ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 1 Մայիս 1890 Աշխատանքի պաշտպանութեան եւ աշխատաւորի ազատագրութեան միջազգային տօնը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
1 Մայիս 2020.
Աշխատանքի պաշտպանութեան եւ աշխատաւորի ազատագրութեան միջազգային տօնը
Ն. Պէրպէրեան
– Աշխատանքը կ՚ազնուացնէ մարդուս հոգին։
– Քրտինքը կը մաքրէ ներսէն։ Քրտինքը կու գայ այնպիսի տեղերէ,
ուր լոգանքի ջուրը երբեք պիտի չկարենայ հասնիլ…
Մայիս Մէկ է դարձեալ եւ աշխարհի չորս ծագերուն, բացառութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի, աշխատանքը պաշտօնապէս դադար կ՚առնէ այսօր, որպէսզի համայն մարդկութիւնը տօնէ Աշխատանքի ու Աշխատաւորութեան միջազգային Օրը։
Թէեւ մեր օրերուն ամբողջ երկրագունտը հասարակական կեանքի առումով գրեթէ անշարժացած է, բայց ինքնամեկուսացման պայմաններու մէջ ապրելով անգամ՝ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը վստահաբար հաշուեյարդարը կը կատարէ աշխատանքի պաշտպանութեան եւ աշխատաւորի ազատագրութեան ուղղութեամբ իր հարթած 130ամեայ ճանապարհին։
Անկախ այն իրողութենէն, որ հնադարեան ժամանակներէն իսկ մարդկութիւնը տօնած է Մայիս ամսու գալուստը իբրեւ ծաղկումի եւ կենսուրախութեան ընդհանրական տօն, Մայիս 1ը աշխատանքի եւ աշխատաւորութեան ազատագրումի գաղափարներով սկսած է նշուելու միայն վերջին 130ամեակին։
Այդպէ՛ս է, որովհետեւ Մայիս Մէկի մերօրեայ խորհուրդը ուղղակի կապուած է մարդու աշխատանքի հասարակական ազատագրութեան մեծ շարժումին եւ աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան քաղաքական պայքարին հետ։
130 տարի առաջ սկսաւ Մայիս 1ի ժամանակակից իմաստով նշումը եւ այնքան ալ տօնական տրամադրութիւններով չսկսաւ։ 1890ի Մայիս 1ին, յատկապէս Եւրոպայի տարածքին, աշխատաւորական կազմակերպութիւնները (սենտիքաները) եւ յեղափոխական կուսակցութիւնները (ընկերվարական, անիշխանական թէ ազատախոհական) փողոց իջան եւ ցոյց կատարեցին՝ ութժամայ աշխատանքային օրը պաշտօնապէս ութժամեայ դարձնելու, գործատեղիներու մէջ աշխատանքային պայմանները բարեկարգելու, այլեւ ընդհանրապէս աշխատաւորութեան կենսամակարդակը բարելաւելու պահանջներով։
Յատկապէս աշխատաւորներու մասնակցութեամբ կատարուած այդ առաջին Մայիս 1ի՝ 1890ի ցոյցերը այդպէս պատահական կամ ինքնաբուխ չէին։ Տարի մը առաջ, 1889ի Յուլիսին, Ֆրանսական մեծ Յեղափոխութեան հարիւրամեակին առիթով գումարուած էր Ընկերվար Միջազգայնականի (պատմութեան ծանօթ իբրեւ Երկրորդ Միջազգայնական) հիմնադիր ժողովը, որ հետագայ իր գործունէութեան վերաբերեալ որոշումներու շարքին՝ Մայիս Մէկը հռչակած էր իբրեւ աշխատաւորական շարժումներու միջազգային զօրակցութեան Օր։
Միջազգայնականի այդ որոշումն էր, որ ի գործ դրուեցաւ 1890ի Մայիս 1ին, իսկ աշխատաւորական պայքարին քաղաքականօրէն զօրակցելու ընկերվարական գաղափարը բխած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ արդէն ծաւալուն բնոյթ ստացած աշխատաւորական՝ սենտիքայական բուռն ու կազմակերպ շարժումին թիկունք կանգնելու Ընկերվար Միջազգայնականի քաղաքական դիրքորոշումէն։
Արդարեւ, աշխատաւորական շարժումը ակնբախ յառաջխաղացք արձանագրած էր Մ. Նահանգներու մէջ՝ օգտուելով ազատ մտածողութեան եւ քաղաքացիական ազատ գործունէութեան՝ Եւրոպայի համեմատ աւելի ձեռնտու պայմաններէն։
Եւ 1886ին, Մայիսի առաջին օրերուն, Մ. Նահանգներու աշխատաւորական եւ գաղթականական կեդրոնացման քաղաքներէն Շիքակոյի մէջ, աշխատաւորները փողոց իջած էին եւ օրերու վրայ շարունակուած ցոյցերու միջոցաւ պահանջած էին, որ օրէնքով նուիրագործուի ութժամեայ աշխատանքային օրուան իրենց պահանջը։
1886ի Մայիս 4ին, Շիքակոյի Հէյմարքէթ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցը շատ բազմամարդ եւ բուռն եղած էր եւ ոստիկանութեան հետ առճակատման յանգած էր։ Անորոշ կողմէ ռումբ նետուած էր ցոյցին հսկող ոստիկանութեան վրայ՝ զոհեր խլելով ոստիկաններէն, որոնք անմիջապէս կրակ բացած էին ցուցարարներուն վրայ եւ պատճառ դարձած 8 մեռեալի եւ տասնեակներով վիրաւորներու։
Անշուշտ օրին դատ-դատավարութիւն տեղի ունեցաւ, բայց դատարանը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց, ռումբի արձակման բուն պատասխանատուները յայտնաբերելու փոխարէն, ցոյցի կազմակերպիչներուն քաղաքական համոզումներուն քննարկման եւ բացայայտման վրայ, ինչ որ քաղաքականացուց աշխատաւորական շարժման ամբողջ հարցը։
Նոյն պատճառով ալ, Մ. Նահանգներու օրուան նախագահը՝ Քլիվլընտ փութաց զօրակցելու ամերիկացի աշխատաւորական միութիւններէն Աշխատանքի Ասպետներ արհեստակցական կազմակերպութեան, որ ի հակազդեցութիւն ընկերվարական համոզումներով Հէյմարքէթի ցուցարարներուն՝ առաջարկեց Սեպտեմբերին տօնել Աշխատանքի Օրը եւ այդպէս ալ, Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ, մինչեւ այսօր Աշխատանքի Օրը պաշտօնապէս կը տօնուի Սեպտեմբերին։
Եւ այդպէս սկսաւ Մայիս Մէկի միջազգային շարժման կենսագրութիւնը։
*
* *
Ինչպէս որ նշուեցաւ արդէն, Մայիս Մէկի խորհուրդը սկզբնապէս սահմանափակուեցաւ ութժամեայ աշխատանքային օրուան, աշխատավարձերու արդար գնահատման եւ գործատեղիներու մէջ աւելի յարմար պայմաններու ապահովման պահանջներով։
Բայց որովհետեւ 19րդ դարու վերջին տասնամեակէն սկսած աշխարհով մէկ սկսած էին տարածում գտնելու եւ ժողովրդականութեան տիրանալու ազգային ու ընկերային ազատագրումի յեղափոխական այլեւայլ շարժումները, Մայիս Մէկի ոգեկոչումներն ու տօնախմբութիւնները շատ արագ ամէնուր վերածուեցան բողոքի եւ ցոյցի պոռթկումներու՝ իշխանութեանց եւ ժողովրդային խաւերու միջեւ առճակատման յանգելով ժողովրդական – քաղաքացիական եւ հասարակական – իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընդլայնման ի խնդիր։
Սկզբնական զուտ աշխատաւորական պահանջներու վրայ շատ արագ գումարուելու եկան ազգային եւ կրօնական, մշակութային եւ հասարակական ազատագրումի առաջադրանքներ, մինչեւ որ տասնամեակէ տասնամեակ յարաճուն թափ ապահովելով՝ Մայիս Մէկի բողոքի շարժումները սկսան ընդգրկելու լայնագոյն հասկացողութեամբ իրաւունքի պաշտպանութեան եւ արդարութեան ամէն կարգի պահանջ։
Մայիս Մէկը այսօր եւս կը պահպանէ, անշո՛ւշտ, շեշտակիօրէն Աշխատանքի եւ Աշխատաւորութեան Միջազգային Օրուան իր նշանակութիւնը՝ աշխատանքի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ աշխատաւորներու ընկերային ազատագրութեան ուղղութեամբ։
Բայց այսօր Աշխատանքն ու Աշխատաւորութիւնը ինքնին շատ բան կորսնցուցած են նեղ տնտեսական-դասակարգային իրենց սկզբնական իմաստէն եւ արժէքէն։
Աւելի՛ն՝ ցեղային ու սեռային հաւասարութեան, ազգային պաշտպանուածութեան եւ արդարութեան, ժողովրդավարական յարաբերութիւններու եւ հակակշիռներու ընդլայնման, կենսոլորտի անխաթար պահպանման եւ կրօնական ու քաղաքակրթական ինքնուրոյնութեան ազատ զարգացման պահանջները ամբողջ հորիզոնը լայն բացած են Մայիս Մէկի իմաստին եւ արժէքին առջեւ։
Մայիս Մէկի աշխատաւորական-ընկերվարական խորհուրդէն եւ պատգամէն խոտորումներ եւս անշուշտ արձանագրուած են այս 130 տարիներու դարակազմիկ վերիվայրումներով յատկորոշուող ժամանակաշրջանին։
Յատկապէս լենինեան պոլշեւիզմը, խորհրդային ամբողջատիրութեան հաստատման ու հզօրացման հետ, Մայիս Մէկը ծառայեցուց բացառապէս իր սեփական իշխանութեան՝ Կոմունիզմի գովազդին։ Եւ խորհրդային ժառանգութեան մէջ Մայիս Մէկն ու Կոմկուսի իշխանութիւնը արուեստականօրէն նոյնացուած հրամցուեցան։
Եւ պատահական չէ, որ Խորհրդային Միութեան կազմալուծումէն քսանինը տարի ետք ալ, Մայիս Մէկի ոգեկոչման ելոյթներու ծիրին մէջ տակաւին կը հնչեն խորհրդային կարգերը գովազդող օրհներգներ կամ, ապսպրանքի վրայ գրուած, «բանուորագիւղացիական» երգեր…
*
* *
Յամենայնդէպս, Մայիս Մէկի գաղափարական խորհուրդին տարողունակութեան ընդլայնումը եւ ընկերային այլ շարժումներու ներառնումը, բնականաբար, շատ բան նուազեցուցին անոր էապէս աշխատաւորական՝ դասակարդային պայքարի նշանակութենէն եւ հնչեղութենէն։
Այդուհանդերձ՝ նոյնիսկ մեր օրերուն, աշխարհի որեւէ անկիւնը, մինչեւ անգամ ժողովրդավարականօրէն հաստատաքայլ յառաջդիմած երկիրներու մէջ, երբ աշխատանքն ու աշխատաւորութիւնը իրաւազրկելու քայլեր կ՚արձանագրուին, Մայիս 1ը անմիջապէս կը վերագտնէ երբեմնի իր բուռն պայքարի տարողութիւնը՝ աշխատաւորութեան եւ իշխանութեան միջեւ արիւնալի բախումներու յանգելով։
Իսկ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, 19րդ դարավերջէն սկսեալ, Մայիս Մէկը ոչ միայն Վարուժաններու եւ Վարանդեաններու գաղափարական ոգորումին ու հայ ազգային-ազատագրական շարժման ներշնչման աղբիւրը դարձաւ, այլեւ՝ հետեւողականօրէն մղում տուաւ համամարդկային մեծ իտէալներով առաջնորդուելու գաղափարական ինքնաճանաչումին։
Մայիս Մէկը նաեւ քաղաքականօրէն չարաշահուեցաւ հայ քաղաքական մտքի պոլշեւիկեան թեւին կողմէ եւ, հայոց նորագոյն պատմութեան էջերուն, միշտ սեւով ու մուրով պիտի յիշատակուի 1920ի Մայիս 1ը, երբ Կարմիր Բանակի հրահրումով՝ հայ պոլշեւիկները Կարսի մէջ Աշխատաւորական Օրուան հանդիսութիւնները փորձեցին ծառայեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ հակապետական բռնաշրջման շարժումի եւ քաղաքացիական խռովութիւններու ծաւալումին…
Պատմութիւնը վկայ է, որ մեր ժողովուրդը իր ազգային առողջ բնազդով կուլ չգնաց պոլշեւիկեան խորշակի այլասերման ու դաւանամոլութեան վտանգին։ Ամբողջ եօթանասուն տարի խորհրդային ամբողջատիրութեան ներարկած գաղափարական թունաւորումէն ետք անգամ, հայ քաղաքական միտքը կրցաւ իր ազգային ժառանգութեան հարազատ ակունքներով վերականգնիլ։
Եւ Մայիս Մէկի խորհուրդը մաքրազտեց «աշխատաւորական պետութեան», «աշխատաւորական բռնակալութեան» եւ նմանատիպ գաղափարախօսական չարաշահումներէն։
Վերագտաւ Մայիս 1ի մարդկայնական՝ Իրաւունքի եւ Արդարութեան համար մղուող պայքարի, աշխատանքի պաշտպանութեան եւ աշխատաւորի ընկերային ազատագրութեան ընկերվարական շարժումի իմաստը։
Դարձեալ Մայիս Մէկ է եւ բովանդակ մարդկութեան հետ նաեւ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ իր կտրած ուղին քննելու, Ազգի եւ Հայրենիքի այսօրուան երթը արգելակող ընկերային կապանքներուն անդրադառնալու եւ թափ տալու վաղուան իր յառաջխաղացքը հարթելու գաղափարական պայքարին։
Յատկապէս համավարակին պարտադրած համընդհանուր ինքնահայեցողութեան մթնոլորտին մէջ՝ պահանջատէր հայութիւնը կը վերադառնայ նոր ժամանակներ իր մուտքը հունաւորած յեղափոխական պայքարի ակունքներուն, որպէսզի ազգային եւ ընկերային ազատագրումի իր պայքարները, իբրեւ մէկ ու ամբողջական ազատագրութեան շարժումի, համադրէ ու յառաջ մղէ Մայիս Մէկի գաղափարապաշտ ոգիով՝
Արեւուն տակ իր ազգային եւ ընկերային՝ ամբողջապէ՜ս ազատ ու արդար կեանքը նուաճելու ուխտով։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ