ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԳԷՈՐԳ Ե․ ՍՈՒՐԷՆԵԱՆՑ․- Վտանգը եւ խիստ ծանր վտանգը քո դռանն է, հայ ժողովուրդ, զգոյշ եղիր եւ պատմութեան առաջ ծանր պատասխանատուութեան բեռի տակ մի ընկնիր
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
ԳԷՈՐԳ Ե․ ՍՈՒՐԷՆԵԱՆՑ․- «Վտանգը եւ խիստ ծանր վտանգը քո դռանն է, հայ ժողովուրդ, զգոյշ եղիր եւ պատմութեան առաջ ծանր պատասխանատուութեան բեռի տակ մի ընկնիր»
4 Մայիս 2020
Բարի լոյս՝ Ազգն ու Հայրենիքը կենսաւորող եւ սրբագործող աւանդներն ու արժէքները ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ պահելու եւ պահպանելու, այլեւ վերանորոգելու եւ զարգացնելու յանձնառութեամբ ՈՒՂԻ հունաւորող ու հարթող հայոց սերունդներուն։
Մայիս 4ի այս օրը, ուղիղ հարիւր տարի առաջ, 28 ՄԱՅԻՍ 1918ին նուաճուած ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դէմ յանդիման կանգնեցաւ իր կարճատեւ պատմութեան ամէնէն ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ՊԱՀՈՒՆ։
Հայաստանի խորհրդարանը արտակարգ նիստ գումարեց՝ կայացնելու համար վերածնեալ Հայաստանի ու Հայութեան ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎՃԻՌԸ․- Կա՛մ Լենին-Քեմալ սադրանքին դէմ ՄԵՐ գոյութեան իրաւունքը նուիրագործել, կա՛մ պատմութեան փոշեծածկ արխիւներուն մէջ անդարձ թաղուիլ․․․
Բարի լոյս՝ 1920ին հայ ժողովուրդին հաւաքական կամքը հաստատագրող եւ, հայոց ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺի շղթայազերծումով, ազատ ու անկախ Հայաստանի պաշտպանութեան համար մինչեւ ՎԵՐՋԻՆ ՇՈՒՆՉ պայքարելու զօրաշարժը իրագործած Անկախութեան Սերունդին։
Յուշատետրի փոստը ոչ միայն հակիրճ ներկայացուցած է հայոց նորագոյն պատմութեան այդ ծանրագոյն ու դաժան պահը, այլեւ լուսարձակի տակ առած է հայոց պետականութեան շուրջ համախմբուելու ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄը, որուն ամէնէն խօսուն եւ հնչեղ բանաձեւումը խտացուած է Ամենայն Հայոց ԳԷՈՐԳ Ե․ ՍՈՒՐԷՆԵԱՆՑ Կաթողիկոս Հայրապետի ԿՈՉին մէջ՝
«Հայ ժողովուրդ, համախմբուի՛ր քո հայրենի հանրապետութեան պահպանութեան գործի շուրջը. դա՛ է քո հայրենիքի փրկութեան միակ ճանապարհը… Վտանգը եւ խիստ ծանր վտանգը քո դռանն է, հայ ժողովուրդ, զգոյշ եղիր եւ պատմութեան առաջ ծանր պատասխանատուութեան բեռի տակ մի ընկնիր»։
Իսկ ատենի ընդդիմադիր Հայ Ռամկավար Կուսակցութիւնը դատապարտեց Մայիսեան Խռովութեանց պատասխանատուները եւ ահազանգ հնչեցուց, որ այդ կերպով պոլշեւիկ խռովարարները փաստօրէն մեր հայրենիքին սահմանները փորձեցին բանալ եւ «հրաւիրել» տաճիկ-ատրպէյճանական «գառնազգեստ գայլերը, որպէսզի մնացեալ հայութեան դիակներու վրայէն երթան ու միանան մեր դարաւոր թշնամիին՝ Էնվերի ու Թալէաթի հարազատ յաջորդ Մուսթաֆա Քեմալին»։
Բարի լոյս՝ օրհասական վտանգի պահերուն ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ պահուելու ԱՐԺԱՆԻ ԱՒԱՆԴը գերագոյն զոհաբերութեամբ անձեռնմխելի եւ անսակարկելի ԱՐԺԷՔի ՍՐԲԱԳՈՐԾՄԱՆ բարձրացնող հայոց ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։
Բարի լոյս՝ այսօր եւս Ազգի եւ Հայրենիքի ՄՆԱՅՈՒՆ արժէքները ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ պահելու, այդ հունով նաեւ ու մանաւանդ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ ինքնամաքրման ուղիով հզօրացնելու ՊԱՅՔԱՐԻՆ ջահը վեր բարձրացնողներուն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ