ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Թերեւս սա վերջին փոթորիկը ըլլայ… Թերեւս սա վերջին փոթորիկը ըլլայ… Թերեւս սա վերջին փոթորիկը ըլլայ…

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Թերեւս սա վերջին փոթորիկը ըլլայ...

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Թերեւս սա վերջին փոթորիկը ըլլայ… Թերեւս սա վերջին փոթորիկը ըլլայ… Թերեւս սա վերջին փոթորիկը ըլլայ…

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Թերեւս սա վերջին փոթորիկը ըլլայ…»

30 Ապրիլ 2020

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի նկատմամբ պատասխանատուութեան զգացումը ամէն բանէ վեր դասող հայոց ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ, որոնց դաշնակցական ճառագայթող դէմքերէն ՎԱՆԱՅ ՍԱՐԳԻՍի նահատակութիւնը կ՚ոգեկոչենք Ապրիլ 30ի այս օրը։

Ինչպէս որ Յուշատետրի այսօրուան փոստը կը ներկայացնէ, Վանայ Սարգիս առաջին ձերբակալեալներէն մէկը եղաւ 1915ի Ապրիլ 24ին եւ քանի մը օր ետք՝ Ապրիլի 30ին սպաննուեցաւ թուրք ցեղասպան պետութեան հրամանով։

Բարի լոյս՝ պատնէշի վրայ մինչեւ վերջին շունչ ԱՆՎԵՀԵՐ ԿԱՆԳՆՈՂ եւ սեփական ժողովուրդին, իրենց անձին ու գերագոյն զոհաբերութեան օրինակով, ՉԽՈՆԱՐՀՈՂ ԵՂԷԳՆԵՐՈՒ մարտունակութիւն ներշնչող ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ։

Վանայ Սարգիս Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ապրող ամբողջ հայութեան ազգային-քաղաքական ԿԱՄՔԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ պատասխանատուութեամբ մնաց ու գործեց Պոլսոյ մէջ՝ իբրեւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Բիւրոյի ներկայացուցիչը, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ 1914ի վերջերուն իթթիհատական կառավարութիւնը Գերմանիոյ կողքին Աշխարհամարտին միանալու տենդով վարակուած էր եւ պաշտօնապէս դիմած էր Հ․Յ․Դաշնակցութեան, Կարնոյ մէջ գումարուած Հ․Յ․Դ․ 8րդ Ընդհանուր Ժողովի աւարտին՝ Թուրքիոյ կողքին Ռուսաստանի դէմ ճակատ բանալու առաջարկով եւ ստացած էր․․․ քաղաքավարական մերժումի պատասխան։

Բարի լոյս՝ թուրքեւռուս հակամարտ զոյգ կայսրութեանց մականին տակ ապրող հայութիւնը քաղաքացիական օրինապահութեան մէջ պահելու յանձնառութեան վրայ խարսխուած հայ քաղաքական մտքի ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ, որուն ՅԱՌԱՋԱՊԱՀը հանդիսացաւ այդ օրերուն Հ․Յ․Դ․ ղեկավարութիւնը՝ գիտակցելով հանդերձ, որ համաշխարհային ԻՐԱՐԱՆՑՈՒՄԻ ՊԱՀԸ կրնար․․․ գործածուիլ՝ ի սպաս թուրք ցեղասպան պետութեան մշակած ՄԵԾ ՈՃԻՐԻՆ գործադրութեան։

«Թերեւս սա վերջին փոթորիկը ըլլայ…» բանաձեւումին մէջ խտացած Վանայ Սարգիսներու քաղաքական կտակը, խորքին մէջ, կ՚արտայայտէ ամբողջ ողբերգականութիւնը հայ ժողովուրդի նոր ժամանակներ մուտքը հարուածած, մահացու խոցած ԱՐՀԱՒԻՐՔին։

Բարի լոյս՝ թուրք պետական ղեկավարութեան ՉՀԱՒԱՏԱԼՈՒ ուղին ընտրած ըլլալով, ինքնապաշտպանութեան ՊԱՏՐԱՍՏ ԳՏՆՈՒԵԼՈՒ համար ժողովուրդը զինելու զօրաշարժին լծուելով հանդերձ՝ ՀԱՅԵՒԹՈՒՐՔ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄը քաղաքական հունի մէջ պահելու հայ քաղաքական մտքի ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ։

Պոլիսը ՍԻՐՏն ու ՄԻՏՔն էր Օսմանեան Կայսրութեան լուծին տակ ապրող ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ եւ Պոլիս կեդրոնացած հայ ազգային-քաղաքական ղեկավարութեան ՊԱՐՏՔն էր ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ հաստատակամ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ կանգուն մնալ․․․ մօտալուտ «ՓՈԹՈՐԻԿ»էն առաջ։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Թերեւս սա վերջին փոթորիկը ըլլայ…

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail