ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Թող Մէկը Չհամարձակուի Մեզ Հարց Տալու Թէ Ի՞նչ Ենք Բանակցում

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Թող Մէկը Չհամարձակուի Մեզ Հարց Տալու Թէ Ի՞նչ Ենք Բանակցում

07 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Այս խօսքերը կը վերագրուին Վարչապետ Փաշինեանին։ Անոնք արտասանուած են յատենի ժողովոյ եւ ի պատասխան Ազգային Ժողովի պատգամաւորներէն մէկուն հարցման։ Ես չեմ տեսած Ազգային Ժողովի այդ նիստին տեսագրութիւնը. կ՚ապաւինիմ ականատես անձանց վկայութեան եւ կ՚ուզեմ ըսել հետեւեալը։

Հարցը հոս այն չէ, թէ որքա՞ն պատշաճ պատասխան է վերոյիշեալը ՀՀ գործադիր իշխանութեան պետին կողմէ հանրութեան քուէներով ընտրուած պատգամաւորի մը հարցումին, քաջ գիտնալով, որ ի վերջոյ ինք՝ Պր. Վարչապետը իշխանութեան եկած է Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու քուէներով…եւ հաշուետու է այդ ժողովին եւ որ այս բոլորը տնօրինողը ՀՀ Սահմանադրութիւնն է։

Այստեղ հարցը Արցախի բանակցային գործընթացն է, որ անցած է քուլիսներու ետին եւ ուր կը քննուին ոչ միայն Արցախի ապագան վճռող խնդիրները, այլեւ ընդհանրապէս հայ անկախ պետականութեան անվտանգութեան մեծ խնդիրը։ Հոս այլեւս հարցերը ընթացիկ բնոյթ չեն կրնար ունենալ եւ Պր. Վարչապետն ու ՀՀ ԱրտԳործՆախարարը չունին պերճանքը այս վճռորոշ խնդրին մէջ ինքնագլուխ տնօրինումներ ընելու։ Չունին պերճանքը քաղաքական ուժերու թեր ու դէմ տեսակէտները հաշուի չառնելու։

Յամենայն դէպս մէկ բան յստակ է։ Հայկական կողմը (յանձին ՀՀ կառավարութեան) հրապարակաւ մերժած է ՌԴ ԱրտԳործՆախարարին կողմէ վերջերս առաջադրուած «փուլային» տարբերակը։ Ուրախ ենք այս կարեւոր յստակացման համար։ Բայց նաեւ բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ հայկական կողմի բանակցողները կը շարունակեն բանակցիլ Մատրիտեան փաթեթի Քազանեան տարբերակը հիմ ընդունելով։

Թող ներուի մեզի այլեւս հարց չտալ այս մասին եւ պարզապէս ըսել, որ յիշեալ օրակարգով գործելը բացարձակապէս անօգուտ է եւ ապայժմէ։ Այս օրակարգը բանակցային չի կրնար համարուիլ այլեւս, քանի որ ան էապէս ազրպէյճանական օրակարգ է։ Ան միակողմանի է եւ անընդունելի։ Այս օրակարգէն շահողներն են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահող երկիրները, Ազրպէյճանն ու Թուրքիան։ Այս օրակարգէն տուժողներն են Արցախն ու Հայաստանը։ Փաթեթային ըլլայ, թէ փուլային՝ բացարձակապէս անհեթեթ բան է խօսիլ հողային զիջումներու մասին, երբ իրական խնդիրը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան կենսական խնդիրն է։ Հետեւաբար մերժե՛լ Մատրիտեան փաթեթը իր բոլոր կարծեցեալ «շնորհ»ներով եւ պահանջել անվտանգութեան հարցին շուրջ կառուցուած նոր օրակարգ։

Մատրիտեան-Քազանեան փաթեթով մենք մտած կը թուինք ըլլալ մենք մեզի դէմ բանակցելու վնասակար գործընթացին մէջ։ Այս մէկն իսկ բաւական է եզրակացնելու, որ այս փաթեթը արդէն վաղուց սպառած է ինքցինք։ Մենք պիտի խզենք այս անհարազատ պորտակապը եւ պահանջենք, որ բանակցային գործընթացը որդեգրէ այնպիսի օրակարգ, որ լուրջի առնուի, առաջին հերթին, Ազրպէյճանի կողմէ։ Արցախի բանակցային գործընթացը պիտի չըլլայ Ալիեւի քմահաճ խաղերու խաղավայրը։ Մենք պիտի չընդունինք այդ կարգավիճակը։ Իսկ բոլորին կողմէ պիտի յարգուին հայկական կողմի ազգային գերագոյն շահերը։ Այսքան պարզ։

Մայիս 7, 2020
Ուաշինկթըն

Génocide perpétré par l’Empire ottoman, aujourd’hui la Turquie – génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

www.aztagdaily.com/archives/472313

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail