18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Անահիտ Տէր Մինասեան կը գրէ.
Պատերազմներ Եւ Յեղափոխութիւններ
Հայոց աշխարհը իր հիմերէն սարսող 1914-1924 տասնամեակի հրդեհները` Ա. Աշխարհամարտ, Ցեղասպանութիւն, ռուսական զոյգ յեղափոխութիւններ (փետրուար եւ հոկտեմբեր 1917), Սեւրի դաշնագիր, հայ-թրքական պատերազմ, Հայաստանի խորհրդայնացում (1920), ֆրանսական նահանջ Կիլիկիայէն (1922) եւ հայ գաղթականութեան ցրւում` Կ. Սասունին ուսանողական կեանքէն ուղղակի կը նետեն բոլոր ճակատներուն վրայ: 1914-ի աւարտին, մինչ կը յայտարարուի պատերազմը Օսմանեան կայսրութեան եւ Ռուսաստանի միջեւ, զինք կը գտնենք Կովկաս, ուր իբրեւ միակ պատրաստութիւն ունենալով իր քաջութիւնը` կը մտնէ կամաւորական գունդերու կազմին մէջ:
1916-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի փաստացի ներկայացուցիչի պատասխանատուութեամբ, կը հասնի Մուշ, ուր կը հաստատէ իր գաւառին եւ իրեններուն վիճակուած ահաւոր բնաջնջումի պատկերը: Հոն իրեն միացող Ռուբէնի(1) հետ գործակցաբար կը կատարեն նախորդ ամրան կոտորածներէն քանի մը հազար վերապրողներու որոնումը, հաւաքումը եւ շուտով` դէպի թիկունք նահանջը(2): Ռուբէնի նման ու անոր հետ կը հասնի Թիֆլիս եւ կը լծուի գաղթականներու օգնութեան գործին(3): 1917-ի մայիսին, Երեւան, անդամ կ՛ընտրուի [Արեւմտահայ] Խորհուրդին, որուն կը մասնակցին գրագէտներ` Զապէլ Եսայեան, Լեւոն Շանթ, եւ ֆետայիներ` Անդրանիկ, Սմբատ, Սեպուհ: 1919-ին, այլեւս ազգային պետութեան մայրաքաղաք դարձած Երեւանի մէջ, Խորհուրդը խօսնակը պիտի դառնայ արեւմտահայ գաղթականութեան դժգոհութիւններուն եւ պահանջներուն, անոնց տուն դարձին եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծման խնդիրներուն(4): Կ. Սասունի պիտի ընտրուի երեսփոխան` երկրորդ ազգային խորհրդարանին մէջ, ընտրուած` ընդհանուր քուէարկութեամբ, 1919 յունիսին(5): Իսկ 1920-ին, կը նշանակուի նահանգապետ Ալեքսանդրապոլի (այսօր Գիւմրի), որ զգայուն կացութեան մատնուած էր` ստուարաթիւ գաղթականներու եւ որբերու ներկայութեամբ, նաեւ` համայնավար քարոզչութեան թիրախ «գործաւոր դասակարգով» մը(6):
Դէպքերու գահավիժումին հետ` քեմալական յառաջխաղացքով եւ Անգարա-Մոսկուա առանցքի ստեղծումով, ապա Ալեքսանդրապոլի դաշնագրով եւ Հայաստանի խորհրդայնացումով, (29 նոյ.-2 դեկտ. 1920), Կ. Սասունի չի համակերպիր նորածին անկախութեան կորուստին եւ պիտի դառնայ 18 փետր. 1921-ի հակահամայնավար ապստամբութեան ղեկավարներէն մէկը: Իսկ Կարմիր բանակի վերադարձով պարտադրուած երկրորդ խորհրդայնացման` կռուելով պիտի նահանջէ դէպի Զանգեզուր (Սիւնիք), ապա նահանջող բազմութեան հետ անցնի Պարսկաստան, Թաւրիզ (օգոստոս 1921)(7):
1922-ին, իր ընտանիքը` կինն ու երկու երեխաները, պիտի վերադառնան Երեւան` օգտուելով ՆԵՓ-ի տարիներուն յայտարարուած «ներում»-ի տրամադրութենէ մը: Բայց իրեն` Սասունիի համար, արդէն տարագրութիւնն է, որ կը սկսի, եւ անվախճան թափառումը Պարսկաստանէն` Պուլկարիա, ապա` Զուիցերիա, Աւստրիա (Վիեննա) եւ վերջապէս` Ֆրանսա, ուր կը տեղաւորուի 1924-ին:
Տարագրութիւն
Տարագիր կեցութիւնը` քաղաքական գործիչ եւ գրագէտ այս անձնաւորութեան համար, սկիզբ կ՛առնէ [Փարիզի մօտ], ուր Շաւիլը` քաղաք ու հիւրընկալ անտառներ, կ՛ընդունի զինք ու իրեն միացող ընտանիքը, եւ ուր կը կազմուի հայ եւ ռուս գաղթականութեան խաղաղ ընկերային շրջանակ մը:
Ուժերու ծաղկումի տարիքի մէջ, լրիւ յանձնառու` իր կուսակցութեան վերակառուցման գործին, ուր կը պահպանուի «Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստան»-ի նպատակակէտը, Կ. Սասունի հարուստ է նաեւ գրական ներշնչումով ու ծրագիրներով: Հայ մամուլի վերածնունդի այս ժամանակաշրջանին, մինչ կը սկսին «Հայրենիք ամսագիր»-ը (Պոսթոն, 1922), «Յառաջ» օրաթերթը (Փարիզ, 1925) եւ այլն, Կ. Սասունի կը հետեւի մամուլին եւ գրական արտադրութիւններու, կ՛արտադրէ, կը նետուի գրական բանավէճերու մէջ, այսպէս, 1931-ին ողջունելով սփիւռքահայ գրականութեան մէջ վէպի երեւումին դրական նշանը(8): Բայց նաեւ կ՛ուզէ հասկնալ եւ բացատրել 1915-ը, վերլուծել պատճառները: Իր հրատարակած բանավէճ-փորձագրութիւնը պիտի ստանայ արձագանգներ, առիթ տայ վիճարկումներու(9): Պիտի դառնայ անարխիւ պատմութեան մը ժամանակագիրը, իր ապրած օրերէն եւ դէպքերէն վկայող-յուշագրողը:
1933-ին, կուսակցութեան ղեկավար հերթապահ դարձած, պիտի փոխադրուի նախ Հալէպ, ապա` Պէյրութ (1936): Տարիներ, որոնք պիտի կազմեն շարժումի ու գործի ժամանակաշրջան մը իրեն համար, կեդրոնական գործօն կապի դերով Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ Տէրսիմի քրտական ապստամբութեան միջեւ(10):
Աւանդի Փոխանցում
Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին, մինչ հայութիւնը կը կրէ երկրորդ տարագրութեան մը աղէտը` իբրեւ հետեւանք Ֆրանսայի կողմէ Ալեքսանտրեթի նահանգին Թուրքիոյ յանձնումին (1939), Կ. Սասունի կը հաստատուի Լիբանան: 1939-1961 պիտի դասաւանդէ հայ գրականութեան եւ ազգային շարժման պատմութիւն` Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանին մէջ: 1940-էն մաս կը կազմէ «Ազդակ Շաբաթօրեակ» թերթի խմբագրութեան(11), հանդիսանալով նաեւ մէկը լիբանանահայ համայնքի ստեղծման ամուր կռուաններէն: Տարուած է լեզուի եւ մշակոյթի ապագայ սերունդի աւանդման մտասեւեռումով, եւ չի դադրիր կարեւորելէ արեւմտահայերէնը` իբրեւ ինքնութեան բնորոշիչ, բայց եւ վտանգուած արժէք` հայրենի երկրի կորուստի եւ ժողովուրդի ցրւումի ներկայ կացութեան մէջ:
Գրականութիւնը պիտի դառնայ իր նախասիրութեան ոլորտը, կորուսեալ հայրենիք մը փոխարինողը: Իր «Գրական գոհարներ»-ը ճոխ հաւաքածոյ է միջնադարեան եւ աւելի նոր գրական հատուածներու, քաղուած` հարուստ ժողովրդական բանահիւսութեան պահեստէ մը(12): Սասունի կ՛ուզէ, որ «օտար շքեղանքներու մուրացիկը ըլլալու» հակող նոր սերունդը յայտնաբերէ «հայ հանճարը, խոնարհի անոր գանձերուն վրայ, լեցուի իրական հպարտութեամբ»(13):
Մաշեցնող ժամանակին եւ մոռացումին դէմ, իր յիշատակներով հարուստ, ան կը ձեռնարկէ կոթողական գործի մը, իրականութեան նշխարներ, առասպելներ, պատմութիւն, ազգագրութիւն, բարբառ, առակ ու տեղագրութիւն փոխակերպելով գրականութեան… Եւ կը ծնի «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի» երկը(14):
Իր դասաւանդումներու ծիրին մէջ, եւ առանց մտնելու արդի գրաքննադատութեան բաւիղներուն մէջ, Սասունի արդէն հրատարակած էր արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւն մը(15), եւ տեւաբար շահագրգիռ` գրական նոր սերունդի մը փթթումի հարցով: 1962 յունուարին, արդէն 73 տարեկան, Պէյրութի մէջ պիտի հիմնէր «Բագին» գրական հանդէսը`(16) իբրեւ բեմ սփիւռքահայ նոր գրագէտներու, իր էջերը բանալու` ամենահամարձակներուն, շեշտով մը` դէպի Արեւմուտքի մտաւորական մայր հոսանքները:
Կարօ Սասունի կը մահանայ Լիբանան` 11 օգոստոս 1977-ին: Այժմ կը հանգչի Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մէջ(17), Պէյրութի ժողովրդական այս թաղամասին, որ սկզբնապէս, 20-ական թուականներուն, գաղթականական հիւղաւան մըն էր` ճահճային հողամասի մը վրայ: Մինչ այդ, արդէն սկսած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը` նախանշան նոր ցրւումի ալիքներու:
Կէս-ֆետայի, կէս-մտաւորական` Վիգէն Գլակ-Կարօ Սասունի այսօր մեզի կ՛երեւի իբրեւ յատկանշական դէմք մը` Ի. դարու հայ մտաւորականութենէն: Տածած է «գուրգուրանք` ամենայն հայոց գրականութեան հանդէպ, որուն դաստիարակիչ դերին հաւատացած է ու անոր «ծառայած` կիրքով ու հաւատքով»(18):
Շար. 3 եւ վերջ
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com