ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Աշխատանքի դատին պաշտպան Դաշնակցութեան թեւ, թիկունք տա՛նք – Տանջանք, զրկանք, լեզու արէ՛ք, Սոցիալիզմին ճամբայ բացէ՛ք
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
– «Աշխատանքի դատին պաշտպան Դաշնակցութեան թեւ, թիկունք տա՛նք»․
– «Տանջանք, զրկանք, լեզու արէ՛ք,
Սոցիալիզմին ճամբայ բացէ՛ք»
1 Մայիս 2020
«Բարի լոյս՝ ՄԱՅԻՍ ՄԷԿի գաղափարական ԽՈՐՀՈՒՐԴին ու ՊԱՏԳԱՄին Դանիէլ ՎԱՐՈՒԺԱՆի շունչով եւ ոգիով փարող հայոց սերունդներուն, որոնք ի վիճակի են հաղորդուելու եւ վերանորոգուելու ԱԶԱՏԱԳՐԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ համամարդկային տեսլականով, անոր նուաճումին ամբողջապէս նուիրուելու ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ։
Յուշատետրի այսօրուան փոստով ընդհանուր հայեացք մը նետուած է Մայիս Մէկի թէ՛ գաղափարական խորհուրդին, թէ՛ Աշխատանքի եւ Աշխատաւորութեան ազատագրումի մեծ շարժումին 130ամեայ ՄԵՐ ՈՒՂԻԻՆ վրայ։
Նաեւ առանձին փոստով արտատպուած է Վարուժանի «Բանուորուհին» բանաստեղծութիւնը, որ առաւելագոյնս կը խտացնէ ԲԱԶՄԱՉԱՐՉԱՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ հոգեմտաւոր ներաշխարհին մէջ Ազատութեան եւ Արդարութեան դատերու ամէնէն վեհանձնին՝ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԻՆ նուաճած ՍՐԲՈՒԹԻՒՆը։
Բարի լոյս՝ համավարակի այս հեղձուցիչ մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի եւ Հայութեան ՈՒՂԻՆ ազգային-քաղաքական իր հարազատ հունով վերանորոգելու եւ վերաշխուժացնելու դրօշը պարզող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՄԲ օժտելու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՊԱՅՔԱՐԻՆ զինուորագրուելու կոչով ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ կը վերաթարմացնեն։
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հունաւորելու առաջադրանքով՝ դաշնակցական մամուլի երախտաւոր դրօշակիրներէն ԱԲՕ Պօղիկեան այսօրուան իր գրառումին մէջ ուշագրաւ շեշտադրում մը կը կատարէ։
Հրամայական անհրաժեշտութիւն կը նկատէ յետ-համավարակի ժամանակաշրջանին առաջնահերթ կարեւորութեամբ լծուիլ հայրենիքի մէջ հայ աշխատաւորութեան քաղաքական կազմակերպումին՝ ի խնդիր Աշխատանքի եւ Աշխատաւորութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, այլեւ՝ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ իրագործումին, ժողովրդավարական ազատութիւններու եւ քաղաքացիական իրաւունքներու ամրապնդման ճամբով։
Բարի լոյս՝ գաղափարական իրենց պորտակապին ամրօրէն փարած եւ Հ․Յ․Դ․ Ծրագրին ու քայլերգին ներշնչումով՝ ինքնահաւատարմութեամբ ապրող բոլոր ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՍՈՑԻԱԼԻԶՄով ճանչցան եւ միացան ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ գաղարարական ՈՒՂԻԻՆ, ինչպէս որ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ընկալեցին ու կանգնեցան ՍՈՑԻԱԼԻԶՄի դրօշակին տակ։
Բարի լոյս՝ ՄԱՅԻՍ ՄԷԿԻՆ վերածնող ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԹԻՆ։»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ