ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ – Ովքե՞ր են այս ներողները… – Ովքե՞ր են այս ներողները… – Ովքե՞ր են այս ներողները… – Ովքե՞ր են այս ներողները…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J'EXIGE

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ – Ովքե՞ր են այս ներողները… – Ովքե՞ր են այս ներողները… – Ովքե՞ր են այս ներողները… – Ովքե՞ր են այս ներողները…

30 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ: – ԿԵԱՎՈՒՐ-երը ԵՒ ՄԵՆՔ:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE

Կարօ Արմենեան

Ներելը քրիստոնէական — և մարդկայի՛ն — բարոյականի ամենէն նուիրական դրսևորումն է, որուն լիովին ատակ պէտք է ըլլայ ամէն մարդկային էակ որպէսզի կարենայ հասնիլ ինքնանուաճման վերին եզրերուն և հոգիի իսկական խաղաղութեան։ Բայց նաև պայման է, որ լաւ հասկնանք, թէ ի՞նչ նժարի վրայ պէտք է չափուի ներման վեհագոյն այս արարքը։

Պէտք է յստակացնենք, թէ ի՞նչ չափանիշներ պիտի գործեն հոս, որպէսզի կարողանանք հեռու մնալ թեթևամիտ փութկոտութիւններէ, որոնք ոչինչ կը բերեն կեանքի սեղանին բացի մարդկային սուտ յարաբերութիւններէ։

Խօսքը կը վերաբերի հայօրէն ապրելու այն մեծ մարտահրաւէրին, որ, այս պարագային, կապուած է Հայոց Ցեղասպանութեան հետ հաշուի նստելու հոգեբանական հրամայականին։

Վերջերս հրապարակի վրայ կրկին յայտնուած են որոշ անձնաւորութիւններ, որոնք այս դժուար խօսոյթը կը տանին դիտաւորեալ աղաւաղման և ինքնաբերաբար ջուր կը լեցնեն Թուրքիոյ և իր Արևմտեան գործակիցներու հանրածանօթ — և վաղուց վարկաբեկուած — արշաւին։

Իսկ այդ արշաւին նպատակն է ապակողմնորոշել միջազգային կարծիքը և ցեղասպանութեան զոհ հանդիսացող մեր ժողովուրդի դատը «հաշտութեան» կեղծ տարազներով կապել աժան և շուտափոյթ լուծումներու։

Եւ — ինչո՞ւ չէ — յուսալով ՝որ այդ խաղին մէջ կը ներքաշուի նաև հայ պետականութիւնը։ Եւ ի՜նչ շնականութեամբ այս ուժերը կը փորձեն չարաշահել մեր արժէքային համակարգի այս սուրբ՝ ներողամտութեա՛ն հասկացողութիւնը իրենց չարաշուք նպատակներուն հասնելու համար։

Բայց անշուշտ — և այս հարցին մէջ գէթ — անոնք իրենք զիրենք կը գտնեն մեր ժողովուրդի արթուն և զգաստ գիտակցութեան դէմ յանդիման, որ կը մերժէ իյնալ այդպիսի թակարդներու մէջ։ Մենք վաղուց «ոչ» ըսինք TARC-ի նման խաղքութիւններու ԱՄՆ-ի մէջ հակառակ այդ գործերուն մէջ ներքաշուած հայանուն գործիչներու քարոզչութեան։

Մենք «ոչ» ըսինք նմանօրինակ այլ նախաձեռնութիւններու Եւրոպայի մէջ։ Հայ Դատի գրասենեակներն ու գործիչները ամէնուրեք բացայայտեցին և դիմակազերծեցին այս կարգի ոտնձգութիւնները մեր պահանջատիրութեան ոլորտէն ներս։ Եւ այդ գործը կանգ չէ առած և կանգ պիտի չառնէ։

Պէ՞տք է կրկնենք, թէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած է նոր ժամանակներու առաջին ցեղասպանութիւնը, որ ոճիր է մարդկութեան դէմ։ Ցեղասպանութեան նշաւակ մեր ժողոովուրդը եղած է միաժամանակ հայրենազուրկ և ընչազուրկ։

Այս փաստը հաստատուած է միջազգային դաշնագրերով։ Ստեղծուած է մէկ ամբողջ միջազգային օրինակարգ Հայոց Ցեղասպանութեան անհերքելի փաստին շուրջ։ Հայոց Ցեղասպանութեան համար անառարկելիօրէն պատասխանատու են թուրք պետութիւնն ու թուրք ժողովուրդը։

Եւ Ցեղասպանութենէն բխող մեր պահանջատիրութիւնը նախ և առաջ տարածքային է, յետոյ նաև մշակութային, հոգևոր և տնտեսական։ Հիմա ի՞նչն է, որ պէտք է ներել և ո՞վ է, որ պիտի ներէ։ Եւ ի՞նչ նորմերու հիմնաւորումով պիտի գործէ ներման այդ արարքը։

Բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն այս հարցին բարոյական ենթահողը յստակացնել, պէտք է նախ և առաջ հարցը դնեն իր իսկական համատեքստին մէջ։ Ան, որ ներման ակնկալութիւն ունի, նախ և առաջ պիտի արժանի ըլլայ ներման ազնիւ արարքին։

Ներման ակնկալութիւն ունեցողը պիտի կարողանայ հասնիլ բարոյական այն չափանիշին, երբ առաջին հերթին՝ ինք ինքզինքի՛ն է, որ պիտի կարողանայ ներել գործուած հրէշային յանցագործութեան համար…և պէտք է պատրաստ ըլլայ տալու իր ամէն ինչը հասնելու համար այդ բանին։

Այս մեծ գինն է, որ կը դնէ քրիստոնէական վարդապետութիւնը ներման արարքին վրայ։ Հարց տուէք դուք ձեզի։ Թուրք պետութիւնն ու ժողովուրդը երբևիցէ մօտեցա՞ծ են այս եզրերուն։ Ճիշտ է. գոյութիւն ունի փոքր թիւ մը անհատ մտաւորականներու, որ կը փորձէ հաշուի նստիլ իր անցեալին հետ։ Յուսամ անվերապահօրէ՛ն։ Յամենայն դէպս մեր սիրտը իրենց հետ է այդ մեծ ճիգին մէջ։

Բայց այդ խումբը չէ, որ կը վճռահատէ այս կնճռոտ խնդիրը։ Թուրք պետութիւնն ու ժողովուրդը երբևէ կրցա՞ծ են հասնիլ բարոյական և քաղաքական այն գիտակցութեան, որ ունենան պատրաստակամութիւնը ընդունելու իրենց պարտքն ու պատասխանատւութիւնը և պատրաստ ըլլան հատուցման բանակցութիւններու։

Ընդհակառակն այսօր իսկ թուրք պետութեան քաղաքականութիւնն է Հայաստանը վերածել պատանդ երկրի և ի վերջոյ վերջ տալ անոր գոյութեան։

Թուրքիան այսօր իսկ կը շարունակէ իր փանթուրքիստական և ցեղասպանական քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ և կը գործէ իր հին ծաւալապաշտ նկրտումներով։ Մերկ փաստը այն է, որ Թուրքիոյ հետ մեր քաղաքական կապը «բարի-դրացիական» չէ թուրք պետութեա՛ն իսկ ընտրութեամբ և որոշումով։

Մեր կապը այսօր սերտօրէն առընչուած է ցեղասպան երկրին դէմ պաշտպանուելու հրամայականին։ Մենք ունինք Թուրքիոյ դէմ մեր երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու ամէնօրեայ խնդիր։ Իսկ ցեղասպանը, որ չէ դադրած ցեղասպան ըլլալէ, իրաւունք չունի ներում ակնկալելու մեր ժողովուրդէն։

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Dépouilles d’Arméniens au cimetière d’Erzeroum, 1895

horizonweekly.ca/en/ովքե՞ր-են-այս-ներողները/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail