Թրամփ Կը Սպառնայ Քարիւղի Արդիւնաբերութիւնը Չնուազեցնելու Պարագային Ամերիկեան Ուժերը Հեռացնել Սէուտական Արաբիայէն
02 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներ Սէուտական Արաբիոյ վրայ ճնշում կը բանեցնէին Ռուսիոյ հետ քարիւղի գիներու պատերազմին վերջ տալու, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սէուտցի ղեկավարներուն սպառնացած է:
Թրամփ 2 ապրիլին Մոհամետ պըն Սալման իշխանին յայտնած է. «Քարիւղի արդիւնահանումը կրճատէ, այլապէս ամերիկեան զինուորական աջակցութիւնը կը կորսնցնես»:
www.aztagdaily.com/archives/471968