ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – (Պօղոս Օտապաշեան – Սարգիս Բարսեղեան, 1875-1915) Աչքերում սարսափելի կրակ» ունեցող Հայ Յեղափոխականն ու Գաղափարի Մարտիկը

(Պօղոս Օտապաշեան - Սարգիս Բարսեղեան, 1875-1915) Աչքերում սարսափելի կրակ» ունեցող Հայ Յեղափոխականն ու Գաղափարի Մարտիկը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – (Պօղոս Օտապաշեան – Սարգիս Բարսեղեան, 1875-1915) Աչքերում սարսափելի կրակ» ունեցող Հայ Յեղափոխականն ու Գաղափարի Մարտիկը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Վանայ Սարգիս (Պօղոս Օտապաշեան – Սարգիս Բարսեղեան, 1875-1915).
«Աչքերում սարսափելի կրակ» ունեցող Հայ Յեղափոխականն ու Գաղափարի Մարտիկը

30 ԱՊՐԻԼ 2020

Ն. Պէրպէրեան

24 Ապրիլ 1915ի գիշերը, Պոլսոյ մէջ, թրքական իշխանութեանց կողմէ ձերբակալուած հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու եւ ազգային-քաղաքական ղեկավար դէմքերու շարքին կը գտնուէր հայ յեղափոխականի եւ գաղափարի մարտիկի բացառիկ մարմնաւորում մը՝ Վանայ Սարգիս դաշնակցական անուանումով, որ իր ձերբակալութենէն քանի մը օր ետք, Ապրիլ 30ին, զոհ գնաց թրքական պետութեան գործադրած մեծ ոճիրին՝ դառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին նահատակներէն մէկը։

Ինչպէս որ Ռուբէն կը նշէ իր յուշերուն մէջ՝ «Առհասարակ շատ բան չեն գիտեր մեր շարքերը այս մեծ մարդուն մասին»։ Այսուհանդերձ՝ հայ ազգային-ազատագրական շարժման եզակի հսկաներէն է Սարգիս Բարսեղեան, Վանայ Սարգիս, Շամիլ եւ Կոլոտ Սարգիս անուններով ճանչցուած գանձակեցի այս հայորդին, որուն գաղափարական դէմքն ու արժէքը լաւագոյնս խտացուցած է Ռուբէն իր յուշերէն առնուած վերեւի խորհրդածութեան շարունակութեան մէջ.-

«Ան մէկն էր այն տէրվիշներէն, որ ոչ մէկ փայլ ունէր, որ ըստ երեւոյթին հասարակ ուժ կը թուէր, բայց ըստ էութեան ամէն ինչը ա՛ն էր։ Ով ծանօթ է Ռոստոսին, նոյն երեւոյթը դիտած պիտի լինի։ Պիտի ըսեմ, որ Սարգիսը Ռոստոմ մըն էր, գուցէ աւելի տուեալներով ու ձիրքերով օժտուած։ Ան մեզ հասակակից ընկեր էր, նոյնքան պատրաստուած որքան մենք, քիչ մը աւելի – քիչ մը պակաս, բայց անոր մէջ կար անբացատրելի ուժ մը, որ կ՚ազդէր բոլորիս վրայ, կ՚ենթարկէր իրեն ոչ թէ ուժով, խօսքով կամ մտքով, այլ անանուն բանով մը, որը չեմ կրնար բացատրել։ Ան ներշնչող էր մեզ՝ համբերութեան, գործի ու խանդի, բայց այդ ներշնչումը կը կատարէր այնքան անզգալի կերպով, որ մենք ինքներս ալ չէինք կարող հասկնալ եւ կարծեմ Սարգիսը ինքն ալ չէր հասկնար։ Ան դարձած էր անհրաժեշտ տարր մը մեր մէջ, թէեւ անոր անհրաժեշտութիւնը անշօշափելի էր։

«Արամը Վանի կուռքն էր, անոր ուժի, կամքի մարմնացումը, բայց դարձած էր վանեցի միայն։ Իշխանը Լեռնապարի հերոսն էր, անոր դիւցազնն ու երգերու նիւթը, բայց դարձած էր լեռնապարցի միայն։ Զիս կ՚անուանէին «Փաշա» եւ կ՚երգէին ըրած ու չըրած գործերս։ Հակառակ այս բոլորին՝ ըստ էութեան մենք նուաստ էինք, անփառք, անանուն՝ Սարգիսին մօտ։

«Գիտեմ, որ Արամ եւ Իշխան համամիտ են ըսածիս իրենց գերեզմաններուն մէջ, որ Սարգիսը թէեւ իրենց զինուորն էր կռուի դաշտին մէջ, բայց այդ զինուորի ոգին էր կամք ու որոշում ձեւակերպողը, որ թէեւ ժողովներուն մէջ ասոր կամ անոր բանաձեւն էր անցնողը, բայց իրականին մէջ անբանաձեւ Սարգսի ծրագիրն էր գործադրուողը։ Վերջապէս Սարգիսն էր միջին օղակը, շաղկապողը տարամերժ ուժերու, ան թթխմորն էր յեղափոխական գործին, շաղախը յեղափոխական կառուցուածքին» («Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները», Ռուբէն, «Հայրենիք» Ամսագիր, 1928, թիւ 4)։

*
* *

Աւազանի մկրտութեան անունով Պօղոս Օտապաշեան՝ Սարգիս Բարսեղեան ծնած էր 1875ին Գանձակի Գետաբեկ գիւղը։ Աւարտած էր Թիֆլիսի «Ներսիսեան» վարժարանը եւ 1898ին մեկնած էր Ժընեւ՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։
Արձանագրուած էր Ժընեւի համալսարանի պատմութեան ճիւղը, լայն մտապաշարի եւ հորիզոնի տէր ուսումնատենչ երիտասարդ մըն էր։ Բայց Երկրի հայութեան ազատագրական պայքարը հանգիստ չէր ձգեր արդէն Սարգիս Բարսեղեան անունով մամուլի էջերէն արտայայտուող յեղափոխական հայու անոր հոգին։

Հազիւ երիտասարդ տարիքը թեւակոխած՝ Սարգիս Բարսեղեան միացաւ Դաշնակցութեան՝ ուսուցիչ ունենալով Քրիստափորը, որուն թելադրանքով ալ ուսումը կիսատ թողուց եւ 1899ին Ժընեւէն վերադարձաւ Թիֆլիս։ Ուղարկուեցաւ Պաքու, որ յեղափոխական-աշխատաւորական շարժումներու մեծ հնոց մը դարձած էր։
Սարգիս Բարսեղեանի յանձնարարուեցաւ կազմակերպումը Պաքուի հայ բանուորութեան, որ այնքան սուր կարիքը ունէր ազգային եւ ընկերային ազատագրումի իր կրկնակի պայքարները գաղափարական միեւնոյն հունին մէջ ներդաշնակող ու հունաւորող ուղղութեան։ Ան շուտով դարձաւ կազմակերպական ոգին Պաքուի հայ աշխատաւորութեան՝ նաեւ յեղափոխական բովանդակութեամբ հայերէն գաղտնի գրականութիւն պատրաստելով:

Երբ Քրիստափոր եկաւ Պաքու՝ «Փոթորիկ»ի գործով, Սարգիս դարձաւ անոր գլխաւոր գործակիցներէն մէկը։ 1904ին, Շուշիի մէջ կազմակերպուած «Փոթորիկ»ի մէկ ձեռնարկին՝ մեծահարուստ Ժամհարեանէն ի նպաստ հայ յեղափոխական շարժման նիւթական աջակցութիւն ապահովելու նպատակով, Սարգիս իր մասնակցութեան համար ձերբակալուեցաւ ցարական իշխանութեանց կողմէ, բայց բանտի ճամբուն վրայ ընկերները կրցան զինք փախցնել՝ յարձակելով պահակներուն վրայ։

Այդպէս ծայր առաւ ընդյատակեայ կեանքը Պօղոս Օտապաշեանի:
Այնուհետեւ, ամբողջ 15 տարի, Սարգիս Բարսեղեան գնաց ու գործեց հոն, ուր յեղափոխութիւնը զինք կանչեց։

Մասնակցեցաւ1905ի հայ-թաթարական կռիւներուն: Այնուհետեւ՝ ուղարկուեցաւ Վան ու Վասպուրական՝ իբրեւ կուսակցական գործիչ։ Ամէնուր սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ ժողովուրդի լայն խաւին կողմէ։ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան շրջանին հաստատուեցաւ Կարին, Ռոստոմի կողքին գործելու համար։

Այդ շրջանին էր, 1909ին, որ Վանայ Սարգիս ընտանեկան իր բոյնը կազմեց շնորհալի արձակագիր Պերճուհի Պարտիզպանեանի հետ։

Ունեցան մանչ զաւակ մը։ Ամուսնոյն նահատակութենէն ետք, Պերճուհի Բարսեղեան տարագրութեան մէջ ապրեցաւ քանի մը տարի, մինչեւ որ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք հաստատուեցաւ Երեւան ու ընտրուեցաւ խորհրդարանի պատգամաւոր։

1914ի Օգոստոսին, Կարնոյ մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովին, Վանայ Սարգիս ընտրուեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի Բիւրոյի անդամ եւ անոր վստահուեցաւ Պոլսոյ մէջ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը։

Իբրեւ այդպիսին դարձաւ Մեծ Եղեռնի առաջին զոհերէն…
Ինչպէս որ Աւետիս Ահարոնեան կը վկայէ Քրիստափորի նուիրուած իր մենագրութեան մէջ, Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյն անդամը առաջին իսկ հանդիպումէն նկատած ու վկայած էր, որ Սարգիս Բարսեղեանի «Աչքերում սարսափելի կրակ կայ։ Նա յեղափոխական է ծնուած»…

(Պօղոս Օտապաշեան – Սարգիս Բարսեղեան, 1875-1915) Աչքերում սարսափելի կրակ» ունեցող Հայ Յեղափոխականն ու Գաղափարի Մարտիկը

*
* *

Հայ Յեղափոխականի եւ Գաղափարի Մարտիկի ղաշնակցական մարմնաւորումը հանդիսացող Սարգիս Բարսեղեանի յիշատակին նուիրուած յուշատետրի այս ամփոփ վկայութիւնը կ՚արժէ եզրափակել իր մէկ նամակով, որ 1914ի Օգոստոսին, Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովէն անմիջապէս ետք, ան գրած ու ղրկած Է Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կ. Կոմիտէութեան եւ որ կը յատկանշուի մարգարէական իր կանխատեսութեամբ.

«Օսմանեան կառավարութիւնը ամենայն թափով պատերազմի պատրաստութիւններ է տեսնում. …Կառավարութիւնը իրեն պէտք եղած ամէն բան գրաւում է ժողովուրդից, եւ այդ բանը չափազանց ծանր կերպով է ազդում ժողովրդի վրայ։

Կառավարութիւնը բացարձակապէս գերմանական քաղաքականութեան է հետեւում, այնպէս որ Պոլսում աւելի շուտ գերմանացիք են թագաւորում։

Ոչ մի կասկած չկայ, որ թէ՛ օսմանեան եւ թէ հայերի շահերը պահանջում են կառավարութեան ամենախիստ չէզոքութիւնը ներկայ համաեւրոպական պատերազմի ընթացքում։

Դժբախտաբար, մեր ղեկավար շրջանները (թուրք) այդպէս չեն մտածում։ Նոքա կարծում են, թէ Թուրքիոյ փրկութիւնը ռուսական կառավարութեան թուլութեան կամ փչացման մէջ է կայանում, հետեւապէս պարագաներէն պիտի օգտուել եւ արշաւել ֆրանս-գերմանական անյաջողութեան դէպքում Կովկաս։

Իրենց ասելով՝ նպատակ չունեն Կովկասը տիրապետելու, այլ օտոնոմ մի բան ստեղծելու, որպէսզի Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ պատնէշ լինի։

«Հիմքեր ունենք կարծելու, որ պատերազմի ընթացքում հայերի հետ վատ են վարուելու։ Արդէն տնտեսական հարուածներ շարունակ հասցնում են։ Ամասիա, Թոքատ շուկաների վառելուց յետոյ, երեւի լսեցիք եւ Դիարբեքիրինը։

Չթողուցին, որ լրագրի մէջ գրենք։ Մի քանի օր առաջ, Էտիրնէն էլ նոյն բախտին արժանացաւ։ Վնասուեց յունաց եւ հայոց մի թաղ՝ 1500-2000 տուն, որից 200ը՝ հայ։

Ենթադրում ենք, որ այդ բոլորի մէջ կայ մի գաղտնի ձեռք, որ գործում է սիստեմատիկօրէն։ Ապրում ենք նշանաւոր եւ ծանր օրերում…։

«Թերեւս սա վերջին փոթորիկը ըլլայ…»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail