ՀԻՆԸ ԴԵՌ ՉԷ ՀԵՌԱՑԱԾ – Հազար անգամ ըսին եւ ըսինք, խորքային փոփոխութիւններ, կեղծիքներով որդեգրուած Սահմանադրութենէն,,,,,,
05 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
ՀԻՆԸ ԴԵՌ ՉԷ ՀԵՌԱՑԱԾ
Հազար անգամ ըսին եւ ըսինք, որ նոր իշխանութիւնները, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ, պէտք է կատարեն համակարգային արագ եւ խորքային փոփոխութիւններ, սկսելով նախ եւ առաջ՝ տխրահռչակ Սերժ Սարգսեանի եւ իր դաշնակից-լծակիցներու կեղծիքներով որդեգրուած Սահմանադրութենէն, վերջացնելով մինչեւ պետական ղեկավարման ամենավերջին օղակը, ուժային կառոյցները, եւայլն։
Այս իշխանութիւնները ոչ միայն կը դանդաղին համակարգային համընդհանուր բարեփոխումներ կատարելու իրենց աշխատանքին մէջ, այլ կարծէք շատ գոհ են նախկին կոռուպցիոներներէն ժառանգ մնացած պետական ձախող համակարգէն եւ լաւ ալ սկսած են յարմարիլ անոր։
Տիկնայք եւ պարոնայք իշխանութիւններ, խորքային բարեկարգումներու ուշացումը ձեր մեծագոյն թերացումն է։ Սերժ Սարգսեանի եւ իր լծակիցներու տնտեսական եւ քաղաքական փառասիրութիւններուն յարմարեցուած պետական համակարգը համահունչ չէ 2018ի ապրիլեան պանծալի յեղափոխութեան արժեքներուն։ Եթէ այսքան բան դժուար է տեսնել եւ ըմբռնել, ուրեմն լաւ գիտցէք, որ շուտով դուք ալ հիներու արժանաւոր ժառանգորդները պիտի համարուիք եւ յաջորդ ընտրութիւններուն պիտի մերժուիք այնպէս, ինչպէս մերժուեցան Սերժը՝ իր ՀՀԿ-ով եւ ասոնց հետ դաշնակցած քաղաքական ուժերն ու կուսակցութիւնները…
Ուստի ականջ դրեք մեր կոչին եւ արագացուցէք համակարգային համապարփակ, խորքային, ամբողջական բարեփոխումները։
Կոռուպցիոներ՝ կաշառատու եւ կաշառակեր առաւ-փախաւները հետապնդելն ու դատարանին յանձնելը ողջունելի է, բայց համակարգային փոփոխութիւն չէ։
Կը սպասենք աւելի մեծ, համարձակ եւ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ քայլերու։
ՀԱՄԱՑԱՆՑ-ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ