ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ապրիլ 29, 1904 – Ապստամբ Սասնոյ յաղթական ինքնապաշտպանութիւնը Իշխանաձորի մէջ

Ապրիլ 29, 1904 – Ապստամբ Սասնոյ յաղթական ինքնապաշտպանութիւնը Իշխանաձորի մէջ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ապրիլ 29, 1904 – Ապստամբ Սասնոյ յաղթական ինքնապաշտպանութիւնը Իշխանաձորի մէջ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Ապրիլ 29, 1904.
Ապստամբ Սասնոյ յաղթական ինքնապաշտպանութիւնը Իշխանաձորի մէջ

29 Ապրիլ 2020

Ն. Պէրպէրեան

Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի տարեգրութեան մէջ Ապրիլ 29ին կը բացուի էջը ապստամբ Սասնոյ յաղթական կռիւներէն մէկուն՝ Սասունը Մշոյ դաշտին կապող Իշխանաձոր (Իշխնձոր՝ Տարօնի բարբառով) փոքր գիւղի հերոսական ինքնապաշտպանութեան։

116 տարի առաջ, Ապրիլի այս օրերուն, Արեւմտահայաստանի ողջ տարածքին, մանաւա՛նդ Տարօնայ աշխարհին մէջ, հայ ժողովուրդը կենաց-մահու կռիւ կը մղէր թրքական զօրքերուն դէմ։

Արիւնարբու Սուլթան Համիտի կառավարութիւնը, օգտուելով արեւելքի իր մրցակիցին՝ Ցարական Ռուսաստանի ներքին խռովութիւններէն եւ ծայրագոյն արեւելքի մէջ խմորուող ռուս-թրքական պատերազմի «պատեհութենէն», ժամանակը յարմար նկատեց բրտօրէն գործադրելու Հայաստանի հայաթափման՝ «դատարկման ծրագիր»ը։

Համիտ շատոնց կ՚որոճար Օսմանեան Կայսրութեան այսպէս կոչուած «արեւելեան նահանգներու բարենորոգումներու հարց»ին արմատական լուծում մը գտնելու դաւադիր ծրագիրներ։

Տեղական թուրք ոստիկանութեան եւ քրտական որոշ ցեղախումբերու ձեռամբ կիրարկուող ամէնօրեայ ճնշումները, կեղեքումները, հարստահարումներն ու սպանութիւնները, անշո՛ւշտ, իրենց աւերը կը գործէին եւ հայկական նահանգները դանդաղ, բայց հետեւողական թափով կ՚ենթարկուէին հայաթափման։

Բայց ժամանակը Համիտի դէմ կը գործէր, հայաթափման դանդաղ ընթացքը «ձեռնտու» չէր թրքական պետութեան, որովհետեւ հայ ժողովուրդին մէջ ամէն օր հսկայական թափով կը տարածուէր ըմբոստացման ոգին։ Հայ յեղափոխականները արագօրէն կը կազմակերպուէին եւ կը զինուէին։

Վանն ու Կարինը, Մուշն ու Սասունը կը վերածուէին յեղափոխական յանդուգն հնոցներու, ուր անցեալի հայ ռայաներու նորահաս սերունդները կը կոփուէին զինուելու եւ ազգային իրենց իրաւունքները նուաճելու մարտական ոգիով ու յեղափոխական կազմակերպութեամբ՝ ընդհանուր ապստամբութեան ձեռնարկելով։

Կարմիր Սուլթանը մշակած էր արդէն, թրքական զօրքերու ընդհանուր եւ մեծ յարձակողականով մը, Հայաստանը հայ բնակչութենէ դատարկելու իր հրէշային ծրագիրը։ Պարզապէս կը սպասէր յարմար պահու մը, աւելին՝ կը նախապատրաստէր ա՛յն պահը, երբ եւրոպական մեծ տէրութեանց «անուշադրութենէն» օգտուելով՝ պիտի կարենար իր մահացու հարուածը հասցնել հայութեան։

Մեր յոյսը պէտք է լինի մեզ վրայ միայն, առաջ գնալ եւ մեռնել Սուրբ Նպատակի համար: Այդ է միայն մեր փառքն ու պսակը

*
* *

1904ի գարնանամուտը եղաւ Համիտի սպասած եւ նախապատրաստած յարմար պահը։

Սուլթանի հրահանգով՝ աւելի քան քսան հազար թրքական կանոնաւոր զօրք, համապատասխան թնթանօթներով զինուած, Ապրիլ 10էն սկսեալ ընդհանուր յարձակողականի ձեռնարկեց առաջին հերթին Սասնոյ հայոց արծուեբոյնին դէմ, ուր կեդրոնացած էր ոչ միայն բուն Երկրի հայութեան մարտունակ ուժը, այլեւ Կովկասէն սահմանը կտրած եւ Երկրի օգնութեան փութացած հայ յեղափոխականներու յառաջապահ փաղանգը։

Համիտ սակայն սխալեցաւ իր հաշիւներուն մէջ։

Պահը կրնար յարմար ըլլալ եւրոպական ուժերու ազդու միջամտութենէն խուսափելու դիտանկիւնէն, բայց այլապէս՝ հայ ժողովուրդի դիմադրականութեան առումով, ծայր աստիճան «անյարմար» էր համիտեան կոտորածներու անարգել իրականացման համար։

Հայ յեղափոխական շարժումը փաստօրէն կ՚ապրէր իր մակընթացութեան շրջանը։

Յատկապէս Դաշնակցութիւնը կը գտնուէր կազմակերպական եւ մարտական իր կենսունակութեան բարձրակէտին։

Ոչ միայն խաղաղասէր հայ բնակչութեան մէջ արմատաւորուած էր զէնք բարձրացնելու եւ սեփական ձեռքերով Հայու կեանքն ու իրաւունքը պաշտպանելու մարտունակութիւնը, այլեւ՝ նոյնինքն ֆետայիներու մէջ ծագած բնական վէճերն ու անհատական սրտնեղութիւնները յաղթահարուած էին Վահանի (Մանուէլեան) շրջան առաքումով իբրեւ Դաշնակցութեան լիազօր ներկայացուցիչ։

Յատկապէս հարթուած էր Հրայր-Դժոխքի եւ Անդրանիկի միջեւ հինէն եկած վէճը եւ ամբողջ Տարօն-Տուրուբերանը օժտուած էր կուռ կազմակերպութեամբ մը, որուն գլխուն միասնաբար կանգնած էին Հրայր-դժոխքը (իբրեւ ժողովրդային շարժման ոգին) եւ Անդրանիկը (իբրեւ մարտական ընդհանուր հրամանատար)։

Այդ պատճառով ալ, Համիտի զօրքերը դէմ յանդիման գտնուեցան Տարօնի հայութեան վճռակամ ապստամբութեան։

Հակառակ թնթանօթներու գործած անխնայ աւերումին, Ապրիլի կէսերէն սկսած համատարած բուռն կռիւները ընդհանրապէս վերջ գտան հայերու յաղթանակով։ Անդրանիկ գերազանցեց ինքզինք իբրեւ հայկական ուժերու ընդհանուր հրամանատար՝ թէ՛ անձնական իր քաջագործութիւններով, թէ՛ ռազմավարական իր յանդուգն քայլերով ու նախաձեռնութիւններով։

Թրքական զօրքի ռազմավարական թիրախը Սասնոյ բարձունքներուն գրաւումն էր, Իսկ Անդրանիկի ռազմավարութիւնը կրակի տակ ինկած հայկական գիւղերու անզէն բնակչութեան ապահով փոխադրումն էր ճակատներէն հեռու վայրեր, որպէսզի ճակատի վրայ մնացած կռուող ուժերով կարելի ըլլայ դիմադրել եւ կասեցնել թրքական զօրքին յառաջխաղացքը։

Ապրիլ 29, 1904 – Ապստամբ Սասնոյ յաղթական ինքնապաշտպանութիւնը Իշխանաձորի մէջ

*
* *

Սասունը հայաթափելու թրքական ծրագիրը այդպէ՛ս ձախողութեան դատապարտուեցաւ։

Չկրկնուեցան 1894-1895ի տարողութեամբ կոտորածներ։
Նոյնիսկ վտանգուած հայկական շատ մը գիւղերու պարագային, անոնց բնակչութիւնը ապահով տեղ փոխադրելու որոշումը կայացնելէ ետք, հայոց քաջերը իրենց ձեռքով կրակի տուին սեփական օճախները, որպէսզի թշնամին հոն չբնակեցնէ իր զօրքին հետեւող քիւրտ եւ չերքէզ ամբոխը։ Իսկ կռիւներու աւարտէն ետք, սասունցիք վերադարձան եւ կրկին շէնցուցին իրենց պարպած ու հրկիզած հայրենի գիւղերը։

Սասնոյ 1904ի ապստամբութեան այս շրջագիծին մէջ է, ահա՛, որ յատուկ յիշատակութեան կ՚արժանանան Իշխանաձորի կռիւները, որոնք անհաւասար ուժերով իրարու դէմ հանեցին Սասունի վրայ արշաւող թրքական կանոնաւոր զօրքն ու հայ մարտական քաջերը՝ Ապրիլ 29ին պսակուելով հայերու յաղթանակով։

Իշխանաձորը թէեւ փոքր, բայց ռազմագիտական շատ կարեւոր դիրք ունեցող հայկական գիւղ մըն էր, որ Սասունը Մշոյ դաշտին կապող միակ ճամբուն վրայ կ՚իշխէր։

Ստոյգ տուեալներ կը պակսին 1904ին Իշխանաձորի հայ բնակչութեան թուաքանակին մասին, բայց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի տուեալներով՝ 1909ին Իշխանաձորը ունէր աւելի քան հարիւր հայ տուն։ Անոնք 1904ի կռիւներէն ետք իրենց գիւղը վերադարձած եւ վերաշինած հայերն էին, որոնք մինչեւ 1915 թուականը ապրեցան եւ երկրագործական եւ անասնապահական իրենց խաղաղ աշխատանքով շէնցուցին Իշխանաձորը։

Բայց 1915ին, երբ թրքական պետութիւնը գործադրութեան յանձնեց Հայոց Ցեղասպանութեան մեծ ոճիրը, Իշխանաձորը վերջին անգամուան մը համար դարձեալ զէնք բարձացուց եւ կորովի մասնակցութիւն բերաւ Սասնոյ ինքնապաշտպանութեան։

Հայկական Սովետական Հանրագիտարանին համաձայն՝ Իշխանաձորի հայ բնակչութիւնը ի վերջոյ տարագրուեցաւ եւ մեծ մասամբ կոտորուեցաւ ճանապարհին։

Հայկական այս փոքր գիւղն էր, որ 1904ի Ապրիլ 29ին, գիւղի քահանային երկու զաւակներուն գլխաւորութեամբ՝ կռուի դաշտ նետուեցաւ եւ, Անդրանիկի ուղարկած օգնական ուժերով, կրցաւ հերոսական յաղթանակ տանիլ եւ ետ վանել թրքական կանոնաւոր զօրքը։

Իշխանաձորի յաղթանակը օգնեց, որ Սասունը իր հերոսական հայութենէն դատարկելու սուլթան Համիտի նենգ ծրագիրը ձախողութեան մատնուի, իսկ ատենի Եւրոպայի մեծապետական ուժերը իրենց իսկ հանրային կարծիքին կողմէ ճնշումի տակ առնուին, որպէսզի ի վերջոյ գործադրութեան յանձնեն Հայաստանի բարենորոգումներու ծրագիրը, որ Պերլինի Դաշնագրի օրերէն դրուած էր միջազգային դիւանագիտութեան սեղանին վրայ։

Ապրիլ 29, 1904 – Ապստամբ Սասնոյ յաղթական ինքնապաշտպանութիւնը Իշխանաձորի մէջ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail