Դաւթեան. “10-15 տարի շարունակ Հայաստանում գործել են թաքնուած տնտեսական գործունէութեան սխեմաներ՝ հարիւր միլիոնաւոր դոլարների շրջանառութեամբ

ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան

Դաւթեան. “10-15 տարի շարունակ Հայաստանում գործել են թաքնուած տնտեսական գործունէութեան սխեմաներ՝ հարիւր միլիոնաւոր դոլարների շրջանառութեամբ”

01/05/2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ: www.norharatch.com/

«Նեշընըլ Ճիոկրեֆիք»ը Կը Յանձնարարէ 2020ին Երեւան Այցելել-cascade-yerevan

ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան Ապրիլ 30-ին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է, թէ 10-15 տարի շարունակ Հայաստանի մէջ գործած են թաքնուած տնտեսական գործունէութեան ձեւեր։

Ըստ անոր ՝ այս պահուն տարբեր քննչական ստորաբաժանումներու մէջ Հայաստանի համար աննախադէպ ծաւալով քրէական գործեր կը քննուին։ Ինչպէս նշուած է, Հանրապետութեան մէջ 10-15 տարի շարունակ գործած են թաքնուած կամ կաշառքի շնորհիւ արտօնուած տնտեսական գործունէութեան ցանցեր, որոնք իրականացուած են հարիւրաւոր ձեռնարկութիւններու միջոցով։

Ըստ նախնական տուեալներու՝ խօսքը կը վերաբերի հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու շրջանառութեան: Դաւթեան տեղեկացուցած է, որ ստացուած տուեալներու համաձայն՝ այդ գործընթացը ղեկավարուած է մէկ-երկու կեդրոնէ, եւ այլ ձեւով,- յատկապէս «արտօնեալ» տնտեսական գործունէութեան պարագային,- կարելի չէր ընել:

Գլխաւոր դատախազը նաեւ ընդգծած է, որ այդ հարիւրաւոր ձեռնարկութիւններու տնտեսական գործունէութիւնը եւ անոնց ելմտական հոսքերը այնպէս մը կազմակերպուած են, որ անոնց բացայայտման համար լուրջ խոչընդոտներ յառաջանան: Այդ քրէական գործերու քննութեան ընթացքին, ըստ գլխաւոր դատախազին՝ կը կատարուի խմբային աշխատանք, նաեւ ՝ միջազգային գործընկերներու ներգրաւումով։

Ներկայ փուլին արդէն կան անձեր, որոնց նկատմամբ յարուցուած է քրէական հետապնդում, եւ հաւաքուած է բաւական ապացոյց։ Առանց մանրամասնելու՝ Դաւթեան յիշատակած է ՊԵԿ-ի նախկին ղեկավար Գագիկ Խաչատրյանի եւ ՀՀ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի փեսայ Միքայէլ Մինասեանի պարագաները։

Գլխաւոր դատախազը մերժած է մեկնաբանել վարչապետի մամլոյ բանբեր Մանէ Գէորգեանի Դիմագիրքէն կատարած վերջին հրապարակումները, ըստ որոնց՝ Մինասեան կապեր ունեցած է շարք մը մեծ ընկերութիւններու հետ:

Ինչ կը վերաբերի Մինասեանի գտնուելու վայրին, ստոյգ ծանօթ է միայն այն տուեալը, որ ան աւելի կանուխ լքած է Հայաստանի սահմանները։

ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան

www.norharatch.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail