«Չինաստան Կարելի Ամէն Բան Պիտի Ընէ, Որպէսզի Նախագահական Ընտրութեան Մէջ Պարտուիմ» Կ՛ըսէ Թրամփ

For all his life, the weak remain weak like sheep

«Չինաստան Կարելի Ամէն Բան Պիտի Ընէ, Որպէսզի Նախագահական Ընտրութեան Մէջ Պարտուիմ» Կ՛ըսէ Թրամփ

02 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ARMENIAN GENOCIDE – This picture shows part of the 5.000 children from Kharput en route on donkey back and foot. “Story of Near East Relief” by James L. Barton, New York, 1930, p. 152

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ իր կարծիքով, «Քորոնա» ժահրին նկատմամբ Չինաստանի վերաբերմունքը ապացոյցն է այն բանին, որ Փեքին ամէն ինչ պիտի ընէ նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան մէջ իր պարտութեան համար:

Սպիտակ տան ղեկավարը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին շատ կարծր արտայայտուած է Չինաստանի մասին եւ նշած, որ տարբերակներ կը մտածէ Չինաստանը «Քորոնա» ժահրի նկատմամբ անոր վերաբերմունքին համար պատասխանատուութեան ենթարկելու շուրջ:

«Ես շատ բան կրնամ ընել», ըսած է Թրամփ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի մեղքը կը բարդէ Չինաստանի վրայ: Վարակը Միացեալ Նահանգներու մէջ պատճառ դարձած է աւելի քան 60 հազար մահուան եւ երկրին տնտեսութիւնը մատնած է խոր ճգնաժամի` միեւնոյն ժամանակ սպառնալով Թրամփի նախագահ վերընտրուելու առիթներուն:

Հանրապետական նախագահը, որուն յաճախ կը մեղադրեն, որ ժամանակին չէ սկսած «Քորոնա» ժահրին դէմ կանխարգելիչ քայլերու ձեռնարկելը, կը կարծէ, թէ Չինաստան պարտաւոր էր շատ աւելի կանուխ աշխարհը տեղեկացնել այդ ժահրին մասին:

«Չինաստան կարելի ամէն բան պիտի ընէ, որ ես այդ ընտրապայքարին մէջ պարտուիմ», ըսած է Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավարը կը հաւատայ, որ Փեքին կ’ուզէ նախագահական ընտրութեան յաղթող տեսնել իր մրցակից Ճօ Պայտընը, որպէսզի թուլացնէ առեւտուրի եւ այլ ոլորտներու մէջ իր կողմէ Չինաստանի վրայ գործադրուող ճնշումը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Կեն Շուան պատասխանեց Թրամփի խօսքերուն` յայտարարելով. «Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը անոնց ներքին հարցն է: Մենք միջամտելու առումով ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ունինք: Նոյն ատեն, մենք յոյս ունինք, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները Չինաստանը չեն ներքաշեր իրենց ընտրական հոլովոյթին մէջ»:

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – 1895

www.aztagdaily.com/archives/471969

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail