Առանց Իրարու Օգնելու Չենք Կրնար Առաջ Երթալ․ ՀՀ Նախագահի Ուղերձը՝ Աշխատանքի Օրուան Առիթով
01 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Աշխատանքի օրուան առիթով: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը հաղորդեն ՀՀ նախագահի գրասենեակէն։ Ուղերձը կը ներկայացնենք Արեւմտահայերէնով.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Այսօր Աշխատանքի օրն է:
Այս տարի անիկա կ՝անցնի արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ, ոմանց՝ բուժաշխատողի, Taxi-ի եւ շտապօգնութեան մեքենայի վարորդի, ոստիկանի ու փրկարարի, անոնց միւս գործընկերներուն համար՝ նոյնիսկ անընդհատ աշխատանքային եղանակով:
Առաջին հերթին կ՝ուզեմ շնորհաւորել եւ երախտիքի ու բարեմաղթանքի խօսքեր յղել ա՛յդ ոլորտներու մարդոց, յատկապէս բժիշկներուն ու բուժաշխատողներուն, որոնց համար այս օրերուն հիւանդանոցը թէ՛ տուն է, թէ՛ ընտանիք: Անոնք արժանի են ամենաբարձր գնահատականի, ինչպէս նաեւ պետութեան կողմէ յատուկ վերաբերմունքի եւ պարգեւի:
Շնորհակալ եմ նաեւ բոլոր այն մարդոց, որոնք այս օրերուն կ՝աշխատին սովորականէն աւելի ծանրաբեռնուած, առանց տրտնջալու: Անոնք կը գիտակցին, որ իրենց ամէն մէկ լրացուցիչ ջանք կրնայ առնուազն մէկ կեանք փրկել, մէկ ընտանիքի համար հաց ստեղծել, նպաստել քաղաքացիի եւ երկրի անվտանգութեան պահպանութեան:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
«Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով ձեզմէ ոմանք ժամանակաւորապէս կտրուած են աշխատանքէ, ոմանք կորսնցուցած են աշխատանքը՝ իրենց ամենօրեայ ապրուստի միակ միջոցը: Նախագահը կը կիսէ անոնց մտահոգութիւնները, կը հասկնայ, թէ այս իրավիճակին մէջ ինչ կը նշանակէ մնալ առանց աշխատանքի։
Գիտեմ, որ այս պահուն ձեզմէ շատերը փրկօղակ կ՝որոնեն: Պետութեան աջակցութեան կարիք կայ, նաեւ միմեանց ձեռքը ամուր բռնելու կարիք կայ, որովհետեւ առանց իրարու օգնելու չենք կրնար առաջ երթալ, առաւել եւս՝ արտակարգ իրավիճակի մէջ: Դուք բոլորդ աշխատանքի մարդիկ էք, աշխատանք սիրող մարդիկ: Եւ բնաւ կապ չունի, թէ, արտակարգ իրավիճակով պայմանաւորուած, ուր էք այս պահուն՝ տունը մեկուսացա՞ ծ, թէ՞ շինհրապարակի վրայ, վիրահատական սեղանի առջե՞ւ, թէ՞ գիտական թեզը շարունակելու աշխատանքի վրայ, ծառայութեան մէ՞ջ էք, թէ՞ կը սպասէք գործատուի զանգին:
Այսօր անգամ ամենազարգացած եւ հարուստ երկիրներու մէջ հասարակական լուրջ խնդիրներ առաջացած են: Մենք նոյնպէս կը գտնուինք բարդ կացութեան մէջ: Մէկ կողմէն՝ համավարակը իր հետեւանքներով, միւս կողմէն՝ տնտեսական ու նիւթական խնդիրները, եւ անոնց կողքին՝ հասարակական, մարդկային խնդիրները: Բոլոր պարագաներուն ալ պետութիւնը առաջին հերթին եւ մենք բոլորս ընելիք ունինք։
Իրավիճակէն ելքը պետութիւն-գործատու-աշխատող եռանկիւնին մէջ է, որ պէտք է ըլլայ կուռ ամբողջութիւն: Սակայն լուծման ուղին առաջին հերթին պատասխանատւութիւնն է, կարգապահութիւնը, զգօնութիւնը եւ նաեւ հոգատարութիւնը աշխատող մարդու նկատմամբ, որպէսզի հնարաւորինս շուտ յաղթահարենք համավարակը եւ վերադառնանք բնականոն կեանքի:
Մենք սովոր ենք դժուարութիւններ յաղթահարելուն, եւ այսօր ալ ատիկա պէտք է ընենք միասին: Իսկ յաղթահարելը նոյնպէս աշխատանք է, որ ոչ ոք միւսի փոխարէն կրնայ ընել:
Եղէք ամուր, եղէք հաստատակամ»:
yerakouyn.com/2020/05/01/առանց-իրարու-օգնելու-չենք-կրնար-առաջ-ե/