ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Զգուշացի՛ր, հարեւա՛ն, եւ խելքի՛ եկ վերջապէս, Խաղաքարտը թուրքական մի՛ փորձարկիր դու իզուր,

Զգուշացի՛ր, հարեւա՛ն, եւ խելքի՛ եկ վերջապէս, Խաղաքարտը թուրքական մի՛ փորձարկիր դու իզուր, Թուրքն իր որջում դարանած հայ արիւնից, տե՛ս, հարբել, Ձեզ լափելու հաճոյքից արիւնոտ թաթն է լիզում…

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Զգուշացի՛ր, հարեւա՛ն, եւ խելքի՛ եկ վերջապէս, Խաղաքարտը թուրքական մի՛ փորձարկիր դու իզուր, Թուրքն իր որջում դարանած հայ արիւնից, տե՛ս, հարբել, Ձեզ լափելու հաճոյքից արիւնոտ թաթն է լիզում…

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Զգուշացի՛ր, հարեւա՛ն, եւ խելքի՛ եկ վերջապէս,
«Խաղաքարտը թուրքական մի՛ փորձարկիր դու իզուր,
«Թուրքն իր որջում դարանած հայ արիւնից, տե՛ս, հարբել,
«Ձեզ լափելու հաճոյքից արիւնոտ թաթն է լիզում…»

2 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝ պարտութեան եւ յաղթանակի, անկումի եւ վերականգնումի ԲԱԶՄԱՉԱՐՉԱՐ ու ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ուղի կտրած հայ ժողովուրդին ՏԱՌԱՊԱԳԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆը մեր սերունդներուն իբրեւ անկորնչելի ԱՒԱՆԴ եւ հոգեմտաւոր ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ յանձնած Հայկեան ԱՐԺԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։

Մայիս 2ի այս օրը, 96 տարի առաջ, հայոց Ջաւախք Աշխարհի Ախալքալաք քաղաքին մէջ լոյս աշխարհ եկաւ բանաստեղծ եւ արձակագիր ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՐԳՍԵԱՆ, որ խորհրդային կայսերապետութեան տրուած ընդհանուր տուրքէն անդին՝ գիտցաւ եւ կարողացաւ իր ստեղծած գրականութեամբ հայոց սերունդները թրծել ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄԻ եւ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՐՈՒԹԵԱՆ անխառն ոգիով։

Մ․ Սարգսեանի գրչին պատկանող պատգամներէն մէջբերուած է վերեւի «խորհուրդ»ը՝ ուղղուած հայ ժողովուրդի հարեւաններուն։
Յուշատետրի փոստով ընդհանուր պատկերացում մը փոխանցուած է Մկրտիչ Սարգսեանի կեանքին ու գործին, մտածումի աշխարհին ու սրտաբուխ պատգամին մասին։

Խոկումի այս բաժնով եւ մերօրեայ համավարակի ծանր հոգերու մթնոլորտին մէջ՝ լուսարձակի արժանի է կեանքը ՃԱԿԱՏԱԲԱՑ ԱՊՐԵԼՈՒ եւ ամէն կարգի ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ խիզախութեամբ դիմագրաւելու ջաւախեցի ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐին յորդորը մեր սերունդներուն․-

Երբ չես կարող ճամբիդ խոչուխութը հարթել,
Քո խեղճ ճշմարտութեամբ այսքան սուտը հարթել,
Երազանքով լոյսի թանձր մութը հարթել,
Ի՞նչ ես տանջւում, ե՛րգ իմ, Քրիստոսի նման…

Երբ ազնիւը թոյլ է, աւազակը՝ հզօր,
Կեղծիքների, ստի աւազանը՝ հզօր,
Տիրողների վայրի գաւազանը՝ հզօր,
Ի՞նչ ես տանջւում, ե՛րգ իմ, Քրիստոսի նման…

Խիզախիր ու երգիր, թէկուզ կտրեն լեզուդ,
Թող շառաչի ձայնդ գալիքներին ի յոյս,
Թէկուզ քեզ խաչ հանեն, ինչպէս մի նոր Յիսուս,
Տանջանքդ տար պատուով Քրիստոսի նման…

Բա՛ւ է լոզունգ ուտես դու փոխարէն հացի,
Եւ ծիծաղես, խնդաս դու փոխարէն լացի,
Եւ խաւարը պաշտես ինչպէս լուսաբացի,
Եթէ պէտք է՝ խաչուի՛ր, Քրիստոսի նման…

1980 թ.

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի անկաշառ դատաստանին առջեւ բաց ճակատով կանգնող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք ի վիճակի են ԱՆԲԱՍԻՐ ՎԱՐՔՈՎ տէր կանգնելու մեր ժողովուրդին կողմէ իրենց վստահուած ամէն կարգի ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆՑ։

Բարի լոյս՝ ինքնամաքրման ուղին ընտրած ՅԱՆՁՆԱՌՈՒՆԵՐՈՒՆ, որոնք ԿԸ ԾԱՌԱՅԵՆ մէկ ու միակ ուխտի՝

«Եթէ պէտք ըլլայ՝ խաչուելո՜ւ»․․․ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ։

Զգուշացի՛ր, հարեւա՛ն, եւ խելքի՛ եկ վերջապէս, Խաղաքարտը թուրքական մի՛ փորձարկիր դու իզուր, Թուրքն իր որջում դարանած հայ արիւնից, տե՛ս, հարբել, Ձեզ լափելու հաճոյքից արիւնոտ թաթն է լիզում…

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail