Լաթվիոյ Սէյմի Մէջ Բանավէճ` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Շուրջ
07 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Լաթվիացի օրէնսդիրները, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առթիւ, վերարծարծած են հինգ տարի առաջ մարած` խորհրդարանական հռչակագիրի մակարդակով այդ ողբերգութիւնը ճանչնալու մասին բանավէճը: Այս մասին, ըստ «Ազդակ»-ի, կը գրէ ռուսական «Ռիմեմպրըն» կայքը: Նախաձեռնութեան հեղինակն են իշխող համախմբական կառավարութեան հինգ կուսակցութիւններէն երկուքը` նոր պահպանողական կուսակցութիւնը եւ «Զարգացման համար` կողմ»-ը:
Ըստ կայքին, աշխուժութեան դրդապատճառը չի թաքցներ` խորհրդանշական փոքր կամուրջներ հաստատել լաթվիացիներու «խորհրդային ցեղասպանութեան» եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ:
«Իբրեւ պետութիւն, հասարակութիւն` մեզի համար շատ կարեւոր է համերաշխութիւն յայտնել այլ փոքր ժողովուրդներու, որոնք մեզի նման 20-րդ դարուն ապրած են ողբերգական իրադարձութիւններ` զանգուածային սպանութիւններ, գազանութիւններ», յայտարարած է «Զարգացման համար` կողմ» կուսակցութեան համանախագահ Տանիէլս Փաւլիութսը:
«Իրողութիւնները իրենց անունով կոչելէ խուսափիլը, լռելը եւ ժխտելը իրականութեան մէջ ոճիրին մեղսակից ըլլալ է: Այդ պատճառով, այո՛, հասած է իրողութիւնները իրենց անունով կոչելու ժամանակը` ատիկա եղած է հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւն», նշած է Նոր պահպանողական կուսակցութեան երեսփոխան Լինտա Օզոլան:
Լոպիինկ կատարող երեսփոխանները Լաթվիոյ Սէյմի` Հայաստանի խորհրդարանի հետ համագործակցութեան խումբի անդամ չեն:
Նախաձեռնութիւնը կ՛ականահարէ վերոնշեալ կուսակցութիւններու համախմբական կառավարութեան մէջ գործընկեր` վարչապետի «Նոր միասնութիւն» կուսակցութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող հռչակագիրի ընդունման հարցին մէջ խմբակցութեան երեսփոխանները կը ներկայացնեն իրենց կուսակցութենէն երկրի արտաքին գործոց նախարար Էտկար Ռինքեւիչի պատճառաբանութիւնը` չվատթարացնել ՆԱԹՕ-ի գործընկեր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները: Այդ գծով արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Եանիս Պեքերիս ըսած է. «Լաթվիան մնայուն կերպով կը յիշէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի դէմ գործուած յանցագործութիւնները, սակայն զանոնք իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, որովհետեւ «տարածաշրջանին մէջ կարեւոր է պահպանել անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ համընդհանուր համագործակցութիւնը»:
yerakouyn.com/2020/05/06/լաթվիոյ-սէյմի-մէջ-բանավէճ-հայոց-ցեղաս/