ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Վան առաջին անգամը չէ, որ ցոյց պիտի տայ իր համերաշխ ոգին, երբ գործ ունի ընդհանուր թշնամիին հետ

Վան առաջին անգամը չէ, որ ցոյց պիտի տայ իր համերաշխ ոգին, երբ գործ ունի ընդհանուր թշնամիին հետ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Վան առաջին անգամը չէ, որ ցոյց պիտի տայ իր համերաշխ ոգին, երբ գործ ունի ընդհանուր թշնամիին հետ

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Վան առաջին անգամը չէ, որ ցոյց պիտի տայ իր համերաշխ ոգին, երբ գործ ունի ընդհանուր թշնամիին հետ»

3 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝ ի յիշատակ Վանի անվեհեր հայութեան, որ Մայիս 3ի այս օրը, 105 տարի առաջ, իր քաղաքէն եւ ընդհանրապէս Վասպուրական Աշխարհէն դուրս վտարեց թրքական ցեղասպան բանակին վերջին զինուորը։

Յուշատետրի փոստը համառօտ ներկայացուցած է Վանի յաղթական հերոսամարտին ազգային-քաղաքական անկորնչելի դասերը հայոց սերունդներուն համար։

Բարի լոյս՝ թրքական պետութեան պարտադրած անարգ պատերազմին անհաւասար ուժերով ընդառաջելու եւ թշնամին անփառունակ պարտութեան մատնելու Վանի Հայութեան ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ ՀՐԱՇԱԶՕՐ նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը մեր սերունդներուն ԿՏԱԿԱԾ Արամ Մանուկեանին, Արմենակ Եկարեանին եւ Պուլկարացի Գրիգորին՝ անոնց միացեալ ղեկավարութեամբ ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ԿՌՈՒԻ ԴԱՇՏ ՆԵՏՈՒԱԾ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ, որոնց միասնական վճռակամութեան ՊԱՏԳԱՄը խտացած է արմենական Ա․ Եկարեանի պատմական կոչին մէջ․-

«Վան առաջին անգամը չէ, որ ցոյց պիտի տայ իր համերաշխ ոգին, երբ գործ ունի ընդհանուր թշնամիին հետ։ Այդ ոգին իր փառաւոր անցեալն ունի։ Այս անգամ ալ պիտի տանինք այս կռիւը, միեւնոյն համերաշխ ոգով, առանց կուսակցական խտրութեան:

Մեր ուզելով չէ, որ պիտի կռուենք. ան մեզի պարտադրուեցաւ։

Երկու ճամբայ ունինք․ կա՛մ գլուխ ծռել բռնաւորին առջեւ եւ բնաջնջուիլ անպատիւ մահով, եւ կա՛մ անվեհեր ու բաց ճակատ դուրս գալ անոր առջեւ եւ նախընտրել մեր նախնիներուն պատուաւոր ճամբան»։

Դաշնակցական Արամ Մանուկեանի ընդհանուր ղեկավարութեամբ՝ մէկ մարդու պէս միեւնոյն խրամին մէջ կողք-կողքի կանգնեցան ոչ միայն հնչակեանը, արմենականը եւ դաշնակցականը, այլեւ՝ Վանի ողջ հայութիւնը – մեծ ու փոքր, տղամարդ թէ կին։

Վանի հերոսամարտի այդ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ՈԳԻՆ շարունակեց հրաշազօր իր ներգործութիւնը ունենալ ոչ միայն 1918ի Մայիսեան պատմակերտ հերոսամարտին, այլեւ հետագայ բոլոր՝ Ազգի եւ Հայրենիքի վերականգնման անկինադարձային ճակատումներու ՊԱՀԵՐՈՒՆ, հասնելու համար մեր օրերուն՝ Շուշիի ազատագրումին եւ վերանկախացեալ Հայաստանի երթը դէպի Ազատութիւն եւ Արդարութիւն առաջնորդող ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴի նորագոյն հանգրուանին։

Վան առաջին անգամը չէ, որ ցոյց պիտի տայ իր համերաշխ ոգին, երբ գործ ունի ընդհանուր թշնամիին հետ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail