահուան: Ծայրայեղականները կ’արգելակեն Իտլիպի մէջ ռուսական եւ թրքական ուժերուն աշխատանքը, անոնց դէմ սադրանք կը կատարեն եւ անոնց ճամբուն վրայ անցարգելներ կը հաստատեն, ուստի ահաբեկիչները չափաւորականներէն անջատելու կարիքը կը մնայ ի զօրու», նշեց Ռուսիոյ դեսպանը:

Նշենք, որ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը երէկ հաղորդեց, որ թրքական յաւելեալ զինուորական շարասիւն մը մուտք գործած է Իտլիպի մէջ «լարուածութեան մեղմացման գօտի»:

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Dépouilles d’Arméniens au cimetière d’Erzeroum, 1895

www.aztagdaily.com/archives/471964

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail