«Այլեւս Պիտի Չհամբերենք Սուրիոյ Մէջ Մեր Ապահով Շրջաններուն Վրայ Սադրիչ Յարձակումներուն» Կ՛ըսէ Էրտողան
06 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ մեր ապահով շրջաններուն վրայ սադրիչ յարձակումներուն այլեւս պիտի չհամբերենք»:
Ան նշեց, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) փորձած է օգտագործել Թուրքիոյ` «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարով զբաղած ըլլալը, յարձակում գործելու Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ:
Էրտողան Թուրքիոյ կառավարութեան նիստէն ետք ժողովուրդին յղած իր ուղերձին մէջ յայտնեց. «Այդ վարմունքը առանձինը բաւարար է ցոյց տալու, թէ այս ահաբեկչական կազմակերպութիւնը որքան հեռու է մարդկայնականութենէ»:
«Մենք կը հետեւինք բոլոր քայլերուն ահաբեկչական կազմակերպութեան տարրերու, որոնք կը գործեն հիւսիսային Իրաքի եւ Սուրիոյ լայն տարածքներու մէջ», նշեց Թուրքիոյ նախագահը:
«Մեր ուժերը կը շարունակեն արտասահմանին մէջ ահաբեկիչներուն դէմ իրենց գործողութիւնները եւ աչք չեն փակեր ահաբեկչական տարրերուն, որոնք կը փորձեն Սուրիոյ մէջ ապահով շրջաններ ներթափանցել, եւ անմիջապէս կը վնասազերծուին», ըսաւ ան:
Էրտողան կոչ ուղղեց «տարածաշրջանին մէջ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներուն` յանձնառու ըլլալու կնքուած բոլոր համաձայնութիւններուն, ահաբեկչական կազմակերպութիւնը պահելու ճշդուած սահմաններէն ներս եւ արգիլելու վարչակարգի (Սուրիոյ «Ա.») յարձակումները»:
www.aztagdaily.com/archives/472253