ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 3 Մայիս 1915. Թրքական բանակի վերջին զինուորը կը հեռանայ Վանէն՝ պարտուած ու բարոյալքուած
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
3 Մայիս 1915.
Թրքական բանակի վերջին զինուորը կը հեռանայ Վանէն՝
պարտուած ու բարոյալքուած
03 ՄԱՅԻՍ 2020 –
Ն. Պէրպէրեան
Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան եզակի էջերէն մէկը կը հանդիսանայ Վանի հերոսամարտը, որուն յաղթանակի օրը կը տօնենք այսօր՝ Մայիս 3ին։
105 տարի առաջ, գարնանային այսպիսի գեղեցիկ օր մը, թրքական բանակի վերջին զինուորը հեռացաւ Վանէն՝ պարտուած ու բարոյալքուած։
Վանի հերոսամարտը սկսաւ 1915ի Ապրիլ 7ին, երբ Վանի նորանշանակ կուսակալ եւ Թալէաթի ձեռնասուն Ճեւտէթ Պէյը թրքական 12 հազարանոց բանակին հրահանգեց ընդհանուր յարձակողականի անցնիլ Վանի հայութեան դէմ։
Հերոսամարտը սկսաւ իբրեւ ինքնապաշտպանութեան կռիւ, բայց որքան ահագնացաւ թրքական իշխանութեանց կատաղի խուժումին յարձակողականը, այնքան շեշտուեցաւ Վանի հայութեան կեանքն ու ինչքը պաշտպանող հայ մարտիկներուն հերոսական մարտունակութիւնը։
Եւ Ապրիլ 24ին Պոլսոյ մէջ սկսած Հայոց Մեծ Եղեռնի գործադրութեան խորապատկերին վրայ, Վանի հերոսամարտը դարձաւ խորհրդանիշը թրքական պետութեան ձեռնարկած ցեղասպանութեան տրուած հայկական հատու պատասխանին՝ հայութեան հաւաքական կամքին եւ ռազմական ուժին անպարտելիութեան։
Վանի յաղթական հերոսամարտը հաստատեց, որ հայը համաթրքական ազգայնամոլութեան զոհասեղանին մորթուած գառնուկ մը չեղաւ միայն, այլ՝ անհամեմատօրէն հզօր ցեղասպան թրքական պետութեան դէմ կռուող եւ յաղթանակող հերոս ռազմիկը դարձաւ։
*
* *
Շատ գրուած է Վանի հերոսամարտին մասին։
Գրուած է ե՛ւ հայերու, ե՛ւ թուրքերու, ե՛ւ օտարներու կողմէ։
Օտարները, յատկապէս Վան հաստատուած օտար հիւպատոսական-դիւանագիտական անձնակազմի վկայութիւնները, հակառակ թրքական իշխանութեանց հետ այս կամ այն ծաւալի ու բնոյթի մեղսակցութենէ թելադրուած նկատառումներու եւ չարափոխումներու, միահամուռ կը հաստատեն, որ Ճեւտէթ Պէյ առաւելագոյն չափով կը մարմնաւորէր թրքական իշխանութեանց կամակորութիւնը՝ յառաջ մղելու Հայոց Ցեղասպանութեան իրենց հրէշային ծրագրին իրականացումը։
Թրքական աղբիւրները, ամբողջապէս պաշտօնական մեկնաբանութիւններուն ծառայող արխիւային նիւթերով կամ նենգափոխ պատմաբաններով, հետեւողականօրէն թութակի պէս կը կրկնեն հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած թրքական այն մեղադրանքը, թէ 1914ի աշնան սկսած ռուս-թրքական պատերազմի ճակատագրական պահուն, երբ թրքական բանակը պարտուած կը նահանջէր եւ ռուսական զօրքը կ՚առաջանար, Վանի հայութիւնը իբր թէ կռնակէն հարուածել փորձեց թրքական բանակին ու թուրք զինուորին…
Վանի հերոսամարտին նուիրուած հայկական աղբիւրներու պարագային եւս կարելի է հանդիպիլ թրքական նենգափոխութեանց եւ խեղաթիւրումներուն «իւրովի» արձագանգող ձայներու։
Յատկապէս խորհրդահայ «պատմաշինարարութեան» ժամանակաշրջանի «վարպետներ» եւ անոնց թոյնով սնած նորելուկ գրչակներ, նեղ-կուսակցական ի՜նչ-ի՜նչ փորի ցաւով ու նկատառումներով, ամբողջ Վանի հերոսամարտը արատաւորել կը փորձեն իրենց այն պնդումներով, որ եթէ Դաշնակցութիւնը 1915ին «խելօք» մնար, ռուսական քաղաքականութեան ձեռքին «խաղալիք» չդառնար եւ Վանի տարածքին թրքական զօրքին դէմ կռուի դուրս չգար՝ հաւանաբար խնայուէր – եղեր – Ապրիլ 24ը…
Պատմական ճշմարտութեան հետ ոչ մէկ կապ ունեցող եւ զուտ գաղափարախօսական դաւանամոլութենէ ներշնչուած այդ ցափռտուքները, ահա աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր, կը փորձեն հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումին վրայ բարդել Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ․․․ կարեւոր «մեղքի բաժին»։
Բայց հայկական աղբիւրները ընդհանրապէս, յատկապէս Վանի հերոսամարտը ապրած եւ կերտած գործիչներու բացարձակ մեծամասնութիւնը, դաշնակցական ըլլան անոնք թէ արմենական-ռամկավար, մինչեւ իսկ համայնավար թէ չէզոք, միաձայնութեամբ կը հաստատեն, որ հայ ժողովուրդը՝ իր ազգային կուսակցութեանց նախանձելի միասնականութեամբ, Վանի մէջ հայոց պատմութեան դարաւոր անկումի ընթացքը արմատականօրէն շրջեց եւ հիմը դրաւ մեր ժամանակներու հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումին։
Հայրենաբնակ հայութեան մէջ մեծ է թիւ վանեցիներուն, որոնք 1916ին (ռուսական զօրքի նահանջին հետ) եւ 1918ին (թրքական արշաւանքէն ազատելու համար) անցան արեւելահայաստան։
Սփիւռքեան կողմն հայաշխարհի եւս նկատառելի թիւ կը կազմեն վանեցիներէ սերած հայերը։
Ամէնուր, այս օրուան առիթով, վերապրող հայութեան կը փոխանցուի անկորնչելի պատգամը Վանի հերոսամարտին։
Այժմէական է այդ պատգամը, որովհետեւ առաջին հերթին լաւագոյնս կը հաստատէ պատմական այն ճշմարտութիւնը, որ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք հայ ժողովուրդը թրքական իշխանութեանց դէմ զէնք բարձրացնելու ո՛չ տրամադրութիւն ունէր, ո՛չ ալ քաղաքական կամք։
Մեր ժողովուրդը կը հաւատար, անշուշտ, որ Համիտեան բռնատիրութեան տապալումով եւ հայ յեղափոխական շարժման ազգային-քաղաքական հասունացումով՝ թրքական տիրապետութեան տակ ապրող Արեւմտահայաստանն ու հայութիւնը, բարեփոխութիւններու եւ պետական լայն ապակեդրոնացման գործադրութեան ճամբով, քայլ առ քայլ պիտի յառաջանային դէպի ինքնավարութիւն։
Ընդհակառակն՝ թրքական պետութիւնը ի՛նք կ՚որոճար տարբեր՝ հայաջնջման ահաւոր ծրագիրներ, որովհետեւ փլուզուող կայսերապետութեան փլատակներուն վրայ կ՚ուզէր կառուցել «միաձոյլ»՝ այսինքն այլամերժ Թուրքիա մը…
Նոյնիսկ Ցարական Ռուսաստանը պատրաստ չէր պատերազմի ձեռնարկելու Օսմանեան Կայսրութեան դէմ եւ իթթիհատական իշխանութեանց ազգայնամոլ համաթուրքականութիւնն էր, որ թրքական բանակին հրահանգ տուաւ բանալու արեւելեան ճակատը ռուսներուն դէմ։
Ռուս-թրքական պատերազմը այլապէս իր ծանր անդրադարձը ունեցաւ Վանի հայութեան վրայ, որովհետեւ Ճեւտէթներու համար պատերազմը ընձեռեց «յարմարագոյն պատեհութիւնը»՝ ի գործ դնելու Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրը։
Մնացեալ բոլոր մեկնաբանութիւնները պարզապէս թրքական Մեծ Ուրացումի ջաղացքին ջուր կը հոսեցնեն։
*
* *
Վանի հայութիւնը պարզապէս պատրաստ էր ինքնապաշտպանութեան, որովհետեւ 1896ի Վանի Մեծ Կռիւներէն ետք, Հայկական Յեղափոխութեան բնօրրանը վերջնականապէս յանգած էր այն համոզումին, որ միայն զինուելով եւ մարտունակօրէն կազմակերպուելով կարելի էր դիմադրել թրքական իշխանութեանց հայաջնջման ծրագրին։
Նոյնիսկ Մարտ 1915ին, երբ Վանի կուսակալ Ճեւտէթ առաջին քայլերը կը նետէր հայ երիտասարդութիւնը զինաթափ ընելու պահանջով, օսմանեան խորհրդարանի անդամ եւ դաշնակցական ղեկավար Ա. Վռամեանը, Վանի հայութեան պատասխանը ճշդելու նպատակով գումարուած միջ-կուսակցական հանդիպումին, տակաւին կը պաշտպանէր այն տեսակէտը, որ թրքական իշխանութեանց մշակած հայաջնջումի ծրագրին համոզուած ըլլալով հանդերձ ոչ մէկ պատրուակ պէտք է ընծայել Ճեւտէթի…
օտար հիւպատոսներու հսկողութեան տակ շարժման մէջ դնելու համար թրքական կանոնաւոր զօրքը ընդդէմ հայութեան։
Աւելի՛ն. Ա. Վռամեան կ՚առաջարկէր մէկ կողմէ ցուցադրականօրէն երկու հարիւր հայ երիտասարդի զէնքերը յանձնել կառավարութեան, իսկ միւս կողմէ՝ միաժամանակ տենդագին թափ տալ Վանի թէ շրջակայքի հայ բնակչութեան մարտական կազմակերպումին ու նախապատրաստութեան, յոռեգոյնի դիմագրաւման ի վիճակի գտնուելու համար։
Թէեւ Ա. Վռամեան իր իսկ մշակած մարտավարութեան զոհ գնաց, Ճեւտէթի հետ բանակցողի իր կապը շարունակեց պահել եւ, այդպիսով, Ապրիլ 3ին, Ճեւտէթի հրաւէրին ընդառաջելու համար գնաց անոր մօտ հանդիպումի մը, ուր ձերբակալուեցաւ եւ անյայտ ուղղութեամբ տարուեցաւ մինչեւ… նահատակութիւն։
*
* *
Վանի հերոսամարտին անկորնչելի պատգամը այժմէական է նաեւ իր այն մեծակշիռ պատմական դասով, որ կը վերաբերի հայոց անմիաբանութեան եւ միջ-կուսակցական երկպառակութեանց վերաբերեալ թիւրիմացութեանց սրբագրումին, այլեւ ճիշդ ու լիիմաստ ընկալումին։
Յատկապէս Վանի հայութիւնը, հայ յեղափոխական շարժման բնօրրանի իր հանգամանքով նաեւ, միշտ յատկանշուեցաւ ազգային-քաղաքական ներհակ մօտեցումներու եւ գաղափարական-կուսակցական տարակարծութիւններու պատկերով։ Ոչ միայն յեղափոխութեան թեր եւ դէմ կողմեր, այլեւ՝ տեղացիի եւ դրսեցիի հակադրութիւններ շարունակ զգալի եղան Վանի հայութեան մէջ։
Աւելի՛ն. հայ յեղափոխական երեք կուսակցութիւններն ալ գործունէութեան լայն դաշտ ունեցան Վանի ու ընդհանրապէս Վասպուրականի մէջ՝ պարբերաբար իրարու դէմ գաղափարական սուր պայքարի պահեր ապրելով։
Ահա՛ այդ ազգային անմիաբանութեան եւ կուսակցական երկպառակութեան պաստառին վրայ, Վանի հերոսամարտը եկաւ ամբողջական ճշմարտութիւնը մարմնաւորելու։
Տարբերութիւններն ու տարակարծութիւնները ոչ միայն բնական են կենսունակ հասարակութեան մը համար, այլեւ՝ անհրաժշտութիւն են, երբ գաղափարական պայքարէ կը ներշնչուին եւ ազգի ու հայրենիքի առջեւ լաւագոյն ուղին գծելու նախանձախնդրութենէն կը թելադրուին։
Վանի հայութիւնը 1915ին ցոյց տուաւ հայոց հետագայ սերունդներուն, որ յանուն Ազգի եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան ու ազատագրումին՝ մէկ օրուան մէջ մէկդի կրնան դրուիլ բոլոր տարբերութիւններն ու տարակարծութիւնները, մէկ մարդու պէս ծառանալով թշնամիին դէմ եւ միասնական ճակատով դիմագրաւելով օրհասական վտանգը։
Արմենակ Եկարեանն ու Արամ Մանուկեանը, Փանոս Թերլեմէզեանն ու Պուլկարացի Գրիգորը, Կայծակ Առաքելն ու Օննիկ Մխիթարեանը 1915ին պատմական նշանակութեամբ եւ տարողութեամբ ոստում մը իրագործեցին, երբ իրարու քով բերին եւ ինքնապաշտպանական հզօր կառոյցի վերածեցին Վանի մէջ գործող իրենց կուսակցական կազմակերպութիւնները՝ արմենականը, հնչակեանն ու դաշնակցականը։
Այդ միաձոյլ կառոյցը օրինակ դարձաւ ամբողջ հայութեան համար՝ թէ՛ զէնք բարձրացնելու եւ թէ ռազմական կարգապահութեամբ գործելու իմաստով։
Նոյն այդ ոգին էր, որ կուսակցական պատկանելութենէ վեր բարձրացուց բոլորին, որպէսզի Արամի շուրջ բոլորուին եւ անոր ղեկավարութեամբ հայոց նորագոյն պատմութեան կտակեն իր յաղթական ու հերոսական մարտերուն ամէնէն ուսանելի օրինակներէն մէկը։
Նոյն այդ ոգին իր կենարար ներգործութիւնը ունեցաւ 1918ի Մայիս 28ին, երբ յատկապէս վանեցի գաղթականներու պահանջով՝ Արամ հռչակուեցաւ Երեւանի դիկտատոր եւ մղիչ ուժը դարձաւ Մայիսեան Մեծագոյն Յաղթանակին։
Մայիս 3ը յուշարարն է ա՛յս պատգամին։
Այո՛, այսպէ՛ս,105 տարի առաջ, այսպիսի՜ գարնանային օր մը, Վանի հայութիւնը իր հողերէն հեռացուց թրքական ցեղասպան բանակին պարտուած ու բարոյալքուած վերջին զինուորը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ